Յակոբ Այնթապլեան

Յակոբ Գէորգ Այնթապլեան (18 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-18)[1], Հալէպ), հայ բժիշկ, սրտաբան։

Յակոբ Այնթապլեան
Ծնած է 18 Դեկտեմբեր 1939(1939-12-18)[1] (84 տարեկան)
Ծննդավայր Հալէպ
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
Ուսումնավայր Հռոմի Սապիենզա համալսարան?
Կոչում փրոֆեսոր
Մասնագիտութիւն բժիշկ, սրտաբան
Անդամութիւն Նյու Յորքի գիտությունների ակադեմիա?

Ծնած է Հալէպ, Սուրիա, Դեկտ.18, 1939 թվականին։ Հօր անունը՝ Գէորգ, Մօր անունը՝ Մարիամ, ծնած են Հռոմկլա, Կիլիկիա (Թուրքիա)։ Ունեցած է 4 եղբայրներ եւ 1 քոյր։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է, Հալէպի ՀԲԸՄ-Վարդանեան վարժարանը, ապա Հալէպի Վենետիկի Մխիթարեան վարժարան 1953-1954 թուականներուն։ Իր ուշիմութեան եւ ջանասիրութեան շնորհիւ, վարժարանի տեսչութիւնը, իտալաբնակ բարերար Երեւանդ Հիւսիսեանի հովանաւորութեամբ, զինք կ'ուղարկէ Վենետիկ Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը կ'աւարտէ 1958-ին բարձրագոյն նիշերու արժանանալով եւ տեսչութիւնը նոյն բարերարի հովանաւորութեամբ կը յատկացնէ համալսարանական կրթաթոշակ։ Մուրատ Ռսփայէլեան վարժարան ուսանած շրջանին հակում կ'ունենայ Գրականութեան, Հայոց լեզուի, Հայոց պատմութեան եւ գեղարուեստի։ Կը վարէ վարժարանի «Կռունկ» պարբերականի քարտուղարի պաշտօնը, միաժամանակ կը թղթակցի Փարիզի «Յառաջ» թերթի հետ։ Իր ընթերցասիրութեան եւ ուսումնասիրութեան համար կը նշանակուի վարիչ վարժարանի գրադարանին։ Մուրատ Ռափայէլեան ուսումնավարտ 1958-ին, իր 6 դասընկերներու հետ կը յաճախեն Հռոմի պետական համալսարան ուր 3 տարի ձրավարժ կ'ուսանի իր բարձր նիշերու համար եւ կը հետեւի բժշկութեան մասնագիտութեան։ Համալսարանական ուսումը աւարտելով կ'ամունանայ Իրանահպատակ Լուտովիկա Թադէոսեանի հետ, Վատիկանի մէջ Հայկական ծէսով, Ս. Ղազարէն ուղարկուած Մխիթարեան միաբանի պսակադրութեան ծիսակատարութեամբ Սեպտ. 1966-ին։ Միացեալ նահանգներու բժշկութեան պետական քննութիւնը հեռակայ կարգով Հռոմի մէջ յաջողութեամբ աւարտելով Հոկտ.1966-ին, կ'ընդունուի Նիւ Եորքի Լոնկ Այլընդ Ճուիշ Մեդիկալ Սենտըր (Long Island Jewish Medical Center) իր մասնագիտեւթիւնը շարունակելու, Ներքին հիւանդութիւններու եւ Սրտաբանութեան մէջ, 1966-1973 թուականներուն։ Մասնագիտութիւնները աւարտելով կը մնայ նոյն հիւանդանոցի մէջ որպէս սրտաբանութեան տնօրէնի օգնական՝ վերահսկելով սրտաբանութեան եւ անօթագրութեան մասնագիտացողներու, միաժամանակ հետազօտութիւններ կատարելով։ Մինչեւ 1980 թ. առանձին եւվ խմբովին կը հրատարկեն 27 սրտաբանականգիտական յօդուածներ, որոնցմէ 12-ը կը ներկայացուի Ամերիկեան եւ միջազգային տարեկան համաժողովներու։ 1980-ին կը հրաւիրուի Իստ Տենեսիի (East Tennessee) համալսարանի բժշկական համալսարանի սրտաբանութեան եւ անօթագրութեան բազինը վարելու որպէս տնօրէն եւ օգնական փրոֆեսորի տիտղոսով։ Լիբանանի քաղաքական կռիւներու պստճառով ծնողքըեւ եղբայրները կը տեղափոխուին Քալիֆորնիա, որոնց կը միանայ կնոջ հետ եւ բժշկական դարմանատուն կը հաստատէ 1981 թ.‑ին Հոլիվուդ եւ Կլենդէյլի մէջ։

Հանրային գործունէութիւն Խմբագրել

Հայկական միջավայրի մէջ յօդուածներով, բանախօսութիւններով եւ հեռատեսիլի ելոյթներով կ'անդրադառնայ ազգային պահանջատիրութեան, ազգային գաղափարախօսութեան, Հայոց լեզուի եւ սրտանօթային հարցերու... Միաժամանակ օգտակար ըլլալով Հայաստանէն արտագաղթող հազարաւոր Հայերու առողջապահահական եւ ընկերային հարցերը լուծման։

Օգտակար կ'ըլլայ ձրիաբար բուժելով եւ դեղորայք հայթայթելով հարիւրաւոր Հայաստանէն եւ Արցախէն առողջակսն հարցերով Լոս Անճելըս ժամանած մտաւորական գրագէտ-արուեստագէտ եւ քաղաքական գործիչներու (Գէորգ Էմին, Էդ. Յովանէսեան, Էդ. Միրզոյեան, Լուսինէ Զաքարեան, Վ. Դաւթեան, Հ. Սահեան, Զ. Պալաեան եւ այն)։

Հայաստանի Երկրաշարժէն եւ Արցախի Հայ-Ատրպէյճանական հակամարտութենէ տուժած ընտանիքներուն եւ անոնց զաւակներուն տարիներով նպաստած է Հայաստանի ընկերային ապահովութեան նախարարութեան միջոցով։

Ծնողազուրկ եւ կարիքաւոր 104 ուսանող, ուսանողուհիներու համալսարանական ծախսերը հոգացած է, որոնք մասնագիտացած են իրաւաբանութեան, բժշկութեան, երաժշտութեան, հաշուապահութեան, վարչարարութեան, մանկավարժութեան, բազմարուեստից (Polytechnic) համալսարանի եւ այլ ճիւղերու մէջ։

Սերտօրէն գործակցած է «Սփիւռքի Կոմիտէի», Կ. Դալլագեանի, Համազապեանի, Վ. Դաւիթեանի եւ այլ պետական անձերու հետ, անհատբերու միջոցով դեղորայք ուղարկելով Հայաստանի երկրաշարժէն մինչեւ 1996 թուականները։

Նշանակալի է Փրոֆ. Հրանդ Թամրազեանի եւ Հրայր Պապեանի սրտի գործողութիւններու նպաստը։

Որպէս Քալիֆորնահայ բժշկական միութեան Հայաստանի նպաստի ատենապետ, Հայաստան մեկնող առաջին բժիշկներէն մին էր, որ երկրաշարժէն վնասուածներու դեղորայք եւ բժշկական օգնութիւն հասցուց եւ 2 շաբաթ անձնական բուժական նպաստով եւ խորհուրդներով շատերու սրտաբանական հարցերը լուծեց[2]։

Հանրային եւ Միութենական գործունէութիւն Քալիֆերնիոյ մէջ Խմբագրել

  • Նաւասարդ գրական-Մշակութային պարբերականի խմբակրական կազմի անդամ եւ նիւթապէս նպաստող։
  • Մխիթարեան մշակութային միութեան ատենապետ։
  • Քալիֆորնիահայ բժշկակակ միութեան փոխ ատենապետ եւ Հայաստանի օգնութեան ատենապետ։
  • Լոս Անճելըսի Հայ միութեան (Իրանահայ միութեան) ատենապետ։

Գրական գործունէութիւն Խմբագրել

  • Հայերէն յօդուածներ- Յառաջ, Ասպարէզ, Նոր Կեանք, Հայ Կեանք, Նոր Օր,Նաւասարդ թերթ-պարբերականներու մէջ 1984-2014։
  • Վերադարձ -բանաստեղծութիւններու գրքոյկ - 2000[2]։
  • Արդի Հայերէնի համապարփակ բառարան, փրոֆ. Արտէմ Սարգսեանի համահեղինակութեամբ։ Երեքհատորեայ 120.000 բառերէ կազմուած եւ վերանայուած Ստ. Մալխասեանցի, Էդ. Աղայեանի եւ այլ բացատրական բառարանները։

Սրտաբանական ուսումնասիրանակ եւ հետազօտական յօդուածներ եւ գիտական զեկուցումներ համաժողովներու։ Խմբագրել

  • 27 Հրատարակուած յօդուածներ սրտաբանական նիւթերու։
  • 12 Միացեալ նահանգներու եւ միջազգային համաժողովներու զեկուցումներ։

Բարեգործութիւններ (1981- 2020) Խմբագրել

Մեկենասութիւն Խմբագրել

Տասնեակ մը գրքերու - Գրական, լեզուաբանական, Հայ ճարտարապետական եւ բառարաններու։

Հովանաւորութիւն Խմբագրել

  • 104 Հայ ծնողազուրկ եւ կարիքաւոր ուսանող-ուսանողուհիներու համալսարանական եւ մասնագիկական ծախսերը հոգալով, Բժշկութեան, Մաթեմատիկայի, իրաւաբանութեան, Հաշուապահութեան, Բնագիտութեան, Բանասիրաւթեան, Երաժշտութեան, Ճարտարագիտութեան եւ այլ մասնագիտութիւններու մէջ։
  • 105 Ծնողազուրկ եւ բազմազաւակ ընտանիոներու նպաստ

Կրթական կեդրոններ եւ եկեղեցաշինութիւն Խմբագրել

  • Արցախ -Ստեփանակերտ, Գրիգոր Նարեկացի համալսարսնի մէջ «Արեւմտահայերէնի, Գրաբարի եւ Հայագիտութեան Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան գիտահետազօտական ուսումնական կեդրոն»[3]:
  • Էջմիածին -«Ակունք» Տոքթ. Յակոբ եւ Լուտովիկա Այնթապլեան կեդրոն, որ պիտի ծառայէ՝ Արեւմտահայերէնի, Գրաբարի ուսուցման եւ յառաջած համակարգչային տեղեայնութեան ուսուցման[4]: Այս կեդրոնը յանձնուած է «Միասնութեան Խաչ» կազմակերպութեան տնօրէնութեան։
  • Արցախ- Աստղաշէնի եկեղեցւոյ նորոգութիւն։

Հանրային նպաստներ Խմբագրել

  • Լոս Անճելըսի Մխիթարեան վարժարանի, նշանանակալի գումար։
  • Տարեկան նպաստներ
    • Հայկական թերթերու, մշակութային միութիւններու,
    • Մաշտոց Գոլէճի սաներու հովանաւորութիւն
  • Հովանաւորում
    • US Armenia Հայկական «Մեր լեզուն մեր խօսքը” ծրագրի հովանաւորութիւն։
    • American University of Armenia - Ուսանողի հովանաւորութիւն
    • Իրանահայ միութեան նշանակալի պարտամուրհակի պարտքի վճարում։

Պաշտօններ Խմբագրել

  • Քարտուղար։ «Հռոմի ուսանողական միութեան»,
  • Փոխ Ատենապետ «Քալիֆորնիահայ բժշկական միութեան»,
  • Ատենապետ «Քալիֆորնիոյ Մխիթարեան մշակութային միութեան»,
  • Վարչական «Նաւասարդ» գրական-Մշակութային պարբերականի ,
  • Ատենապետ, «Մեսրոպեան Ուխտ լեզուապահպանական միութեան»,
  • Ատենապետ «Լոս Անճելըսի Հայկական միութեան «(Իրանահայ միութիւն)

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել