Միշէլ Աբգարիոս Ծնած է Պէյրութ, 1884-ին: Իր նախնական ուսումը ստացած է քաղաքի բողոքական Գերմանացիներու դպրոցը եւ Անթուրայի Գոլէճը։ Շրջանաւարտ է ամերիկեան համալսարանի առեւտրական ճիւղէն 1903-ին։

Միշէլ Աբգարիոս
Ծնած է 1884
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ժամանակ մը կ'աշխատի Սուտանի կառավարութեան մէջ եւ յետոյ Եգիպտական Պանքայի մէջ։ Այս վերջինի Սուագիմի ճիւղին նախ փոխ-տնօրէն եւ ապա տնօրէն կը կարգուի։ Այս հաստատութեան լուծարքի ենթարկուելէն յետոյ, Միշէլ Աբգարիոս կը ջանայ իրաւաբանութեան հետեւիլ, սակայն բախտը չի ժպտիր իրեն, որովհետեւ 1913-ին Եգիպտոսի տնտեսական նախարարութենէն կարեւոր պաշտօն մը կ'առաջարկուի իրեն, զոր կ'ընդունի։ Սակայն իր նոր պաշտօնը արգելք չըլլար իր ծրագրին իրագործման եւ ի վերջոյ որպէս փաստաբան կը վկայուի Փարիզէն:

1919-ին երբ արձակուրդով Պաղեստին կը գտնուէր, զինուորական կառավարիչէն հրաւէր կը ստանայ Պաղեստինի հաշուապահական գրութիւնը կազմակերպելու. գործ մը, զոր մեծ յաջողութեամբ գլուխ կը հանէ եւ Պաղեստինն ալ իր առողջութեան համար աւելի ձեռնտու գտնելով, Եգիպտոսի իր պաշտօնէն հրաժարելով կը հաստատուի Երուսաղէմ որպէս զինուորական կառավարութեան հաշուական քննիչ։

1922-ին երբ զինուորական դրութիւնը վերջ գտնելով մնայուն կառավարութիւն մը կը կազմուի, իրեն կը տրուի օգնական ելեւմտական քարտուղարի պաշտօնը, զոր մինչեւ 1940 զանազան անուններու տակ կը վարէ ձեռնհասօրէն։ 1940-ին օգնական քարտուղար կ'ըլլայ Պաղեստինի կառավարութեան մէջ, մինչեւ 1942: իր մատուցած թանկագին ծառայութեանց համար կը ստանայ «Մոսթ Էքսելընթ Աֆ Պրիթիշ Էմբայր» տիտղոսը։

Գրական բաւական բեղուն գործունէութիւն մը ունեցաւ Միշէլ Աբգարիոս: Գրած է բազմաթիւ յօդուածներ Պաղեստինի մասին։ Ր. Համիտտի Պաղեստինի վերաբերող գիրքին մէկ կարեւոր գլուխը ինք գրած է։ Իր կարեւորագոյն գործն է Պաղեստինի մասին գրած մէկ անգլերէն գիրքը՝ «Palestine through the fog of propaganda» «Պաղեստին Քարոզչութեան Մշուշին Ընդմէջէն», տպուած Անգլիա 1946-ին։ Դասախօս եղած է Երուսաղեմի օրէնսդրական վարժարանին մէջ, աւանդելով քաղաքական գիտութիւն եւ Միջազգային Օրէնսդրութիւն։

Միշէլ Աբգարիոս զարգացած, համակրելի եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւն մըն է։ Անգլիացիներու Պաղեստինէն մեկնելէն յետոյ, երբ կազմուեցաւ Կազայի կառավարութիւնը, Միշէլ Աբգարիոս սոյն կառավարութեան տնտեսական նախարար նշանակուեցաւ։ Միշէլ Աբգարիոս իր գերդաստանին պատմութեամբ յոյժ կը հետաքրքրուի։

Ան հպարտութեամբ կ'ընդունի որ հայ է։ 1949-ի Նոյեմբերին եկած է Պէյրութ եւ Ամերիկեան համալսարանի մէջ հարցերու հետազօտութեամբ զբաղած, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարած է միեւնոյն հաստատութեան մէջ որպէս դասախօս՝ Մերձաւոր Արեւելքի արաբական բաղդատական օրէնսդրութեան։ Այս ուղղութեամբ գրած է նաեւ գիրք մը, որ կը գործածուի համալսարանին մէջ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։