Հայերը Երուսաղէմի մէջ
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Հայերը Երուսաղէմի մէջ հաստատուած են վաղնջական ժամանակներէն։ Անոնց ներկայութիւնը վկայուած է դեռեւս նախաքրիստոնէական ժամանակներուն՝ պատմական հեռաւոր անցեալին։
Իբրեւ ձեւաւորուած համայնք, Երուսաղէմի հայկական համայնքը Միջնադարէն մինչ օրս կը գործէ։ Սկզբնական ժամանակներուն Երուսաղէմ մեկնած են հիմնականին հայ ուխտագնացներ եւ հոգեւորականներ, որոնք կ՚այցելէին Յիսուս Քրիստոսի գերեզմանը։ Բացի այդ, Երուսաղէմ կը մեկնէին նաեւ հայ ուսանողներ եւ առեւտրականներ։
Անկէ ետք անոնց հիմնական մասը հաստատուեցաւ քաղաքին մէջ։
Այսօր Երուսաղէմի մէջ կը բնակի շուրջ 3 հազար հայ՝ հիմնականին արհեստաւորներ, բժիշկներ, ձեռնարկատէրեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ։ Այստեղ կը գտնուի Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը՝ Սրբոց Յակոբեանց վանքով ու վանքապատկան կալուածքներով, հայկական տպարանով։
Երուսաղէմը հայ մշակոյթի եւ մատենագիտութեան կեդրոններից է։ Սրբոց Յակոբեանց վանքի թանգարանին մէջ կը պահուին տարբեր ժամանակներու ուխտաւորներու ձեռքով Երուսաղէմ բերուած հայ վարպետներու պատրաստած ոսկիէ, արծաթէ, փայտէ իրեր, ձեռագրակազմեր, կանթեղներ, վարդապետական եւ եպիսկոպոսական գաւազաններ, Կիլիկիոյ հայոց թագաւոր Հեթում Ա.-ի մականը, Թորոս Ռոսլինի նկարազարդ ձեռագրերու հիմնական մասը։ Վանքի ձեռագրատան մէջ կը պահուի հայերէն ձեռագրերու՝ աշխարհի երկրորդ հաւաքածոն։
Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման, հայապահպանութեան կ՚աջակցին Հայկական բարեսիրական, Հայ երիտասարդաց միութիւնները, «ՀԵՄ» եռամսեայ թերթը, «Սիոն» գրական ամսագիրը։
Կը գործեն երգի-պարի, թատերական խումբեր, Երուսաղէմի ժառանգաւորաց եւ Սրբոց թարգմանչաց վարժարանները։ Փօքրաթիւ հայեր կ՚ապրին նաեւ Իսրայէլի այլ քաղաքներու մէջ։
Պատմութիւն
Խմբագրել6-րդ դարուն Երուսաղէմ կ՚այցելէ վարդապետ Անաստասը, որ ուխտագնացութենէն բացի Երուսաղէմ եկած էր որոշ ուսումնասիրութիւններու համար։ Ըստ անոր վկայութեան, Երուսաղէմի հայակական եկեղեցիներու թիւը կը հասնի եօթանասունի։
Վիկթոր Ազարիայի «Երուսաղէմի հայկական թաղամասը» աշխատութեան մէջ կը նշուի, որ Հին Երուսաղէմի մէջ հայերը ունեցած են իրենց առանձին թաղամասը։
Արաբական նուաճումներէն ետք Երուսաղէմի մէջ ստեղծուած իրադրութիւնը հայ համայնքի համար աւելի բարեկեցիկ էր, քանի Բիւզանդիոյ կառավարութեան շրջանին։
7-11-րդ դարերուն Երուսաղէմի վրայ իշխող արաբ եւ իսլամադաւան այլ իշխանաւորներ ճանչցած են հայ համայնքի ինքնուրոյնութիւնն ու անոր իրաւունքները որոշ քրիստոնէական սրբավայրերու նկատմամբ։ 11-րդ դարուն Երուսաղէմի հայկական թաղամասը, որ հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մէկն է, արդէն իսկ զբաղեցուցած է իր ներկայիս (շուրջ 120000 մ) տարածքը։ Կիլիկեան հայոց թագաւորներու օրօք հայերը աւելի ամրացած են Երուսաղէմի մէջ Քաղաքի հայ բնակչութիւնը աւելցած է 11-րդ դարու վերջը -12-րդ դարու սկիզբը, երբ այն նուաճած են խաչակիրները, որոնց բանակին մէջ եղած են հայեր Կիլիկիայէն եւ Սուրիայէն: Կիլիկիոյ Թորոս Բ. իշխանապետի (1145-1169) եւ Երուսաղէմի թագաւոր Ամալրիխի (1162-1173) միջեւ բանակցութիւններ եղած են 30 000 հայերու Կիլիկիայէն Պաղեստին վերաբնակեցնելու վերաբերեալ (Երուսաղէմի թագաւորութեան ռազմական ուժը մեծցնելու նպատակով)։
Երուսաղէմի մէջ բնակող հայերը հիմնականին կեդրոնացած էին քաղաքի փողոցներէն մէկուն մէջ, որ կը կոչուէր Հայկական։ Պատմիչները կը վկայեն, որ այդ շրջանին Երուսաղէմի մէջ հաստատուած հայկական միաբանութեան անդամներու թիւը հասած է 500-ի, իսկ աշխարհիկ բնակչութիւնը շուրջ 1000 ընտանիք էր։