Միքայէլ Փորթուգալ

Միքայէլ փաշա Փորթուգալ (Փորթուգալեան, 1842, Կ. Պոլիս- 6 Նոյեմբեր 1897, Կ. Պոլիս[1]), հայ հասարակական գործիչ, բանասէր–հայագէտ եւ տնտեսագէտ:

Միքայէլ Փորթուգալ
Ծնած է 1842
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 18 Նոյեմբեր 1897(1897-11-18)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն հասարակական գործիչ, բանասէր, հայագէտ

Կեանք եւ Գործունէութիւն Խմբագրել

ծնած էր 1842-ին՝ Կ. Պոլիս: Հայ կաթոլիկներու վարժարանին մէջ կ՛աշակերտածէ մեծանուն մեր բանաստեղծներէն՝ Զէյթունի առաջին ապստամբութեան երգիչ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի։ Այնուհետեւ, ուսումը շարունակելու համար Ֆրանսա երթալով, Փարիզի Մուրատեան վարժարանին մէջ Միքայէլ Փորթուգալեան կ՛աշակերտէ Գաբրիէլ Այվազովսկիին եւ Ղեւոնդ Ալիշանին:

Տնտեսագիտութեան մէջ համալսարանական բարձրագոյն ուսում կը ստանայ եւ փայլուն վկայականներու կ՛արժանանայ՝ Միքայէլ Փորթուգալեան հայերէնի եւ հայագիտական իր խոր պատրաստութեան կողքին, կը տիրապետէր թրքերէն, պարսկերէն, ֆրանսերէն եւ անգլերէն լեզուներուն: Կ. Պոլիս վերադառնալէ ետք, իր փայլուն կրթութեան եւ բացառիկ ունակութեանց շնորհիւ, ան կը կարգուի կայսերական իշխաններու դաստիարակ եւ, միեւնոյն ժամանակ, իբրեւ թարգմանիչ՝ կ՛աշխատակցի սուլթանական Բարձրագոյն Դրան թարգմանչաց դիւանին:

Միքայէլ Փորթուգալը կը վարէԿ. Պոլսոյ մաքսատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս պաշտօնավարութեան շրջանին, իր նախաձեռնութեամբ, կը որդեգրուի դրօշմաթուղթերու եւ լրագիրներու դրօշմի օրէնքը, որուն կիրարկումով մեծապէս աւելցան տէրութեան եկամուտները:

12 տարի ան կը վարածէ օսմանեան Երկրագործական Դրամատան տնօրէնի պաշտօնը: Այս դրամատան 450 մասնաճիւղերուն հիմնումը Միքայէլ փաշայի ջանքերուն արդիւնքն էր։ 1887-ին կը նշանակոի ելեւմուտքի (Ֆինանսներու) նախարարութեան փոխ¬նախարարի պաշտօնին: Այնուհետեւ կը հիմնէ Հողագործական Դրամատունը՝ ստանձնելով անոր տնօրէնութիւնը:

Ատենի Կայսերական Գանձի հայազգի նախարար Յակոբ փաշա Գազազեանի մահէն ետք, սուլթան Ապտիւլ Համիտ Բ. Միքայէլ Փորթուգալեանին կը նշանակէ իր անձնական գանձերուն նախարար եւ անոր կը շնորհէ վեզիրի աստիճան ու փաշայի տիտղոս: Այս պաշտօնին վրայ Փորթուգալը կը նպաստէ իր ղեկավարած հաստատութեան հարստացումին եւ այլազան նախաձեռնութիւններով կ՛աւելցնէ պետութեան շահոյթները:

Միքայէլ փաշայի ծրագիրով կը ձեռնարկուի Թեսաղոնիկէի նաւահանգիստի կառուցման, որն իր աւարտին կը հասնի իր յաջորդին՝ Յովհաննէս փաշայի պաշտօնավարութեան ժամանակ:

Նոյնպէս Փորթուգալի ջանքերով մեծ զարկ կը տրուի օսմանեան Հերքերէի գործարանին արտադրութեանց։ Միքայէլ փաշա կը հանդիսանայ նաեւ 1877-ին բացուած քաղաքական-պետական բարձրագոյն վարժարանի՝ Մեքթեպը Միւլքիէի ելեւմտական (ֆինանսիստական) ամպիոնին հիմնադիրը եւ երկարամեայ գլխաւոր դասախօսը, որ տնտեսագէտներու եւ ելեւմտագէտներու ամբողջ սերունդ մը կը հասցնէ։

1894-1896 թուականներու Համիտեան կոտորածներէն յետոյ, երբ սուլթանական ծառայութեան կոչուած մեծաթիւ հայ երեւելիներու կողմէ շրջաբերութեան մէջ կը դրուի արիւնարբու սուլթանին փառաբանանքը կատարող յայտարարութիւն մը, Միքայէլ փաշա Փորթուգալեան կտրականապէս կը մերժէ ստորագրել նման ամօթալի փաստաթուղթ մը։

Միքայէլ Փորթուգալեան 55 տարեկան էր, երբ իր մահկանացուն կը կնքէ 6 Նոյեմբեր 1897-ին։

Աշխատութիւններ Խմբագրել

Յետ մահու, 1903-ին, լոյս կը տեսնէ Միքայէլ Փորթուգալեանի «Եղիշէ Վարդապետի Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին Եւ Քննադատութիւնք Միքայէլ Փաշայի Փորթուգալ» քննական արժէքաւոր ուսումնասիրութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Աղբիւրներ Խմբագրել

  • Միքայէլ Փորթուգալեան, «Եղիշէ Վարդապետի Վասն Վարդանայ Եւ Հայոց Պատերազմին Եւ Քննադատութիւնք Միքայէլ Փաշայի Փորթուգալ», Վենետիկ, Տպարան Սուրբ Ղազար, 1903 - ՌՅԾԲ, էջ 5 - 11:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։