Յարութիւն Տէտէեան
Յարութիւն Տէտէեան (1832 – 1868), հայ տպագրիչ, «Տէտէեան» անունը անխզելի կապերով լծորդուած է Իզմիրեան ա՛յն դպրոցին, որ 1853- 1878 թուականներուն հարիւր հազարաւոր հատորներ, գլխաւորաբար եւրոպական հեղինակներու թարգմանութիւնները մաքուր հայերէնով մը հրապարակեց, օժանդակելով աշխարհաբառի համար եղած ջանքերուն ընդդէմ՝ գրաբարական զօրաւոր խմբակի մը,
Իզմիր եւ տպագրական աշխատանք
ԽմբագրելԻզմիրի մէջ գոյութիւն ունեցած է տպարան մը անցեալ դարուն, ուր 1762-ին հրատարակած էր «Եղնիկ»ը, անկէ վերջ 1838 թուականէն սկսեալ բողոքականութեան իբր վառարան բազմաթիւ գիրքեր լոյս ընծայուած են, բոլորն ալ կրօնական Կ. Կրիֆթի տպարանէն։ Սակայն Տէտէեանի հիմնած տպարանը 1854 թուականին եղած է ամէնէն օգտակարն ու յարատեւը։
ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
ԽմբագրելՅարութիւն Տէտէեան ծնած է 1832 Մարտ 10-ին Զմիւռնիոյ (Իզմիր) մէջ եւ աշակերտած տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանի։ Իր երիտասարդ հասակին ան ջերմ փափաքը կ'ունենայ տպարան հաստատելու եւ օգտուելով նիւթական օժանդակութենէ մը, տպարանի հրամանագիրը ապահովելով, հաստատած է իր տպարանը Հայոց թաղին մէջ`Ռէշիտէ Մեծ փողոց:
Տպարանի հաստատում
ԽմբագրելՏպարանի գիրերը բերել կու տայ Վենետիկէն ու Վիեննայէն եւ մանաւանդ Պոլսոյ Միւհենտիսեան տպարանէն։ Սակայն ինք չգոհանալով եղած կազմածներէն Փարիզ կ'ուղեւորուի, ուրկէ կը գնէ մամուլ մը եւ նոր տառեր ձուլել կու տայ Այս միջոցին իր եղբայրները, Կարապետ եւ Սարգիս կ'աջակցին իրեն նիւթապէս եւ բարոյապէս։
Այդպէսով տպարանը կազմակերպելէ վերջ, կը սկսի գործի եւ 1853–ի Յուլիսին կը հրատարակէ Արփի Արարատեան անունով թերթ մը բանասիրական, ազգային, ուսումնական եւ տնտեսական սոյն թերթը ութածալ երկէջեան էր եւ տպագրութիւնը անխնամ, թերթը երկու մաս ունէր, մէկ մասը ժամանակակից ազգային ամսաթերթերու նման այլ եւ այլ յօդուածներ, թարգմանութիւններ ու ոտանաւորներ կը պարունակէր, իսկ երկրորդ մեծագոյն մասը քանի մը եւրոպական եւ արեւելեան հեղինակութիւններու թարգմանութիւններ (Մոլիէր, Շէքսփիր, Օսմ. պատմութիւն, Հազար ու մէկ գիշերներ եւն.), որոնք թերթ առ թերթ իւրաքանչիւր թիւի հետ տպուելէ յետոյ զատ–զատ գիրքեր կը կազմէին։ Ասոնց մէջ նշանաւոր է Օսմ. պատմութեան պատկերները, իբր գեղատիպ նկարներ։ Այս ուղղութիւնով երկու տարի շարունակուեցաւ թերթը, իսկ Գ. տարին մինչեւ 1856 Յունուար (7–րդ թիւ), որմէ ետք դադրեցաւ։
Տէտէեան խմբագրական մեծ արժանիքով մը չփայլեցաւ իր այս թերթով, հետեւաբար մեծ տեղ մը չգրաւեց իր սոյն հանդէսը Հայ պարբերականներուն մէջ։ Սակայն իր թերթին դադրելովն չդադրեցաւ իր գործունէութիւնը, այլ աւելի լուրջ ձեւ ու կերպարանք ստացաւ, ո՛չ միայն ինք ըրաւ թարգամնութիւններ (Մօնթէ-Քրիսթօ Ա. Տիւմա, Գաթէրին Հօուարտ եւն.), այլ եւ իր հրատարակչական ձեռնարկովն քաջալերեց Մամուրեանի, Չիլինկիրեանի, Մսերեանի, Նուպարեանի պէս գրագէտներ, որոնց շնորհիւ հայացան Վիքթօր Հիւկոյի, Տիւմայի, Լամարթայինի եւ այլ հեղինակներու գործերը, եւ վէպը իբր ամէնէն հրապուրիչ ձեւը ժողովուրդին ընթերցասիրութիւնը վառելու, իր նպատակին հասաւ այդպէսով։
Կեանքի աւարտ
ԽմբագրելՍակայն Տէտէեան իր այդքան աշխատութեանց արդիւնքն տակաւին չվայելած, զգաց թէ դժնդակ եւ անյոյս հիւանդութեան մը ծանր թաթը ծանրացած էր իր վրայ, ինչ որ սակայն արհամարեց իր գրասիրական ջերմ փափաքովը պարուրուած, ու գրեթէ գրիչը ձեռքը փորձեր սրբագրելով զբաղած՝ մեռաւ 1868 Դեկտեմբեր 25–ին։
Մահուընէ վերջ իր եղբայրները շարունակեցին նոյն գործը յարատեւելով եւ հրատարակելով նորագոյն հատորներ մինչեւ 1893 տարին։
Իր թարգմանութիւնները
Խմբագրել- «Հազար Ու Մէկ Գիշերներ» (կէսը)
- «Մօնթէ-Քրիսթօ» (6 հատոր 1867)
- «Գաթէրին Հօուարտ»
- «Մոլիէրի Ագահը»
- «Ակամայ Բժիշկը»
- «Սէրը Բժիշկ Է»
- «Ժընըվիէվ»
- «Անգեղիայ Գաճեօլի»
Աղբիւր
Խմբագրել- Յիշատակարան, Վ. Գ. Զարդարեան, Ա. հատոր, Կ. Պոլիս 1911, էջ 47: