Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան

Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան, աւազանի անունով Արտաշէս (1893, Պարտիզակ - 29 Յուլիս 1973, Բիրէա)։ Հասարակական գործիչ, յօդուածագիր, հոգեւորական։

Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան
Ծնած է 1893
Ծննդավայր Պարտիզակ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 29 Յուլիս, 1973
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն հոգեւորական,հասարակական գործիչ

Կենսագրական գիծեր Խմբագրել

Աշխարհիկ կեանք Խմբագրել

Ծնած է 1893-ին Պարտիզակ։ Նախնական ուսումը կը ստանայ իր ծննդավայրի «Շուշանեան» վարժարանին մէջ։ 1915-ի Ցեղասպանութենէն ետք, Արտաշէս Բարաղամեան որպէս կամաւոր, կը զինուորագրուի ֆրանսական բանակին կից գործող հայկական լէգէոնին մէջ։ Ապա, կը վերադառնայ իր ծննդավայրը։

Միթիլինի Խմբագրել

Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք, ան Յունաստան կը գաղթէ ու ապաստան կը գտնէ ուրիշ 4 000 հայրենակիցներու հետ Լեզվոս կղզիին Միթիլինի նաւահանգիստը (Իզմիրին դիմացը)։ Հոն կ՛ունենայ ազգային-հասարակական եւ կուսակցական բեղուն կեանք։ Մաս կը կազմէ «Դպրաց Դաս» միութեան եւ «Հայ Խնայողական Միութիւն»ի վարչական մարմիններուն, ինչպէս նաեւ հեռավար գործակիցը կը դառնայ «Նոր Օր» թերթին։ Կը պսակուի եւ կը բախտաւորուի մանչ ու աղջիկ զաւակներով։

Սելանիկ Խմբագրել

1935-ին, Արտաշէս ընտանիքով կը փոխադրուի Սելանիկ, ուր կը շարունակէ դարձեալ իր հասարակական գործունէութիւնը։ Բաւական տարիներ ետք, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ան կը ձեռնադրուի քահանայ։ Օծեալը կը կոչուի Տ. Մատթէոս քահանայ։

Կղերական կեանք Խմբագրել

Տ. Մատթէոս քհնյ. Բարաղամեան սկզբնական շրջանին կը դառնայ շրջուն հոգեւոր հովիւ։

1959-ի ամրան կը ստանձնէ Քոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը, ուր անխափան կը ծառայէ 14 տարիներ՝ մինչեւ մահը։

Յունուար 1973-ին, առողջական պատճառներով հիւանդանոց կը փոխադրուի ու 15 օր ետք տուն կը վերադառնայ։ Հակառակ առողջութեան վատ վիճակին, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աւագ Հինգշաբթի օրուան երեկոյեան Խաւարման գիշերի արարողութեան։

Մահ եւ յուղարկաւորութիւն Խմբագրել

1973-ի Մայիս ամսուան կէսերուն, դարձեալ հիւանդանոց կը փոխադրուի եւ 29 Յուլիս 1973-ին Բիրէայի հիւանդանոցին մէջ իր աչքերը կը փակէ։ Անոր յուղարկաւորութեան ընթացքին՝ 31 Յուլիս 1973, վերջին օծումը կը կատարէ Սահակ Արք. Այվազեան, մասնակցութեամբ Յունաստանի տարածքին հոգեւոր հայրերուն։

[1] [2]

Աղբիւրներ Խմբագրել

«Քոքինիոյ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիմնադրութեան 70-ամեակ 1933-2003», Վարագ քհնյ․ Յովսէփեան, Գոքինիա 2033

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել