Հրաչ Բարթիկեան

Հայ հայագէտ եւ պատմաբան։

Թաւատառ գրութիւն (7 Յուլիս 1927(1927-07-07)[1][2], Աթէնք, Յունաստան[2] - 16 Օգոստոս 2011(2011-08-16), Երեւան, Հայաստան), հայ պատմաբան, բիւզանդագէտ, հայ–բիւզանդական յարաբերութիւններու պատմութեան ուսումնասիրող։ Պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1972), ՀՀ ԳԱԱ ակադեմիկոս։ Աթէնքի ակադեմիայի եւ Հռոմի «Տիբերինա» արուեստի, գրականութեան եւ գիտութեան ակադեմիայի ակադեմիկոս։

Հրաչ Բարթիկեան
Ծնած է 7 Յուլիս 1927(1927-07-07)[1][2]
Ծննդավայր Աթէնք, Յունաստան[2]
Մահացած է 16 Օգոստոս 2011(2011-08-16) (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Հունաստանի թագավորություն
 Խորհրդային Միութիւն
 Հայաստան
Ազգութիւն Հայ[2][3]
Ուսումնավայր Երեւանի Պետական Համալսարանի Պատմութեան Բաժանմունք[2]
Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկ
Կոչում ակադեմիկոս
Ազդուած է Յովսէփ Օրբելի
Մասնագիտութիւն պատմաբան, աղբյուրագետ, հայագէտ, բիւզանդագէտ
Աշխատավայր Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Պատմութեան Հիմնարկ[2]
Անդամութիւն Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիա եւ Աթէնքի Ակատեմիա[3]
Ծնողներ հայր՝ Միքայէլ Բարթիկեան[2]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Ծնած է Աթէնք։ Հայրը՝ Միքայէլ Բարթիկեան, եղած է բանասէր ու հրապարակագիր։ Սորված է տեղական հայկական վարժարանի մը եւ ապա՝ յունական երկրորդական վարժարանի մը մէջ, որմէ շրջանաւարտ եղած է 1945ին։ Յաջորդ տարին իր ընտանիքով Հայաստան հաստատուած է՝ 1946-1948-ի ներգաղթի ընթացքին։

Հրաչ Բարթիկեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Երեւանի պետական համալսարանէն, 1953-ին գերազանցութեամբ՝ պատմութեան ճիւղէն շրջանաւարտ ըլլալով։ Այնուհետեւ, Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի հայցորդ (ասպիրանտ) դարձած է, սորվելով Լենինկրատի (Ս. Փեթերսպուրկ) մէջ՝ նշանաւոր հայագէտ՝ Յովսէփ Օրբելիի ղեկավարութեան տակ։ Իր թեկնածուական ատենախօսութիւնը՝ «Պաւլիկեան շարժման պատմութեան ուսումնասիրութեան աղբիւրներ» ն էր, որ ռուսեր1նով լոյս տեսած է Երեւանի մէջ երեք տարի ետք։ 1971ին պաշտպանած է դոկտորական ատենախօսութիւնը՝ «Բիւզանդական Դիգենիս Ակրիտաս էպոսը եւ նրա նշանակութիւնը հայագիտութեան համար» նիւթով:

Գործունէութիւն Խմբագրել

Մինչ այդ, 1957-էն մինչեւ 2010, Պատմութեան հիմնարկին մէջ աշխատած է իբրեւ կրտսեր գիտաշխատող (1957-1961), աւագ գիտաշխատող (1961-1980) եւ միջին դարերու պատմութեան բաժնի վարիչ (1980-2010)։

Հրատարակութիւններ Խմբագրել

Շուրջ 150 գիտական յօդուածներու կողքին, ան հրատարակած է 17 հատոր, ներառեալ հայերէն թարգմանութիւնները՝ ուսումնասիրութեամբ եւ ծանօթագրութիւններով, զանազան նշանաւոր բիւզանդացի պատմիչներու (Պրոկոպիոս Կեսարացի, Կոստանդին Ծիրանածին, Յովհաննէս Սկիլիցես, Թէոփանոս Խոստովանող, եւ ուրիշներ), «Դիգենիս Ակրիտաս» բիւզանդական դիւցազներգութեան հայերէն թարգմանութիւնը, Մատթէոս Ուռհայեցիի «Ժամանակագրութեան» աշխարհաբար թարգմանութիւնը եւ փաստաթուղթերու ժողովածու մը՝ «Յունական արխիւային փաստաթղթեր հայ-յունական յարաբերութիւնների մասին Առաջին Հանրապետութեան շրջանում (1918-1920)»։

Հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութիւն Խմբագրել

Բարթիկեան իր գիտական կեանքը սկսած է պաւլիկեան շարժման ուսումնասիրութեամբ եւ այնուհետեւ ինքզինք նուիրած է հայ-բիւզանդական յարաբերութիւններու ուսումնասիրութեան՝ Բագրատունեաց շրջանի ընթացքին ու անկէ ետք՝ էական նպաստ մը բերելով այս կալուածին։ Նաեւ եղած է վիմագրական արձանագրութիւններու եւ կնիքներու բեղուն հետազօտող մը։

Պատմաբանը նաեւ ծանօթ մասնագէտ մը եղած է Կիլիկիոյ հայկական պետութեան եւ Բիւզանդիոնի յարաբերութիւններուն։ Այս պատճառով, ան հրաւիրուած է մասնակցելու Ազգ. Առաջնորդարանի կողմէ կազմակերպուած ու առաջնորդ Մեսրոպ արք. Աշճեանի նախաձեռնած 1993-ի գիտաժողովին, որ նուիրուած էր Կիլիկիոյ պատմութեան։

Ան ընտրուած է անդամ գիտական շարք մը մարմիններու՝ Աթէնքի ակադեմիա (1980), Հռոմի «Թիպերինա» արուեստի, գրականութեան ու գիտութիւններու ակադեմիա (1987) եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիա (1996)[4]։

Պարգեւներ Խմբագրել

Արժանացած է․

  • Հայաստանի Գիտ. Ակադեմիայի «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին (1980),
  • Սելանիկի համալսարանի «Արիստոտէլ» մետալին (1981),
  • Հայաստանի նախագահի մրցանակին (2005), եռահատոր «Հայ-բիւզանդական ուսումնասիրութիւններ» աշխատութեան համար[5]։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։