Հայկ Փափազեան (արբ.՝ هايغ بابازيان), լիբանանահայ երաժիշտ, Մաշրու Լէյլա ռոք խումբին գլխաւոր ջութակահարը:

Հայկ Փափազեան
Ծնած է 8 Դեկտեմբեր 1987(1987-12-08) (36 տարեկան)
Ծննդավայր Պուրճ Համուտ, Մաթնի շրջան, Լեռնային Լիբանանի նահանգ, Լիբանան
Կրթութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն ջութակահար, ճարտարապետ
Կայք haigpapa.com(անգլերէն)

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Հայկ Փափազեան ծնած է 1986-ին, Պէյրութի արեւելեան հայկական թաղամասին՝ Պուրճ Համուտի մէջ։ Մեծնալով Լիբանանի հայ համայնքին մէջ, Հայկ շատ կանուխ տարիքէն հմայուած է արուեստով եւ երաժշտութեամբ: Մտած է Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական ​​դպրոցին, ուր առաջին անգամ սկսած է ջութակ նուագել։

Հայկ ճարտարապետութիւն աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ (2009) եւ ճարտարապետութեան պատմութեան մագիստրոսի կոչում ստացած է UCL-ի Պարթլեթի ճարտարապետութեան համալսարանէն[1]:

Երբ 2008-ին ճարտարապետութիւն կ'ուսանէր, Փափազեան Մաշրու Լէյլա ռոք խումբի հիմնադիրներէն եղած է[2][3]: Երաժշտական ասպարէզէն անդին, ստացած է քանի մը ակադեմական մրցանակներ եւ արժանացած՝ «Ֆաուզի Ազար» ճարտարապետութեան մրցանակին (անգլ.՝ Fawzi Azar Architectural Award) 2008-ին, Պէյրութի թանգարանի նախագծման ճարտարապետական ​​մրցոյթին յաղթելէ ետք։[4]

Փափազեան ներկայացած է յորդանանեան My.Kali պարբերաթերթի կողքին վրայ[5][6], ինչպէս նաեւ Rolling Stone պարբերաթերթի Միջին Արեւելեան տարբերակին կողքին վրայ իբրեւ անդամ Մաշրու Լէյլա խումբին[7]:

Մասնակցած է «Home Workspace 2011-2012» ծրագրի Աշքալ Ալուանի անկախ արուեստի ուսումնասիրութեան ծրագրի մեկնարկային հրատարակութեան, զոր կը ղեկավարէին Փրոֆ. Էմիլի Ճաքիրը եւ հրաւիրեալ նկարիչ դասախօսներ, ներառեալ Ալֆրետօ Ճարը, Ֆրանքօ Պերարտին, հիթօ Սթէյէրլը եւ Հասան Խանը:

Հայկ Փափազեանի՝ «Անցումային ժամանակի հերոսները» տեսերիզներու եւ գծագիրերու տեղադրումը կը հեռանայ Լիբանանի հայ համայնքի արքետիպային տղամարդու, հերոսի եւ նահատակի պատմական պատկերներէն, որոնց միջոցով կարելի է հասկնալ հերոսութեան թերի տրամաբանութիւնը:

Փափազեանի արուեստը ներկայացուած է Պէյրութի, Պոննի, Լոնտոնի, Թրոնտէյմի եւ Նիւ Եորքի մէջ[8]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել