Մովսէս Յովսէփեան

Մովսէս Յովսէփեան (1876[1], Քեսապ, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա[1] - 1952[1], Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[2]), հայ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ։

Մովսէս Յովսէփեան
Ծնած է 1876[1]
Ծննդավայր Քեսապ, Լաթաքիոյ Գաւառ, Լաթաքիոյ մարզ, Սուրիա[1]
Մահացած է 1952[1]
Մահուան վայր Նիւ Եորք, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն հանրային գործիչ, բժիշկ
Զաւակներ Էտկար Յովսէփեան եւ Մարճըրի Յովսէփեան

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Ծնած է Քեսապ[3]: 1895-ի Համիտեան ջարդերէն ետք, ան հեռացած է իր ծննդավայրէն եւ հասած՝ Ա․Մ․Ն․:

Ուսանած է բժշկութիւն «Long Island College Hospital»-ի մէջ եւ շրջանաւարտ եղած է 1905-ին:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Գործած է իբրեւ բժիշկ, միաժամանակ հետեւած է իր ծննդավայրին եւ հայկական աշխարհին անցուդարձերուն եւ տեղեակ ացած՝ Հայկական ջարդերու եւ Ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն մասին:

1916-ին հրաժարած է բժշկական կեանքէ եւ կազմակերպած է կամաւոր աշխատանքի խումբեր, երթալու իր հօրենական հողերը, օգտակար դառնալու համար իր ազգակիցներուն:

1916-ին, բժիշկ Յովսէփեան գլխաւորած է կամաւորներու  խմբակ մը եւ հասած՝ Հայաստան: Ան ականատես եղած է հարիւր-հազարաւոր անօթի, ծառաւ, անօթեւան հայ գաղթականներու վիճակին, երբ Տիֆ համաճարակը մահ կը սփռէր:

Կամաւորներու խմբակը, իր գլխաւորութեամբ, մինչեւ 1918 արդիւնաւոր բժշկական խնամք-բուժում մատուցած է 40 000 հայ գաղթականներու: Հազարաւոր հայ գաղթականներ փրկուած են ստոյգ մահէ[4][5]: Այս  պատճառով ան գաղթականներուն կողմէ կոչուած է «Հրեշտակ փրկիչ» եւ «Փրկիչ բժիշկ»:

Երկու տարուան կամաւոր ծառայութենէ ետք, վերադարձած է Ա․Մ․Ն․ եւ շարունակած է գործել իբրեւ բժիշկ, իր գիտութիւնը ի սպաս դնելով հայ եւ ամերիկացի հիւանդներուն:

Ան ամուսնացած է Մաքրուհի Աշճեանի  հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու զաւակներով՝ Մարժորի եւ Էտկար, որ իր հօրը նման ուսանած է բժշկութիւն եւ եղած համբաւաւոր մասնագէտ բժիշկ:

Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան եւ տիկինը՝ Մաքրուհի Յովսէփեան, հանրային գործունէութիւն եւ ծառայութիւն ունեցած են յատկապէս Հ. Բ. Ը. Մ.-ի ծիրին մէջ: Անոնց զաւակները հետեւած են իրենց ծնողներուն բարեսիրական ուղեգիծին: Բժիշկ Էտկար Յովսէփեան  Հայաստանի մեծ երկրաշարժի օրերուն, 1988-ին, մարդասիրական մեծ օժանդակութիւն հասցուցած է աղէտեալ հայ ժողովուրդին: Անոր օժանդակութիւնը եղած է նիւթակ, բարոյական եւ բժշկական:

Յովսէփեան եղած է Նիւ Եորքի եւ Արեւելեան Ամերիկայի ղեկավար ռամկավար ազատականներէն մէկը: Իր անունով կոչուած է Ռ․Ա․Կ․-ի Նիւ Եորքի ակումբը[6]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 https://mirrorspectator.com/2011/05/14/honoring-ny-area-early-writers-and-intellectuals-of-the-mirror-spectator/
  2. New York State Journal of Medicine (անգլերէն)։ Medical Society of the State of New York։ 1953։ էջ 219 
  3. New York State Journal of Medicine (անգլերէն)։ Medical Society of the State of New York։ 1953։ էջ 219 
  4. «Honoring NY-Area Early Writers and Intellectuals of the Mirror-Spectator»։ The Armenian Mirror-Spectator (անգլերէն)։ 2011-05-14։ արտագրուած է՝ 2021-05-13 
  5. «Humble FAR Honoree Housepian Follows in Parents' Footsteps» (անգլերէն)։ 16 January 2010 
  6. «Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Մովսէս Յովսէփեան»։ Hairenik Weekly Newspaper։ 2023-05-11։ արտագրուած է՝ 2023-07-19