Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայագիտութեան Կեդրոն

«Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հայագիտութեան կեդրոն», Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր-Նախիջեւանի թեմի գիտական կեդրոն Մոսկուայի մէջ[1]։

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հայագիտութեան Կեդրոն
Տեսակ Թանգարան
Երկիր  Ռուսիա
Տեղագրութիւն Մոսկուա
Հասցէ Մոսկվայի օլիմպիական պողոտա 9
Հիմնադրուած է 2017
Կայքէջ armenianchurch.ru

Պատմութիւն Խմբագրել

Հայագիտութիւնը գիտութեան անկախ ճիւղերէն է, որ կը զբաղուի հայոց լեզուի, հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի ուսումնասիրութեամբ[2][3]։ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի Հայագիտութեան կեդրոնը կազմաւորուած է Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի թեմի առաջնորդ՝ պատրիարքական Էկզարխ Եզրաս արքեպիսկոպոսի օրհնութեամբ, որպէս պատմական աւանդոյթներու շարունակութիւն ռուս եւ օտարերկրեայ փորձագէտներու, կազմակերպութիւններու եւ եկեղեցւոյ մասնակցութեամբ հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ մշակոյթի հարցերուն մէջ լայն եւ բեղմնաւոր գործունէութեան համար բարենպաստ հարթակ։ Հայագիտութեան կեդրոնի կառուցուածքը բաղկացած է գիտական խորհուրդէ, որու կազմին մէջ ընդգրկուած են 9-12 փորձագէտներ, փրոֆեսորներ, հայագիտութեան բնագաւառի թեկնածուներ եւ գիտութիւններու դոկտորներ ու գիտական քարտուղարներ (կատարողներ)։

Գործունէութիւն Խմբագրել

Հիմնական խնդիրները.

  • Կապերու հաստատում հայոց պատմութեան, մշակոյթի, բանասիրութեան, գրականութեան, արուեստի բնագաւառին մէջ հայկական կազմակերպութիւններու եւ փորձագէտներու (ռուսական եւ օտարերկրեայ) հետ եւ անոնց միջեւ համագործակցութեան համակարգում/զարգացում, աջակցութիւն
  • Սեփական գրադարանի, տեսադարաններու ստեղծում, զանգուածային գիտամշակութային միջոցառումներու կատարում (շնորհանդէսներ, ասուլիսներ, աջակցութիւն տաղանդաւոր երիտասարդներուն։

Գիտական գործունէութիւնը կը միաւորէ 4 բաժիններ՝ լեզուի, պատմութեան, գրականութեան, արուեստի բաժիններ։ Կազմակերպչական գործունէութիւնը կը ներառէ համաժողովներու, սեմինարներու, կլոր սեղաններու կազմակերպում, դասախօսութիւններու, ստեղծագործական երեկոներու, շնորհանդէսներու, ցուցահանդէսներու կազմակերպում, հրատարակչական գործունէութիւն, համագործակցութիւն հայկական եւ ռուսական գիտական կեդրոններու հետ, համատեղ հետազօտական նախագծերու, միջոցառումներու մշակում, համագործակցութիւն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու (թեմական գիմնազիա) հետ, ուսուցում, հայերէն առարկաներու վերահսկում, գիտական կադրերու պատրաստում, Հայաստանի երիտասարդական կազմակերպութիւններու գործունէութեան (համագործակցութեան) հարթակի ստեղծում, աջակցութիւն տաղանդաւոր երիտասարդներուն։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Российская и Ново-Нахичеванская Епархия Святой Армянской Апостольской Православной Церкви
  2. Армянская советская энциклопедия. —Ер., 1980. — Т. 6. — С. 130.
  3. Павел Вячеславович Густерин Становление востоковедения как науки. Archived 2016-03-04 at the Wayback Machine.

Արտաքին յղումներ Խմբագրել