Մարկիոնականութիւն

Մարկիոնականութիւն Աղանդաւորական շարժումներուն մէջէն կարեւոր տեղ մը գրաւող աղանդ: Հիմնադիրն է Մարկիոն անունով եպիսկոպոսը:

Պատմութիւն

Խմբագրել

Ընդհանուր Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կը յիշուի թէ առաջին դարերը ինչպիսի ճգնաժամային շրջաններ եղած են քրիստոնէութեան համար: Քրիստոնէութիւնը բազմաթիւ պայքարներ մղած է այլազան մտածողութեանց, փիլիսոփայական ըմբռնումներու, կրօնական աշխարհայեցողութեանց եւ դարերու աւանդութեամբ արմատացած կրօնքներու դէմ:

Անկախաբար այս բոլորէն, քրիստոնէութիւնը ստիպուած է բուռն պայքար մղել իր ծոցէն բխող արտաքին փիլիսոփայական կամ կրօնական գաղափարներու հետ շփոթմամբ կազմուող հերետիկոսաց դէմ:

Գնոստիկեան ընդհանուր շարժման մէջ նոր ուղի մը կը բանայ Մարկիոն, թէեւ ամէնէն կարեւոր ուղղութիւնը, որուն դէմ, սակայն, նոյնքան ուժգնութեամբ կը պայքարին եկեղեցւոյ հայրերը:

Իր գաղափարները մահէն եւ Բ. դարէն ետք եւս կը շարունակեն խռովել միտքերը. եւ հետագային եկեղեցական հայրեր կը ստիպուին գրիչ շարժել անոր դէմ:

Հիմնադիր

Խմբագրել

Մարկիոն ծնած է 110-ին, Սինոպ[1] քաղաքը:

139-ին Հռոմ կը հասնի եւ այնտեղ բարեսիրական գործեր կատարելով քրիստոնեայ կը դառնայ: Շատեր կ'ըսեն թէ ան Սինոպի եպիսկոպոսին որդին էր, որ սակայն աքսորուած էր եկեղեցիէն՝ իր հօրը կողմէ, կոյսի մը պատիւը արատաւորելուն պատճառով: Ան կ'ուզէ Հռոմ երթալ ապաշխարհութիւն խնդրելու համար, սակայն հոն կ'իյնայ ասորական Գնոստիկ կեդրոնի մը ազդեցութեան տակ, որ 136-140 թուականերուն Հռոմ եկած  եւ գայթակղութեան առիթ դարձած էր:

Մարկիոն իր ուսուցումները հիմանաւորած է Պօղոս Առաքեալի նամակներուն վրայ, սակայն ոչ ամբողջական: Իր հիմնած նոր համայնքին Ս. Գիրքը կը բաղկանար Պօղոս Առաքեալի առաջին տասը նամակներէն՝ իր կատարած յատուկ սրբագրութիւններով եւ Ղուկասի Աւետարանին մէկ տարբերակէն, որուն մէջ կատարած էր սրբագրութիւններ ջնջելով Քրիստոսի ծննդեան առնչուող հատուածները ու մանաւանդ այն բաժինները, ուր աշխարհի ստեղծիչը Քրիստոսի հայրը կը ներկայացուի: Այս համայնքը կազմակերպուելէ ետք արագօրէն կը տարածուի ո՛չ միայն Հռոմի մէջ, այլեւ՝ Եգիպտոսի, Պաղեստինի, Ասորիքի եւ Հայաստանի մէջ, եւ այնքան կ'աճէր, որ կը հանդիսանար Ուղղափառ եկեղեցւոյ ամէնէն զօրաւոր մրցակիցը:

Մարկիոնի Տիեզերաբանութիւնը Եւ Աստուածաբանութիւնը

Խմբագրել

Մարկիոնի դաւանութիւնը հետեւեալն է. ան կը դաւանի երեք երկինքներ, որոնք գոյութիւն ունին, տիեզերքի մէջ՝ իբրեւ առանձին հաստատութիւններ: Երկինքներ, որոնք ունին իրենց տիրակալները, գերիշխան բացարձակ ուժերը՝ իր բացատրութեամբ իրենց աստուածները.

ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԸ՝ իրեն յատուկ երկինքով գոյ:

ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԶՕՐՔԸ՝ տարբեր երկինքի մը մէջ:

ՕՏԱՐ ԱՍՏՈՒԱԾԸ՝ իրեն սեփական երկինքով:

Կայ նաեւ ուրիշ իրականութիւն մը, որն է Հիւլէն, ուրիշ ուժ մըն է, որ այս անգամ երկիրին, հողին, այլ խօսքով՝ մեզի համար շօշափելի իրականութեան բացարձակ իշխանն է:

Մարկիոնի վարդապետութեան համաձայն, տիեզերքի ստեղծող ամենազօր եւ բացարձակ ուժը, օրէնքներու աստուածն է, որ իր էութեան մէջ ունի ստեղծագործելու ուժը: Բայց միւս կողմէ, օրինաց աստուածը մշտնջենակից է հիւլէի աստուծոյ: Հիւլէն իր էութեամբ արդէն իսկ գոյութիւն ունէր, երբ կար օրինաց աստուածը: Մարկիոն նաեւ կը յայտնէ, թէ օրէնքներու աստուածը ի՛նչ որ կը ստեղծէ, զայն կը ստեղծէ «հաղորդութեամբ»ը՝ մասնակցութեամբ հիւլէին:

Մարկիոնականները կը մերժեն Յիսուսի մարմանացումը ու կ'ըսեն, թէ Անոր չարչարանքն ու մահը երեւութական է. այսպիսով կը հասկնանք, թէ որեւէ փրկագործութիւն տեղի չէ ունեցած: Սակայն, իրենք են, որոնք կ'ըսեն. «Մենք Յեսուի[2] արեան գինն ենք», որովհետեւ անոր արիւնը չթափեցաւ եւ անոնք չգնուեցան, այլ ամէն բան երեւութական էր: Հրեանները կը մեղադրեն զանոնք ըսելով, թէ՝ «Մեր հայրերը Յիսուսը խաչ հանեցին», հետեւաբար Քրիստոս իսկութեամբ խաչ բարձրացաւ»:

Մարկիոնականները կը կարծեն, թէ Յիսուս խաչ չբարձրանալէն բազմաթիւ մեղքեր գործեց, որովհետեւ Ան ինզինք թագաւոր հռչակեց, սակայն Մարկիոնականները չիմացան, որ ամէն ինչի տէրը Յիսուսի Հայրն է, որ իր Որդիին տուած է ամէն  իշխանութիւն աշխարհիս վրայ:

Այսպիսով կը բացատրուի որ Մարկիոնի վարդապետութիւնը կը կայանայ բարիին ու չարին վրայ: Ան Նոր Կտակարանը կը նկատէ խորթ՝ Հինին նայելով եւ հոնկէ ալ կ'արհամարէ մարմիններու յարութեան գաղափարը: Կ'ընդունի երեք մկրտութիւններ՝ յանցանք գործելէ ետք: Նոյնիսկ կիներուն արտօնութիւն կու տայ որ քահանայութեան կարգին արժանանան, մինչդեռ իրենք չունին քահանայութեան կարգը:

Եզրակացութիւն

Խմբագրել

Մարկիոնի ուսուցումները ընդհանրապէս մերժուած էին քրիստնէական զօրաւոր հիմք ունեցող համայնքներու կողմէ, որոնց մէջ նաեւ՝ Հայ եկեղեցին: Հայաստանի մէջ արդէն Ա. Դարէն սկսեալ բաւական արմատացած էր քրիստոնէութիւնը, հետեւաբար անառարկելի է անոնց մերժումն ալ, ինչպէս կ'երեւի նաեւ եկեղեցւոյ ծիսակատարութեանց մէջ, ուր եպիսկոպոսաց ձեռնադրութեան ատեն կ'ըսուի. «Կը նզովէ՞ք Արիոս Աղեքսանդրացին, Մակեդոնը, Նեստորը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները: Մանին, Մարկիոնը, Վաղենտիանոսը, Սաբէքը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները: Արտեմոնը, Եւնոմիոսը, Եւտիքէսը եւ անոնց բոլոր հետեւորդները»[3]:

Հետեւաբար Մարկիոնի աղանդը թերի էր, որովհետեւ հոն կան իրար հակասող գաղափարներ: Անոնց նպատակը պարզապէս հաւատացեալներ շահիլ էր եւ ոչ աւելին: Ան ունէր բազմաթիւ հետեւորդներ, որովհետեւ բոլորն ալ կուրօրէն անոր ըսածներուն կը հաւատային: Վերջապէս Մարկիոն հերետիկոս կը նկատուի քրիստոնէական ուղղափառ եկեղեցւոյ կողմէ, որովհետեւ անոր ուսուցումները հակառակ են եկեղեցւոյ որդեգրած սկզբունքներուն:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սինոպ քաղաքը կը գտնուի Թուրքիոյ Հիւսիսը, սեւ ծովուն մօտ քաղաք մըն է:
  2. Յեսու կը նշաշակէ Յիսուս:
  3. Կանոն Ձեռնադրութեան եւ Օծման Եպիսկոպոսի, էջ 49-51