Հայաստանի Երկրորդ Բաժանումը

Հայաստանի Երկրորդ Բաժանումը, 575-ին պարսիկներն ու բիւզանդացիները կը համաձայնին եւ զինադադար կը կնքեն: Պարսկական արքունիքը օգտուելով այս առիթէն, նոր արշաւանքով կը փորձէ ընկճել հայ ապստամբները, սակայն յաջողութեան չի հասնիր: Հայերը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց կու տան պարսկական զօրքերուն: Ռազմական գործողութիւնները Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիայի միջեւ կը վերսկսին  576-ին: 580-ին բիւզանդական զօրքերու նոր հրամանատարներ կը նշանակուին Մորիկը (հետագային՝ կայսր) եւ ծագումով հայ Ներսէս զօրավարը, որոնք շարք մը մարտերու ընթացքին կը ջախջախեն պարսիկները եւ ատով կ՚որոշեն պատերազմի ելքը:

Պարսկա-բիւզանդական այս պատերազմներու հետեւանքները շատ ծանր կ՚ըլլան Հայաստանի համար, որ կը տրորուէր կռուող բանակներու ոտքերուն տակ: Հայ երիտասարդութեան զգալի մասը, առանձին զօրամասեր կազմած կը մասնակցին պատերազմական գործողութիւններուն՝ Բիւզանդիայի կողմը: Սակայն հայերու թափած արիւնը ոչ միայն չի գնահատուիր Բիւզանդիայի կողմէն, այլեւ վերջնական յաղթանակէն ետք, Մորիկ կը սկսի իրագործել «Հայաստանը՝ առանց հայերու» իր որդեգրած քաղաքականութեան գործադրումը:

Սեբէոս պատմիչ կը մէջբերէ Մորիկ կայսեր մէկ նամակը՝ ուղղուած պարսիկ Խոսրով թագաւորին, ուր հետեւեալը կը նշէ.

«Մեր երկուքի մէջ խոտոր եւ անհնազանդ ժողովուրդ մը կայ, որ կը պղտորէ: Եկո՛ւր, ես իմ մասի մէջ գտնուած հայերը հաւաքեմ եւ տեղափոխեմ Թրակիա, իսկ դուն քու մասի հայերը՝ Արեւելք: Եթէ մեռնին՝ մեր թշնամիները կը մեռնին, իսկ եթէ մեռցնեն, մեր թշնամիները կը մեռցնեն»:

Ահա այսպիսի նենգադաւութեամբ բիւզանդական կայսրը հայերուն Հայաստանէն արտաքսելու ծրագիր կը կազմէ եւ կը ձգտի զայն իրագործել կեանքին մէջ։ Անոր կարգադրութեամբ Հայաստանի մէջ կը կազմուի երկու հազար հոգիէ բաղկացած երկու գունդ՝ Սմբատ Մամիկոնեանի եւ Սմբատ Բագրատունիի գլխաւորութեամբ, Թրակիա ուղարկելու նպատակով: Սմբատ Մամիկոնեան իր գունդը կը տանի Կոստանդնուպոլիս՝ Սեբաստիոյ վրայով, իսկ միւս գունդը, չցանկալով հեռանալ հայրենիքէն, ճանապարհին կ՚ապստամբի եւ կ՚ամրանայ լեռներու մէջ։ Ապստամբութեան գլուխ կը կանգնի Սմբատ Բագրատունին, որուն կը միանան Բիւզանդիայէն դժգոհ այլ նախարարներ եւս: Շուտով բիւզանդացիները կը յաջողին ճնշել ապստամբութիւնը, գերել Սմբատ իշխանը եւ շղթայակապ տանիլ Կոստանդնուպոլիս[1]: Հայ զօրականը կը դատապարտեն մահուան՝ կրկէսի մէջ գիշատիչ գազաններուն առջեւ նետելու միջոցով: Սակայն Սմբատ, որ բարձրահասակ, թիկնեղ եւ ֆիզիքական մեծ ուժի տէր էր, կը սպաննէ զինք յօշոտելու նետուած գազանները, եւ կ՚արժանանայ հանդիսականներու, այդ թիւին՝  կայսեր հիացմունքին եւ ներումին:

Բիւզանդիան եւ Պարսկաստանը երկար բանակցութիւններէն ետք, 591-ին վերջնական համաձայնութիւն կը կնքեն եւ երկրորդ անգամ Հայաստանը կը բաժանեն իրարու միջեւ։ Այդ նոր բաժանումին համաձայն, Բիւզանդիային կ՚անցնի Հայաստանի մեծագոյն մասը՝ Տուրուբերանը եւ Արարատեան նահանգի մեծ մասը: Բաժանման սահմանագիծը կը դառնայ Ազատ գետը, Կոգովիտ գաւառը, Մակուն՝ մինչեւ Վանայ լիճը: Հայաստանի նոր բաժանումը ալ աւելի կը խորացնէ երկիրի քաղաքական անջատուածութիւնը:

591-էն մինչեւ 602 Մերձաւոր Արեւելքը, այդ թիւին նաեւ Հայաստանը, համեմատաբար կը գտնուի խաղաղ շրջանի մէջ։ Այդ խաղաղութիւնը այդքան ակնառու եղած է Զ. դարու 70-80ականներու անընդմէջ պատերազմներէն ետք, որ ժողովուրդի մէջ առածի կարգին անցած է.

«Անհոգ այնպէս նստած ես, կարծես Մորիկի ժամանակ ըլլայ»:

Սակայն խաղաղութիւնը նորէն կը խախտի Մորիկի սպաննութենէն ետք, Փոկասի գահակալութեան տարիներուն (602-610)[2]: Նորէն կը սկսին պատերազմական գործողութիւնները Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիայի միջեւ։

Է. դարու 30ականներուն պատմութեան ասպարէզ կ՚իջնէ արաբական խալիֆայութիւնը, որ կը դառնայ տարածաշրջանի ամէնէն ահեղ ուժը, ետ մղելով թէ՛ Բիւզանդիան, թէ՛ Պարսկաստանը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Հ. Գ. Ժամկոչեան, Ա. Գ. Աբրահամեան, Ս. Տ. Մելիք-Բախշեան, Ս. Պ. Պօղոսեան «Հայ ժողովրդի պատմութիւն․ սկզբից մինչև XVIII դարի վերջ», էջ 314-316
  2. Հ. Գ. Ժամկոչեան, Ա. Գ. Աբրահամեան, Ս. Տ. Մելիք-Բախշեան, Ս. Պ. Պօղոսեան «Հայ ժողովրդի պատմություն․ սկզբից մինչև XVIII դարի վերջ», էջ 316-318
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։