Միհրան Բաղդասարեան

Պաղտասարեան Միհրան, (25 Մայիս 1852(1852-05-25), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 23 Ապրիլ 1937(1937-04-23)), ազգային եւ կրթական գործիչ:

Միհրան Բաղդասարեան
Ծնած է 25 Մայիս 1852(1852-05-25)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Ապրիլ 1937(1937-04-23) (84 տարեկանին)
Քաղաքացիութիւն  Թուրքիա

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է 25 Մայիս 1852-ին Պոլիս ու կը մահանայ 23 Ապրիլ 1937-ին Թաւրիզի մէջ։ Հայրը Պոլիս հաստատուած իզնիքցի վաճառական մըն էր (Պաղդասար Հիւսիան), որ լքելով վաճառականական ասպարէզը՝ քաղաքական քարոզիչ դարձաւ:

Միհրան նախնական ուսումը Պալաթի (Պոլիս) Խորէնեան դպրոցը առաւ, որուն տնօրէնն էր Յակոբ Գուրգէն, հոնկէ անցաւ Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանը աշակերտելով Մինաս Չերազի եւ Եղիա Տէմիրճիպաշեանի:

1873 Պազէլի (Զուիցերիա) Աստուածաբանական ճեմարանը ստացաւ իր ուսումը, դասընկեր ունենալով Պէյլէրեան Տաճատը:

Միհրանի ջանքերով է որ Զուիցերիացի բարեսէրներու նիւթականով Պրուսայի մէջ «Արեւելեան Որբանոց»ը կը բացուի 1875-ին, իր Գրիգոր եղբօր աջակցութեամբ որ մինչեւ 1915 գոյութիւն ունէր: Միհրան Պազէլի մէջ առաջին գործը կը խօսի 1876-ին: Միհրան 1878-ին աւարտելով ճեմարանը Պոլիս կու գայ, ուր կը հրատարակէ անդրանիկ գրական գործը: «Առաջնորդ անգլերէն լեզուի». նոյն տարին աշնան Կարին է իբրեւ քարոզիչ Բողոքական Հայոց, 1879-ի սկիզբները Կարնոյ մէջ կը բանայ «Մասեաց վարժարան»ը: Միհրան Կարնոյ Ռուսաց հիւպատոս Կոստանդին Կամսարականին հետ Վան կ’երթայ 1879-ին իբրեւ թարգման Անգլիոյ թրքամոլ հիւպատոսին: Թուրքիոյ կառավարութիւնը չի հանդուրժեր Միհրանի ներկայութիւնը Վանի մէջ. ան կը ստիպուի հեռանալ Վանէն՝ Իգտիր եւ հոնկէ Թիֆլիս կ’անցնի 1887-ին եւ յետոյ Պոլիս, ուր հալածանքի ենթարկուելով Պրուսա կ’երթայ իր Գրիգոր եղբօր մօտ: Հոն երկու տարի ուսուցչութիւն կ’ընէ Արեւելեան Որբանոցին մէջ։ Տարի մըն ալ Դամասկոս կ’երթայ Կոստ. Կամսարականի իբր թարգման, որուն հեռանալովը ինքն ալ 1891-ին Ամերիկա կ’անցնի եւ Այովա նահանգի Des Moines-ի համալսարանը կ’աւարտէ 1891-ին «Պսակաւոր Աստուածաբանութեան» տիտղոսով:

Միհրան ամերիկեան թերթերու մէջ հայկական զուլումները եւ ջարդերը կը նկարագրէ եւ առանձին կը հրատարակէ «Armenia or the Country of Ararat, Past, Present, and Future» (Հայաստան կամ Արարատի երկիրը, անցեալ, ներկայ եւ ապագայ, 1892): Այս գիրքը քանի մը անգամ կը տպագրուի:

Միհրան 1894 էջմիածին կ’երթայ եւ Մկրտիչ Խրիմեանի յանձնարականով Թաւրիզ կը մեկնի, ուր էր այն ատեն Սուքիաս եպ. Պարզեանց, որուն առաջարկով Ուրսի կը մեկնի, իբր ուսուցիչ հայոց դպրոցին:

1897-ին հալասէր Լէփսիուսի նպաստով Սալմաստի մէջ բացուած գերմանական հայ որբանոցին տնօրէն կը կարգուի, 1898-էն 1900 Ղալաս գիւղի դպրոցը ուսուցչութիւն կ’ընէ եւ 1902-ին Թաւրիզ կը վերադառնայ եւ Իրանի կառավարութեան հրաւէրով Մարազա քղ.ի փոստին կառավարիչ կը նշանակուի, մինչեւ 1906, յետոյ Թաւրիզի Ամերիկեան «Մէմօրիալ Դպրոց»ի ուսուցիչ 3 տարի, յետոյ մինչեւ 1918-ի ամառը Ամերիկեան հիւպատոսարանի թարգման:

Իբրեւ գրական արտադրութիւն՝ գրած է «Մուրճ»ի մէջ «Կարմիր շապիկ» յօդուածաշարքը 1906-ին, Ականատես ծածկանունով, 1907-ին Թաւրիզի մէջ հրատարակած է Աղեք. Տիւմայի «Բաստիյլի առումը» վէպը: 1902-ին հրատարակած է «Լոյսից դէպի խաւար»ը:

Աղբիւրներ

Խմբագրել
  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 362: