Յակոբ Մարտիրոսեան
Յակոբ Մարտիրոսեան (ծն․՝ 1943, Արաբ-բունար (Սուրիա))-ին: Վարած է զանազան հաստատութիւններու բաժնի տնօրէնութեան պաշտօններ: Հիմնադիը Անթիլիասի ՌԱԿ Յովսէփեան ակումբին: խմբագիր[1]:
Ծնած է | 1943 |
---|---|
Ծննդավայր | Սուրիոյ Արաբ-բունար գիւղաքաղաքը |
Քաղաքացիութիւն | Սուրիա |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | Հիմնադիր Անթիլիասի ՌԱԿ Յովսէփեան ակումբին |
Մասնագիտութիւն | հաշուապահութեան եւ տնտեսագիտութեան մարզեր |
Աշխատավայր | Հաստատութիւններու բաժնի տնօրէն: Խմբագիր: |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՅակոբ Մարտիրոսեան ծնած է Սուրիոյ Արաբ-բունար գիւղաքաղաքը 1943-ին: 1949-ին Հալէպ փոխադրուած է ուր յաճախած է տեղւոյն Կրթասիրաց վարժարանը, ապա Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը, եւ վկայուած 1964-ին:
Նոյն տարին, քաղաքական աննպաստ պայմաններու հետեւանքով ընտանեօք տեղափոխուած են Լիբանան, Պէյրութ, ուր շարունակած է իր ուսումը, հաշուապահութեան եւ տնտեսագիտութեան մարզերուն մէջ:
Ապա լծուած աշխատանքի զանազան հաստատութիւններու մէջ, ինչպէս Ապրոյեան հաստատութիւն եւ Պանք Ալ Արապի, վարելով բաժնի տնօրէնութեան պաշտօններ:
1976-ին հաստատուած է Լոս Անճելըս, Միացեալ Նահանգներ, ուր շարունակած է աշխատիլ արհեստավարժ ինքնաշարժի ընկերութիւններու եւ հաստատութիւններու մէջ, ուսումը շարունակելով եւ մասնագիտանալով այդ ճիւղին մէջ։ Հանգստեան կոչուած է 2012-ին:
Անդամակցութիւն
ԽմբագրելՅակոբ Մարտիրոսեան անդամակցած է ՌԱԿ ՝Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, ՀԲԸՄ-ին եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան, 1958 թուականէն սկսեալ, Հալէպ, Սուրիա:
Ան շարունակած է իր միութենական եւ կուսակցական գործունէութիւնները Լիբանանի մէջ, Պէյրութ, ուր անդամակցած է Փորթուգալեան ակումբին, եւ եղած է հիմնադիը Անթիլիասի ՌԱԿ Յովսէփեան ակումբին:
Լոս Անճելըսի մէջ, շարունակած է իր միութենական եւ կուսակցական աշխատանքները վարելով ատենադպիրի պաշտօններ Գերսամ Ահարոնեան ակումբին եւ ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեանց մէջ, ատենապետի պաշտօն՝ Ռուբէն Հերեան ակումբի:
Խմբագրական աշխատանք
ԽմբագրելՅակոբ Մարտիրոսեան Վարած է «Նոր Օր» շաբաթերթի խմբագիրի պաշտօնը 2011 թուականէն մինչեւ Մարտ 2016 թուականը:
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Սիւնակագիրներ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-10-28-ին։ արտագրուած է՝ 2017-11-11