Հայր Սահակ Կոգեան
Հայր Սահակ Կոգեան (28 Փետրուար 1895, Ախալցխա - 1 Ապրիլ 1963, Հռոմ[1]), եպիսկոպոս, գրագէտ։
Սահակ Կոգեան | |
---|---|
Ծնած է | 28 Փետրուար, 1895 |
Ծննդավայր | Ախալցխա |
Մահացած է | 1 Ապրիլ, 1963 |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Կարողութիւն | 12 լեզուներ տիրապետել. |
Մասնագիտութիւն | Եպիսկոպոս, գրագէտ. |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՆախնական կրթութիւնը կը ստանայ իր ծննդավայրին մէջ։ Կը սորվի հայերէնի կողքին ռուսերէն եւ վրացերէն: 1906-ին կու գայ Վիեննա: Մխիթարեաններու մօտ կ'առնէ իր բարձրագոյն դաստիարակութիւնը եւ ուսումը։ Վիեննայի պետական համալսարանէն կը վկայուի՝ Աստուածաբանութեան Տոքդոր։ Մխիթարեան վարդապետ կը ձեռնադրուի 1921-ին։
Մայր վանքին մէջ զանազան պաշտօններ ձեռնհասօրէն վարելէ ետք, կ'առաքուի 1927-ին Պուլկարիա: Կը հիմնէ յաջորդ տարին Պլովդիւ՝ հայաշատ քաղաքին մէջ Մխիթարեան Վարժարան։ Կը վարէ երեք տարի անոր տնօրէնութիւնը։ 1930-ին կը կարգուի ռումանահայ գաղութին Առաքելական Կառավարիչ։ 1939-ին կը հրաժարի բարձր պաշտօնէն, ու կը մեկնի Պոսթըն, հիմնելու Մխիթարեան առաջին կայանը։ 1950-ին կ'օծուի Եպիսկոպոս, ու այդ «Թագուն Կանչը» կը դառնայ Քարտինալ Աղաճանեանին Փոխանորդը պատրիարքական։
Հռոմ կը մահուան 1 Ապրիլ 1963-ին։
Գիտէր 12 լեզու, եւ զանոնք կը գրէր ու կը խօսէր կատարելապէս։ Կը կոչուէր հռետոր։
Հրատարակած է տասնեակ մը հատորներ - բանասիրական, պատմական եւ ջատագովական, որոնցմէ մէկն է՝ «Մինչեւ Ցե՞րբ, Տէր, Մինչեւ Ցե՞րբ»:
Ծանօթագրութիւն
Խմբագրել- ↑ «Անարատ Յղութեան Միաբանութիւնը եւ ապրիլ 24-ը` խոկումներ»։ www.archivioradiovaticana.va։ արտագրուած է՝ 2019-09-26
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մինչեւ Ցե՞րբ, Տէր, Մինչեւ Ցե՞րբ, Սահակ Կոգեան, 1975: