Հիպոկրատը[1] կամ Հիպոկրատեսը (յունարէն՝ Ιπποκράτης, Hippokrates), հին յոյն բժիշկ, փիլիսոփայ, հին բժշկութեան բարենորոգիչ, կը համարուի բժշկութեան հայրը։ Ան բժշկութիւնը ձերբազատած է քրմական ազդեցութենէն եւ որոշած անոր ինքնուրույն զարգացման ուղին։ Անոր նշանաբանն է՝ բուժել մարմինը ամբողջութեամբ, ոչ թէ՝ մասամբ։ Հիպոկրատին երդումը տարածուած է աշխարհով մէկ, եւ կ'արտասանուի աշխարհի գրեթէ բոլոր բժշկական համալսարաններու աւարտական հանդէսներուն ընթացքին։

Հիպոկրատ
հին յուն․՝ Ἱπποκράτης
Ծնած է ՔԱ460
Ծննդավայր Քոս, Կոս, Հարաւային Էգէականի շրջան, Յունաստան
Մահացած է ՔԱ370
Մահուան վայր Լարիսա, Յունաստան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, փիլիսոփայ
Երեխաներ Thessalus?

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Կոս կղզիին մէջ, բժիշկի ընտանեկան յարկին տակ։ Կ'ենթադրեն, որ ան կը պատկանէր բժիշկներու ժառանգական ընտանիքի 17-րդ սերունդին։ Բժշկական կրթութիւն ստացած է հօր մօտ, ծնողքին մահէն ետք՝ շարունակած Աթէնքի մէջ։ Հետագային շրջած է Յունաստան, Եգիպտոս, Փոքր Ասիա, Լիբանան, Սեւ ծովու ափերուն, սկիւթացիներուն քով եւ ծանօթացած Մերձաւոր Արեւելքի ու Եգիպտոսի ժողովուրդներու բժշկութեան[2]։ Մեզի հասած են Հիպոկրատի շարք մը գործեր, որոնք հին Յունաստանի այլ բժիշկներու գործերուն հետ միատեղ մտած են Հիպոկրատի ժողովածուին մէջ։ Հիպոկրատ կը սորվեցնէր, որ բժիշկը պէտք է բուժէ ոչ թէ հիւանդութիւնը, այլ՝ հիւանդը, ուշադրութիւն դարձնելով կառուցուածքին անհատական առանձնայատկութիւններուն եւ արտաքին միջավայրին վրայ։ Հիպոկրատ կը համարուի բժշկական աշխարհագրութեան նախահայրը։ Հիպոկրատ ըստ սահմանադրութեան մարդիկը բաժնած է 4 խումբի՝ նշելով, որ իւրաքանչիւր խումբ որոշակի հիւանդութիւններու նկատմամբ ունի նախատրամադրուածութիւն։ Հիպոկրատ մշակած է ախտորոշագիտութեան կարեւոր հարցերը, հաստատած հիւանդութեան զարգացման հիմնական շրջանները, ստեղծած ուսմունք կանխագուշակման մասին եւ սկիզբ դրած հիւանդութեան ընթացքի նկարագրման (հիւանդութեան պատմութիւն)։ Հիպոկրատի հիւանդներու հետազօտման ատեն օգտուած է զննման, շօշափման, ընդբախման եւ լսելու ձեւերէ։ Նկարագրած է բազմաթիւ ախտանշաններ։ Հիւանդութեան պատճառները բաժնած է երկու խումբի՝ ընդհանուր, գերազանցապէս արտաքին (կլիմայի, օդի, ջուրի, սնունդի ազդեցութիւն) եւ անհատական (տարիք, սեռ, սովորություններ, ժառանգականութիւն)։ Յառաջ տարած է բուժման սկզբունքներ՝ օգուտ տալ եւ չվնասել, հակադիրը բուժել հակադիրով, օգնել բնութեան եւ, պահպանելով զգուշութիւն, խնայել հիւանդին։ Հիպոկրատ ծանօթ է նաեւ իբրեւ նշանաւոր վիրաբուժ։ Մշակած է վիրակապերու կիրարկման, կոտրուածքներու եւ յօդացաւերու, վէրքերու, թութքի, բուժման եղանակներ։ Հիպոկրատի անուան հետ կը կապեն բժիշկի երդումը։ ժամանակակից բժշկութեան մէջ պահպանուած են շարք եզրեր՝ Հիպոկրատի երդում, Հիպոկրատի ժողովածու, Հիպոկրատի դէմք, Հիպոկրատի եղունգ, Հիպոկրատի աթոռ, եւ այլն։ Նկատի առնելով բացառիկ ծառայութիւնները համաշխարհային բժշկագիտութեան համար՝ Հիպոկրատը կ'անուանեն բժշկութեան հայր։ Հիպոկրատի գործերը նպաստած են նաեւ միջնադարեան Հայաստանի բժշկագիտութեան զարգացման։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Յովհաննէս Բարսեղեան (2006)։ «Աշխարհագրական անունների հայերեն տառադարձության մասին որոշում»։ Տերմինաբանական եւ ուղղագրական տեղեկատու։ Երեւան: 9-րդ հրաշալիք։ էջ 58։ ISBN 99941-56-03-9 
  2. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-12-ին։ արտագրուած է՝ 2023-01-20