Մինաս Կարապետեան

Մինաս Կարապետեան (1867, Կեմերեկ, Սեբաստիոյ նահանգ - 1916), հայ բժիշկ։

Մինաս Կարապետեան
Ծնած է 1867
Ծննդավայր Կեմերեկ, Սեբաստիոյ նահանգ
Մահացած է 1916
Մահուան վայր Տէր Զօր Քաղաք, Սուրիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Կեմերեկի ազգային վարժարան
Շիքակոյի բժշկական համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Ծնած է 1867 թ.-ին, Սեբաստիոյ նահանգի Կեմերեկ քաղաքին մէջ։ Նախնական կրթութիւնն ստացածէ Կեմերեկի ազգային վարժարանին մէջ։ Քաջալերուելով Շիքակոյի մէջ հաստատուած ազգականներով, մեկնած է ԱՄՆ։ Նիւթական մեծ դժուարութիւններ կրելէ ետք, ընդունուած է Շիքակոյի բժշկական համալսարան։ Ուսումնառութեան աւարտին, բժիշկի վկայականով վերադարձած է Կեմերեկ՝ ծնողներուն մօտ, ամուսնացած եւ երեխաներ ունեցած է։ Եղած է հայ ու թուրք հասարականութեան կողմէ յարգուած բժիշկ։

Քասթամոնուի նահանգի Քիւրէ քաղաքի թաղապետական բժիշկ է եղած է։ 1915 թուականին, Մեծ Եղեռնի ժամանակ, ընտանիքին հետ բռնի տարագրուած է Տէր Զօրի անապատները։ 1916 թուականին, ընտանիքի հետ միասին զոհուած է Տէր Զօրի ահաւոր ջարդերու ժամանակ։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Մեզպուրեան Արթօ, Հայ եւ ծագումով հայ բժիշկներ. Այբուբենական համառօտ անուանացանկ (1688-1940), Սթանպուլ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։

Աղբիւրներ

Խմբագրել

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։