«Մեր ՈՒղին», քաղաքական, հասարակական, գրական երկօրեայ թերթ։ Լոյս տեսած է 1931-1932-ին, Փարիզի մէջ։ Կը համարուի «Երեւան» (1925—1930-ին, Փարիզ) թերթի շարունակութիւնը։ Ունեցած է խմբագրական կազմ (Գ. Թահմագեան, Զ․ Եսայեան եւ ուրիշներ)։ Անվերապահօրէն կանգնած է Խորհրդային Հայաստանի բարեկամներու դիրքերուն մէջ, սերտ կապ պահպանած հայրենիքի հետ։ Գովազդած է սոցիալիստական յեղափոխութեան, բանուոր դասակարգի պայքարի գաղափարները ֆրանսահայ աշխատաւորութեան շրջանին մէջ, կոչ ըրած ֆրանսացի բանուորներու հետ համատեղ ելոյթներու՝ իրենց իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, հակադրուած դաշնակցական մամուլի հակախորհրդային գործունեութեան։ Անդրադարձած է միջազգային քաղաքական իրադարձութիւններուն։ Գրական բաժինը ներկայացուցած է Ա. Իսահակեանի, Վ․ Ալազանի, Գ․ Մահարիի, Վ․ Թոթովենցի, նաեւ համաշխարհային գրականութեան (Մ․ Դորկի, Պ․ Շոու, Ռ․ Ռոլան) նմուշներ։ «Մեր Ուղին» նախորդած է «Դարբնոց» եւ «Արշաւ» թերթերուն (երկուքն ալ՝ 1932-ին)։

Մեր Ուղին
Մեր ուղին
Տեսակ թերթ
Հիմնադրուած է 1931
Երկիր  Ֆրանսա
Հրատարակման վայր Փարիզ
Նախորդ Երեւան
Յաջորդ Դարբնոց եւ Արշավ
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։