Մհեր Ջուլհաճեան

Մհեր Ջուլհաճեան (28 Նոյեմբեր 1967(1967-11-28), Պէյրութ, Լիբանան - 23 Օգոստոս 1993(1993-08-23), Մարզիլի, Աղտամի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն), Արցախեան ազատագրական պայքարի նահատակ ազատամարտիկ։

Մհեր Ջուլհաճեան
Ծնած է 28 Նոյեմբեր 1967(1967-11-28)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 23 Օգոստոս 1993(1993-08-23) (25 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարզիլի, Աղտամի շրջան, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Ազգութիւն Հայ[1]

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Փոքր տարիքէն անդամ կը դառնայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Նաւասարդեան» Պատանեկան Միութեան։ 1984-ին մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Րաֆֆի» մասնաճիւղին։ ԼԵՄ-ի մէջ կը ստանձնէ վարչական եւ այլ բազմաթիւ պատասխանատու պաշտօններ։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, իր մասնակցութիւնը կը բերէ ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ 1992-ին կը մտնէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի բնագիտութեան եւ երկրաբանութեան բաժանմունքը եւ 1989 Դեկտեմբերին կը ստանայ գիտութեան պսակաւորի վկայականը։ 1990-1992 կ’աշխատի Պէյրութի «Չաթալպաշեան» ազգային վարժարանին մէջ, իբրեւ բնագիտութեան ուսուցիչ։ 1989-ին կը նշանակուի Հ.Յ.Դ. «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութեան վարիչ եւ այս պարտականութիւնը կը շարունակէ մինչեւ Մարտ 1991։ Հոկտեմբեր 1990-ին կու տայ դաշնակցականի իր երդումը եւ կ’անցնի Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան շարքերը։ 1992-ին կ’ամուսնանայ եւ կը մեկնի Հայաստան։

1992-ին կը մասնակցի Արցախի Մարտունի շրջանի ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն։ 23 Օգոստոս 1993-ին Արցախի Մարտունի շրջանի Մարզիլի գիւղին մօտ կը նահատակուի զինակից չորս ազատամարտիկներու հետ, երբ Մերուժան Մոսիյեանի, Արտակ Մնացականեանի, Լեւոն Համբարձումեանի եւ Ռուդիկ Աւագեանի հետ կը ստուգէին հայկական սահմանապահ ուժերու դիրքերը։

Ջուլհաճեանի անունով կը կոչուի Արցախի պետական համալսարանի համակարգչային կեդրոնները, Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Զաւարեան Ուսանողական Միութեան գրադարանները, Հ․Յ․Դ․ Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան «Րաֆֆի» մասնաճիւղի սրահը, Հ․Յ․Դ․ Գանատայի պետական միութիւնը։ Ջուլհաճեանի նուիրուած պատրաստուած են բազմաթիւ ֆիլմեր, որոնցմէ մէկն է «Մհեր»-ը։

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ հանրագիտարանՀայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 2004. — 865 է.

Աղբիւրներ Խմբագրել

Այս յօդուածի կամ անոր որոշակի հատուածի սկզբնական կամ ներկայիս տարբերակը առնուած է Ղարաբաղյան ազատագրական պատերազմ (1988—1994) հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են՝ Քրիեյթիվ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։