Յակոբ Բաղդասարեան

Յակոբ Բաղդասարեան (30 Մարտ 1948(1948-03-30), Թեհրան, Իրան - 19 Սեպտեմբեր 2017(2017-09-19), Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[1]), սփիւռքի տարածքին, ան իր օժանդակութիւններով զօրավիգ կանգած էր Հայ Դատի ջատագովման։

Յակոբ Բաղդասարեան
Ծնած է 30 Մարտ 1948(1948-03-30)
Ծննդավայր Թեհրան, Իրան
Մահացած է 19 Սեպտեմբեր 2017(2017-09-19) (69 տարեկանին)
Մահուան վայր Կլենտէյլ, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Քուշեշ-Դավթյան դպրոց?
Մասնագիտութիւն ակտիվիստ
Անդամութիւն Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամուսին Հիլտա Ոսկանեան
Ծնողներ Պետրոս եւ Մարուշ Մալիք Բաղդասարեաններ
Երեխաներ Գեւիկ եւ Փիթըր

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Յակոբ Բաղդասարեան զաւակն է Պետրոս եւ Մարուշ Մալիք Բաղդասարեաններու: Իր չորս քոյրերուն՝ Նորայի, Էմմայի, Ռիմայի եւ Ասիայի հետ, ան հասակ նետած է Թեհրանի մէջ։ Ան յաճախած է տեղւոյն Քուշեշ հայկական վարժարանը, մինչեւ 15 տարեկան, երբ իր հօր անակնկալ մահուան պատճառով կը պարտադրուի ստանձնելու անոր աշխատանքին պատասխանատուութիւնը՝ պահպանելով իր հօր արդար ու անկեղծ գործարարի վարկը, նոյն ժամանակ գործի կարելիութիւններ հայթայթելով Թեհրան նոր ժամանող հայորդիներու:

1973-ին, ան ամուսնացած է Հիլտա Ոսկանեանի հետ, բախտաւորուելով երկու զաւակներով՝ Փիթըր եւ Գեւիկ, իսկ 1979-ի Իրանի իսլամական յեղափոխութենէն ետք, ան ընտանիքով գաղթած է Միացեալ Նահանգներ, հաստատուելով Լոս Անճելըս: Իր ճաշարաններէն առաջինը՝ «Մասիս Քեպապ»ը, Կլենտէյլի մէջ բանալով՝ ան յաջողութիւն կը գտնէ, նպաստելով իր ընտանիքին ու նոյն ժամանակ հայ համայնքի բնարօրութեան:

Անդամակցութիւն

Խմբագրել

Յակոբ Պաղտասարեան անդամ էր Հայ կրթական հիմնարկութեան վարչութեան, ինչպէս նաեւ մօտէն կը գործակցի հայկական կազմակերպութեանց հետ, ներառեալ՝ ՀՄԸՄ-ի, ՀՕՄ-ի, Միացեալ հայկական հիմնադրամին եւ Հայկական աչքի խնամքի ծրագիրին։

Հայ կրթական հիմնարկութեան Վարժարաններու նորոգութեան ծրագիրին աշխատանքները իրագործելու նպատակով, Պաղտասարեան յաճախ կ՛այցելէ Հայաստանի գիւղական շրջանները եւ իր միջոցներով կը հովանաւորէ Հայաստանի, Արցախի եւ æաւախքի մէջ շարք մը վարժարաններու կառուցումը կամ նորոգութիւնը։

Մեծարանք, մրցանակ եւ շքանշան մատուցուած բարեգործութիւններ եւ ծառայութիւններ

Խմբագրել

31 Յունուար 2016-ին Հայ կրթական հիմնարկութիւնը, որ հիմնուած է 1950-ին, իր 65-ամեակի տօնակատարութեան ընթացքին, կը մեծարէ համայնքային եւ հանրային երկարամեայ գործիչ Յակոբ Բաղդասարեանը, իբրեւ գնահատանք՝ հայութեան եւ Հայ կրթական հիմնարկութեան իրեն մատուցած սպասարկութիւններուն եւ աջակցութեանց։ Յակոբ Բաղդասարեան կը ստանայ Հայ կրթական հիմնարկութեան «Կեանք Մը Սպասարկութիւն» մրցանակը։

Մարտ 2017-ին, Հայ Մշակութային հիմնարկութիւնը մեծարած էր տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Բաղդասարեանները, համայնքին տրամադրած իրենց ծառայութիւնները դրուատելով, իսկ 2011-ին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին «Ժառանգութիւն» մրցանակը շնորհելով Յակոբ Բաղդասարեանին։

Յակոբ Բաղդասարեան արժանացած է նաեւ ՀՕՄ-ի, Ազգային առաջնորդարանի, Հայ Մշակութային հիմնարկութեան եւ այլ կազմակերպութիւններու մեծարումներուն։

Անոր աջակցութիւններուն շնորհիւ կարելի եղած է Շամլեան Ազգային վարժարանի մարզական արդիական դաշտ մը ունենալ: Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեանները 250,000 տոլարի իշխանական նուիրատուութիւն մը կատարեցին Շամլեան Ազգային վարժարանին: Այս աջակցութեան փոխարէն, վարժարանը որոշեց Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեաններու անունով մկրտել մարզասրահը։ իսկ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի մէջ նորոգուած կամ կառուցուած են դպրոցներ եւ համայնքային կեդրոններ։ Սփիւռքի տարածքին, ան իր օժանդակութիւններով զօրավիգ կանգած է Հայ Դատի ջատագովման։

Արցախի մէջ Յակոբ Բաղդասարեանի բարեգործութիւնները եւ նուիրուածութիւնը գնահատելու նպատակով, Արցախի նախագահ Արկադի Ղուկասեան 2005-ին անոր շնորհած էր հանրապետութեան «Երախտագիտութիւն» շքանշանը։

2006ին, Հայ-ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակը զինք մեծարեց «Տարուան Հայ Գործարարը» մրցանակով։

2010ին, ՀՕՄ-ի Ջաւախքի հիմնադրամը եւս մեծարեց զինք, եւ նոյն տարին, Յակոբ եւ Հիլտա Բաղդասարեանները «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանը ստացած են, ձեռամբ Արամ Ա. կաթողիկոսի:

2019 Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին հովանաւորութիւնը

Խմբագրել

20 Հոկտեմբերի 2019-ի Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Հիլթըն» պանդոկի սրահին մէջ։ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գեւիկ եւ Փիթըր Բաղդասարեաններ որոշած են ստանձնել Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին հովանաւորութիւնը՝ ի յիշատակ իրենց հանգուցեալ հօր՝ Յակոբ Բաղդասարեանի։

«Յակոբ Բաղդասարեան ոչ միայն մեր համայնքին գլխաւոր սիւներէն մէկն էր, այլ նաեւ մեծապէս նպաստած էր Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի բարգաւաճման ջանքերուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամ, իրաւաբան Լինա Դաւիթեան՝ աւելցնելով. «Նկատի ունենալով Հայ Դատի ջատագովման նպատակով Յակոբ Բաղդասարեանի տասնամեակներու ծառայութիւնները, վարչութիւնը որոշած է իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին լուսարձակի տակ առնել անոր ազգանուէր գործունէութիւնը եւ շնորհակալ ենք, որ Բաղդասարեան ընտանիքի անդամները, շարունակելով վառ պահել իրենց հօրմէն ժառանգած հայրենասիրութիւնը, բարերարութիւնը եւ ղեկավարի արժանիքները՝ որոշած են առատաձեռնօրէն նեցուկ կանգնիլ այս ձեռնարկին»։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «ՄԱՀԱԶԴ- ՅԱԿՈԲ ԲԱՂԴԱՍԱՐԵԱՆ»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2017-09-21։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-07-02-ին։ արտագրուած է՝ 2019-11-14 

Աղբիւրներ

Խմբագրել