Հոգեւոր Երաժշտութիւնը Թ.- Ժգ. Դարերուն
Հոգեւոր Երաժշտութիւնը Թ.- Ժգ. դարերուն Բուն միջնադարեան հայկական արուեստի զարգացման սկիզբ, յատկապէս՝ Գրիգոր Նարեկացիի երաժշտա–բանաստեղծական ստեղծագործութեամբ[1]:
Զարգացման նպաստող պայմաններ
ԽմբագրելՀայ աշխարհիկ մշակոյթի արագ զարգացումը նպաստած է հոգեւոր երաժշտութեան զարգացման՝ յատկապէս տաղային արուեստին: Շնորհիւ միջնադարու մեծագոյն բանաստեղծ եւ երաժիշտ Գրիգոր Նարեկացիին՝ հոգեւոր տաղերը նոր շունչ կը ստանան: Անոնք, ձերբազատելով հին կարծրացած ձեւերէն եւ կրելով աշխարհիկ տաղերու ազդեցութիւնը, կը դառնան աւելի ազատ եւ անկաշկանդ՝ ճշմարտացիօրէն արտայայտելով կեանքի երեւոյթները: Հոգեւոր տաղերը կը կատարուէին եկեղեցական տօներուն:Թ.-Ժգ.դարերուն դարերուն մեծ վերելք կ'ապրի նաեւ շարականներու արուեստը, որ պայմանաւորուած էր «շարականներու մեծագոյն վարպետ» Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութեամբ:
Արեւմտաեւրոպական երաժտութեան պատմութեան մէջ Վերածնունդի դարը եւ Ներսէս Շնորհալին
ԽմբագրելԱրեւմտաեւրոպական երաժտութեան պատմութեան մէջ Վերածնունդի (Renaissance) դարը կը նկատուի Ժզ. դարը, երբ որոշ գերմանացի եւ իտալացի երաժշտահաններ երաժշտութիւնը եկեղեցւոյ կալանքներէն ձերբազատելու համար կը դիմեն եւրոպական աշխարհիկ երգի օժանդակութեան: Նոյն մտայղացումը կ'ունենայ Ներսէս Շորհալին Ժբ. դարուն: Ան կ'ընտրէ աշխոյժ եւ կայտառ կշռոյթ ունեցող ժողովրդային ծանօթ եղանակներ եւ անոնց յարմարցնելով կրօնական իմաստ ունեցող խօսքեր՝ կը ստեղծէ եկեղեցական երգեր: Շնորհալի նաեւ եկեղեցական աղօթքներ կամ սաղմոսներ կը յարմարցնէ աշխարհիկ կեանքին:Այսպիսով պահպանած ըլլալով դարերու ընթացքին մշակուած աւանդական ձեւերը, հոգեւոր երաժշտութիւնը կ'ապրի զարգացման նոր շրջան մը: Ներսէս Շնորհալին իր արուեստին խորքով, անոր տարողութեամբ եւ արժէքով համաքրիստոնէական մեծագոյն երեւոյթներէն մէկն է: Ան եղած է ոչ միայն երաժտահան, այլեւ իր օրերու լաւագոյն երգիչ կատարողներէն մէկը: Ներսէս Շնորհալի ճանչցուած է իբրեւ շարականներու մեծագոյն վարպետը: Դարեր շարունակ Շնորհալիի «Առաւօտ Լուսոյ», «Նորահրաշ» եւ «Զարթիք, փառք իմ» երգերը, ինչպէս նաեւ Արեւագալի շարականները մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են եւ դարձած ազգային երգեր:Շնորհալի հանդէս եկած է իբրեւ հոգեւոր երաժշտութեան նորարարը: Ան կարգաւորած է հայոց պաշտօներգութիւնը եւ ճոխացուցած է բազմաթիւ ու բազմատեսակ ստեղծագործութիւններով:
Գրիգոր Նարեկացին՝ երաժիշտ
ԽմբագրելԳրիգոր Նարեկացի, իբրեւ երաժիշտ, նոր շունչ եւ կեանք տուած է հայ միջնադարեան արհեստավարժ երգարուեստին: Իբրեւ բանաստեղծ եւ երաժիշտ՝ ան առաջինը գործածած է գուսանական տաղերու ձեւը եկեղեցական բանաստեղծութեան համար: Նարեկացիի «Ահեղ ձայնն», «Սայլն այն իջանէր», «Հաւուն, հաւուն» տաղերը խոր ու իմաստուն միտքերու եւ յոյզերու աշխարհ մը կը ներկայացնեն: Յատկապէս իր տաղերուն երաժշտական բաղադրիչներուն մէջ յաղթահարուած են շարականներու հին, ութ-ձայնի դրութեան կապուած եղանակներու կազմութեան՝ տուեալ պատմաշրջանի համար արդէն քարացած ձեւերը։ Ընդհանրապէս նախատեսուած չըլլալով պարտադիր-կիրառական նպատակներու համար՝ տաղերը ազատ մնացած են եկեղեցական կանոնական մտածողութենէն ու աւելի անկաշկանդ (քան, օրինակ, շարականները) հարստացած են ժող-գուսանական արուեստէն եկող կենսունակ տարրերով։
Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի կաթողիկոս եւ Համամ Արեւելցի
ԽմբագրելԹ. դարուն Մաշտոց Ա. Եղիվարդեցի կաթողիկոս կը կարգաւորէ հայոց գլխաւոր ծիսարաններէն մէկը՝ «Մաշտոցը»։ Երգահաններէն յիշատակելի է Համամ Արեւելցին, իր զղջական «Հայր երկնաւոր» շարականով։ Ժ. դարուն հայոց ծիսական մատեաններէն կը կարգաւորուին նաեւ՝ Տօնացոյցն ու «Հռոմադիր» կոչուած Յայսմաւուրքը։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Հոգեւոր Երաժշտութիւն»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-22-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-18
Աղբիւրներ
ԽմբագրելՆարդուհի Էքիզեան-Մարքոսեան, «Երաժշտութիւն, պատմութիւն եւ տեսութիւն»,Պէյրութ,2017