Հնդկական Ժողովրդական Ապստամբութիւն

Հնդկական ժողովրդական ապստամբութիւն, տեղի ունեցած է 18571859 թթ. անգիլական տիրապետութեան դէմ։ Աւարտած է ապստամբութեան ճնշմամբ եւ Օստ-Հնդկական ընկերութեան վերացմամբ, որուն հետեւանքով Հնդկաստանը կ՛անցնի Անգլիական գահի ուղիղ ենթակայութեան տակ։ Ապստամբութիւնը առաջ բերաւ տարբեր կարծիքներու բուռն ալիք[1][2][3], ինչպէս անգլիական մամուլին եւ գրականութեան մէջ (ներառեալ Չարլզ Դիքենսի ռասիստական մեջբերումները), ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի մէջ ուր առաջ եկան Ռուսական կայսրութեան հետ դաշնակցելու գաղափարներ Անգլիական կայսրութեանը Ասիայէն դուրս հանելու նպատակով։

Հնդկական Ժողովրդական Ապստամբութիւն
Սիփահիներու ապստամբութիւնը անգլիացիներու դէմ
Թուական մայիս 1857 թ. — ապրիլ 1859 թ.
Վայր Փենջաբ–Բենգալիա (Հնդկաստան)
Արդիւնք Ապստամբութեան ճնշումը
Օստ-Հնդկական ընկերութեան վերացումը: Հնդկաստանը կ՛անցնի Անգլիական գահի ուղիղ ենթակայութեան տակ:
Հակառակորդներ
Անգլիական Օստ-Հնդկական ընկերութիւն

United Kingdom Անգլիական կայսրութեան բանակը
Հնդկաստանի 20 իշխանութիւնները եւ
Նեպալը

Սիփահիներ

Հնդկաստանի 7 իշխանութիւններ
(Մեծ Մողոլներու կայսրութիւն)
Հնդկաստանի բնակչութիւն

Հրամանատարներ
Քոլին Քեմփբել Բահադուր Շահ II
Տանտիա Տոպի
Կողմերու ուժեր
անյայտ անյայտ
Կորուստներ
անյայտ անյայտ

Պատճառներ Խմբագրել

Պատճառներն էին՝ հարկերու ծանրացումը, բրահմաններու (անոնցմէ կը կազմուէր բենգալական բանակը) հարկային արտոնութեան, սիփահիներու (տեղական բնակչութենէն հաւաքագրուած վարձկան զինուորներ) որոշ իրաւունքներու վերացումը, մեծ ֆեոդալներու մէկ մասի հողազրկումը, անգլիական ապրանքներու հոսքի հետեւանքով հնդկական արհեստագործութեան անկումը։ Անգլիացիներու վարած քաղաքականութիւնը լեցուցած էր բնակչութեան համբերութեան բաժակը եւ ապստամբութիւն սկսելու համար միայն առիթ էր անհրաժեշտ։ Առիթ հանդիսացաւ սիփահիներու սպառազինութեան տակ անցած նոր Էնֆիլդի հրացանը[4]:

 
Սիփահիները 1820-ականներուն

Փամփուշտը, որը անհրաժեշտ էր բանալ կծելով, ներծծուած էր կովի եւ խոզի ճարպով (կովը հինդուիզմի մէջ կը համարուի սուրբ կենդանի, իսկ խոզը իսլամներու մօտ արգիլուած էր): Չնայած անոր, որ սիփահիներու ջոկատները խառը կազմ ունէին, հինդուստները եւ իսլամները յաջողեցան համաձայնութիւն ձեռք բերել եւ սկսաւ ապստամբութիւնը։ Ապստամբութեան շարժիչ ուժը ժողովրդական զանգուածներն էին, ռազմական միջուկը՝ սիփահիները, սակայն ղեկավարութեան մէջ կարեւոր դեր կը խաղային աւատականները։

Ընթացքը Խմբագրել

Ապստամբութիւնը սկսած է բենգալական բանակին մէջ։ 10 մայիս 1857-ին սիփահիներու երեք գունդ, ապստամբեցան եւ գացին Դելի, ուր անոնց աջակցեցան տեղի սիփահիներն ու բնակչութիւնը։ Ապստամբները հռչակեցին Մեծ Մոնկոլներու կայսրութեան վերականգնումը եւ գահ բարձրացուցին գահաժառանգ Բահադուր շահ II-ին։

Կանպուրի եւ Լակհնաուի կառավարութիւնը Խմբագրել

Դելիից բացի, ուր Բահադուր Շահ II-ի կառավարութենէն զատ ստեղծուած էր նաեւ սիփահիներու եւ քաղաքացիներու բարձրագոյն վարչական խորհուրդ, երկու այլ վայրերու մէջ (Կանպուր եւ Լակհնաիի) եւս առաջացած էին ապստամբական ինքնուրոյն կեդրոններ եւ կառավարութիւններ։ Ապստամբներու ղեկավարութեան պաշտպանական ռազմավարական անգլիացիներուն հնարաւորութիւն տեւեց ապստամբներու մէկ մասին մեկուսացնել Գանգեսի հովիտին մէջ։ 15 յուլիս եւ 16 յուլիս 1857-ին անգլիացիները պարտութեան մատնեցին Կանպուրի ապստամբներուն, իսկ 19 սեպտեմբեր-ին, 4 ամիս պաշարելէ ետք, գրաւեցին Դելին։ Ապստամբութեան կեդրոն դարձաւ Աուդը։ 19 մարտ 1858-ին գաղութարարները գրաւեցին նաեւ Լակհնաուն։

Պարտիզանական շարժում Խմբագրել

Ապստամբները անցան պարտիզանական պատերազմի, որուն ընթացքին ռազմական հմուտ գործողութիւններով աչքի մտան ապստամբութեան շատ ղեկավարներ՝ Ահմէդ-շահը, Մաուլավին, Լակշմի-Բաին, եւ ուրիշներ։ 1 նոյեմբեր 1858-ին հրապարակուեցաւ Վիքթորիա թագուհիի օրակարքը ապստամբութեանը մասնակցած աւատականները ներելու վերաբերեալ, որուն հետեւանքով աւատականներու վերնախաւը հեռացաւ ապըստամբութենէն։ Մինչեւ ապրիլ 1859 գաղութարարները ճնշեցին պարտիզանական շարժումները։ Անգլիացիները դաժան հաշուեհարդար տեսան պարտուած ապստամբներու հետ։

Պարտութեան պատճառներ Խմբագրել

Ապստամբութեան պարտութեան հիմնական պատճառներն էին՝ անգլիացիներու ռազմական գերազանցութիւնը, ապստամբ աւատական ու գիւղացիներու հեաապնդած տարբեր նպատակները, իսկ Հնդկաստանի ժողովուրդներու տարանջատուածութիւնը օգնեց գաղութարարներուն մեկուսացնել ապստամբութեան հիմնական օճախը եւ անոր մարման վրայ կեդրենացնել Փենջաբի, Բենգալիայի եւ Դեկանի ամբողջ ուժերը։

Հետեւանքներ Խմբագրել

Անգլիացիները հարկադրուած էին փոխել իրենց քաղաքականութիւնը Հնդկաստանի մէջ։ Դեռեւս 2 օգոստոս 1858-ին Անգլիական Պարլամենտը որոշում կայացուց վերացնել Անգլիական Օստ-Հնդկական ընկերութիւնը: Շարք մը օրէնքներով ամրապընդուեցան հնդիկ իշխաններու եւ կալուածատէրերու հողատիրական իրաւունքները։ Գիւղացիներու դժգոհութիւնը հաշուի առնելով՝ հրապարակուեցան օրրէնքներ վարձակալութեան վերաբերեալ, որոնք որոշ չափով սահմանափակեցին զամինդարիների (հողատերերու) կամայականութիւնը։

Գրականութիւն Խմբագրել

  • Malcolm X's autobiography The Autobiography of Malcolm X details his first encounters with atrocities in the non-European world and his reaction to the rebellion and massacres in 1857.
  • John Masters's novel Nightrunners of Bengal, first published by Michael Joseph in 1951 and dedicated to the Sepoy of India, is a fictionalised account of the Rebellion as seen through the eyes of a British Captain in the Bengal Native Infantry who was based in Bhowani, itself a fictionalised version of the town of Jhansi. Captain Savage and his turbulent relationship with the Rani of Kishanpur form an analogous interrelationship of the Indian people and the British and sepoy regiments at that time.
  • J. G. Farrell's 1973 novel The Siege of Krishnapur details the siege of the fictional Indian town of Krishnapur during the Rebellion.

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Chakravarty, G. (2004), The Indian Mutiny and the British Imagination, Cambridge University Press 
  2. Herbert, C. (2008), War of No Pity: The Indian Mutiny and Victorian Trauma, Princeton University Press 
  3. Judd, D. (2005), The Lion and the Tiger: The Rise and Fall of the British Raj, 1600–1947, Oxford University Press 
  4. «The Indian Mutiny»