Յակոբ Գաբրիէլեան
Գաբրիէլեան Յակոբ(26 Սեպտեմբեր 1885, Տիգրանակերտ - ․․․), հայացած փաստաբան։
Յակոբ Գաբրիէլեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 26 Սեպտեմբեր 1885 |
Ծննդավայր | Տիգրանակերտ |
Մահացած է | անհայտ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Տիգրանակերտ 26 Սեպտեմբեր 1885-ին Քաղդէացի ծնողքէ մը: Սկզբնական կրթութիւնը ստացած է իր ծննդավայրի պետական «Ռիշտի վաթան» դպրոցին մէջ։ Պատանութեան շրջանին դժբախտութիւնը կ՚ունենայ կորսնցնելու իր հայրը, եւ իր կիսատ թողած ուսումը շարունակելու եւ կատարելագործելու մտադրութեամբ եւ դժպհի կացութեան բերումով հարկադրուած՝ Համիտեան ահաւոր հալածանքէն վերջնականապէս կը թողու իր ծննդավայրը առանց վհատելու, տաժանելի ճամբորդութենէ յետոյ կը յաջողի Կալկաթա (Հնդկաստան) մտնել:
1910-ին կ՚աւարտէ տեղւոյն «Այրիշ Քրիշտիէն Պրըտըրս» բարձրագոյն վարժարանի լիակատար դասընթացքը: Մինչեւ համաշխարհային պատերազմի հռչակումը (1914) կը վարէ առեւտրական եւ պետական պաշտօններ Հնդկաստան եւ Պասրա: Ապա տարիներով ինքնաշխատութեան կը նուիրուի, ուսումնասիրելով Անգլիական եւ Օսմանեան կառավարութեանց ընդհանուր օրէնքները:
1915-ին իբրեւ փաստաբան Անգլիական կառավարութենէն վկայականով իրաւունք կը ստանայ իր արուեստը կիրարկելու Պասրայի մէջ։ 1919-ին նոյն իրաւունքը կը շնորհուի նաեւ Իրաքեան կառավարութեան կողմէ:
Յաճախ գնահատուած է Պասրա նահանգի դատարաններու ընդհանուր Նախագահ Գըրնըլ Նօքսի կողմէ: 1923-ին, յետ քննութեան փաստաբանի վկայական կը ստանայ Իրաքի կառավարութենէն՝ բովանդակ երկրին մէջ իր արուեստը կիրարկելու համար: Հմուտ է արաբերէն, անգլիերէն, թուրքերէն լեզուներու. կը խօսի նաեւ հայերէն: Իր անհատական կեանքէն զատ ունեցած է ազգանուէր ծառայութիւններ: Քանիցս ընտրուած է Պասրայի Հայոց Ազգ. Թաղական խորհրդոյ, Հոգաբարձութեան անդամ եւ Ազգային երկսեռ վարժարանի վերատեսուչ: Իբրեւ հայասէր եւ օրէնսգէտ փաստաբան վայելած է յարգանք:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Գ., էջ 422: