Մելիք Եգան (անյայտ - 1744), քաղաքական-ռազմական գործիչ, դիւանագէտ, Դիզակ գաւառի տիրակալ, Խամսայի մելիքութիւններու ընդհանուր կառավարիչ, Մելիք-Եգանեաններ տոհմի հիմնադիր։ («Մելիք» արաբերէն՝ տիրակալ։ «Եգանը»՝ Յովհաննէս յատուկ անուան աղաւաղուած ձեւն է սիւնեցիներու բարբառին մէջ): Խամսայի մելիքութիւններու կառավարիչ Դիզակի մելիք Եգան, Իրանի Նատիր շահի մօտիկ զինակիցը, վստահելին ու խորհրդատուն, մօտիկ կապեր ունէր նաեւ ռուսական արքունիքին հետ եւ ռուս պետական ու զինուորական շրջանակներու յարգանքը կը վայելէր:

Մելիք Եգան
Մահացած է 1744
Մասնագիտութիւն քաղաքական գործիչ
Մելիք Եգանին Պալատը

Պատմութիւն Խմբագրել

Մելիք Եգան Մեծն Պետրոսի պարսկական արշաւանքներուն ատեն մեծ ծառայութիւններ մատուցած էր ռուսական բանակին: Ներկայ եղած էր Աննա Իվանովնա կայսրուհիի թագադրութեան, փառաւոր ընդունելութեան եւ ցարուհիին յատուկ ուշադրութեան արժանացած էր: Ան ռուսական բանակին զօրավարի աստիճան ստացած էր եւ զանազան շքանշաններով պատուըւած:

Աննա Իվանովնա կայսրուհին կը մահանայ Հոկտեմբեր 1740-ին եւ գահ կը բարձրանայ Աննա Լէոփոլտովնայի (որուն մայրը Իվան Ե. ցարին դուստր Եկատերինա Իվանովնան էր) եւ դուքս Անտոնի Ուլրիխի որդի Իվան Զ. Անտոնովիչ, որ երկու ամսու էր: Դուքս Էրնսթ ֆոն Պիրոն կը դառնայ խնամակալ, աւելի ուշ՝ Աննա Լէոփոլտովնան կը հռչակուի գահին խնամակալուհին:

Բոլոր պալատականները դժգոհ էին Աննա Լէոփոլտովնայի խնամակալութենէն: Ստեղծուած կացութեան առջեւ Ելիզաւետա Պետրովնան (Պետրոս Մեծի եւ Եկատերինա Ա.ի դուստրը) 25 նոյեմբեր (6 դեկտեմբեր) 1741-ին մասնայատուկ ուժերու 308 զինուորներով պալատական յեղաշրջում մը կը կազմակերպէ: Իվան Զ. եւ Աննա Լէոփոլտովնա Փեթերսպուրկի Ձմեռնային պալատէն կը հանուին եւ Լատոկա լիճի Օրեխովի կղզիին Շլիսելպուրկ ամրոցին մէջ կը բանտարկուին:

Ելիզաւետա Պետրովնա ինքզինք նոր կայսրուհի կը հռչակէ եւ կ'որոշէ բացառիկ շքեղութեամբ թագադրութեան տօնակատարութիւն կազմակերպել:

Մելիք Եգան նոր կայսրուհիին թագադրութեան տօնակատարութեան մասնակցելու յատուկ հրաւէր կը ստանայ: Ան ընտանիքը հետը առնելով կը մեկնի Ռուսաստան:

Երեսուներեքամեայ Ելիզաւետա Պետրովնա կայսրուհի կը թագադրուի եւ կ'օծուի 25 Ապրիլ 1742-ին, Մոսկուայի Քրեմլինի Սոպորնայա հրապարակին վրայ գտնուող Վերափոխման մայր տաճարին մէջ:

Թագադրութեան առիթով տարբեր տեսակի, ոճի եւ ազգային հագուստներ կարուած էին: Պալատի բակին մէջ դիմակահանդէսներ կը կազմակերպուին: Նոր կայսրուհին հանդէս կու գայ ֆրանսական, սպանական, անգլիական եւ ռուսական շքեղ հագուստներով:

Մելիք Եգան եւ ընտանիքը, Մոսկուայի մէջ թագադրութեան տօնակատարութիւններուն մասնակցելէ ետք կը մեկնին Փեթերսպուրկ, ուր կ'արժանանան փառաւոր ընդունելութեան:

Ելիզաւետա Պետրովնա կայսրուհին կը փափաքի անձամբ տեսնուիլ ծերունի հերոս մելիք Եգանի եւ անոր ընտանիքին հետ: Ընդունելութեան յատուկ յայտագիր կը կազմուի: Մելիք Եգան եւ ընտանիքը պալատ կ'առաջնորդուին կոմսեր Ալեքսի Ռազումովսքիի եւ Պուրխարտ ֆոն Միւննիխի ընկերակցութեամբ:

Կայսրուհին մելիք Եգանը Ռազումովսքիի եւ Միւննիխի հաւասար աստիճանի կը դասէ եւ շքանշաններ կու տայ անոր:

Կոմս Ռազումովսքի գլխաւոր դերակատար եղած էր պալատական յեղաշրջման եւ Ելիզաւետա Պետրովնայի գահին տիրանալու իրադարձութեան մէջ եւ հոֆմարշալի բարձրագոյն կոչումին արժանացած: Իսկ գերմանացի կոմս Միւննիխ ռուսական բանակի մարաջախտ էր, բայց ապա կը շնորհազրկուի:

Ընդունելութեան ընթացքին կայսրուհիին ուշադրութիւնը կը գրաւէ մելիք Եգանի գեղեցկուհի թոռնուհին: Ելիզաւետա Պետրովնա փափաք կը յայտնէ զայն իր արքունիքին մէջ պահել: Արցախցի գեղուհին կը մնաց պալատը, պալատական օրիորդի` ֆրէյինի կոչում կը ստանայ, եւ կայսրուհիին սիրոյն ու խանդաղատանքին կ'արժանանայ:

Հայրենիք վերադառնալու նախօրեակին մելիք Եգան կայսրուհիէն կը խնդրէ, որ արտօնութիւն տայ թոռնուհին հետը տանելու: Ծերունի մելիքի կրկնակի թախանձանքներուն վրայ Ելիզաւետա Պետրովնա թոյլ կու տայ, որ օրիորդը իր ծնողներուն հետ հայրենիք վերադառնայ, եւ բազմաթիւ թանկագին նուէրներով զինք ճամբու կը դնէ:

Հայրենի Դիզակ վերադառնալէն ետք մելիք Եգան կը մահանայ 1744-ին: Մարմինը կ'ամփոփուի Տողի Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցւոյ տոհմական մատրան մէջ: Գերեզմանին վրայ արձանագրուած է.

  Այս է տապան քաջ իշխանին

Եկան անուն մեծ Մէլիքին Որ է որդի բարեպաշտին Ղուկաս անուն վարդապետին: Եղեւ սիրեցեալ ամենայնին Նատիր անուն թագաւորին: Տիրապետեց սայ ի երկրին Ի Աղուանից ի նահանգին Յոյժ պատուեցաւ պարսից ազգին Քան զիշխանս հայոց երկրին… ՌՃՂԳ:

 


Մելիք Եգանի զինանշանին մեզի հասած օրինակը պահպանուած է Տողի մօտակայքը, Իշխանագետի բարձունքին գտնուող Կաքաւաբերդի եկեղեցւոյ մէջ: Զինանշանին վրայ պատկերուած է երկգլխանի արծիւ. արծիւին մարմինը վահանաձեւ է` աղեղնաձեւ երկար վիզերով, որոնք կ'աւարտին կլոր գլուխով, աչքերով ու սուր կտուցով: Արծուագլուխներուն վրայ եռաճիւղ թագեր են: Արծիւը յենած է եռանկիւնաձեւ պոչի մը վրայ: Թեւերը մարմինի վերնամասէն մինչեւ պոչը կ'իջնեն: Ձախ ոտքի ճանկերով արծիւը թեւին վրայ կը պահէ գնդաձեւ գլուխով իշխանութեան մականը, իսկ աջ ոտքի ճանկերով թեւին վրայ կը պահէ փոսիկաւոր խաչ` հոգեւոր նշանը:

Մելիք Եգանին կը յաջորդէ երէց որդին` մելիք Արամ, որ սակայն մէկ տարի կ'իշխէ եւ կը մահանայ 1745-ին[1]:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել