Յովհաննէս Մարդ (բուն անունով՝ Յովհաննէս Մարգարեան, 1890[1][2], Մուժումպար, Rudqat Rural District, Sufian District, Shabestar County, Արեւելեան Ազրպէյճան, Իրան[1][2] - 3 Յունիս 1972(1972-06-03)[1][2], Թեհրան, Իրան[1][2]), բանաստեղծ եւ թարգմանիչ:

Յովհաննէս Մարդ
Նաեւ յայտնի է իբրեւ Հովհաննես Մարդ[1]
Ծնած է 1890[1][2]
Ծննդավայր Մուժումպար, Rudqat Rural District, Sufian District, Shabestar County, Արեւելեան Ազրպէյճան, Իրան[1][2]
Մահացած է 3 Յունիս 1972(1972-06-03)[1][2]
Մահուան վայր Թեհրան, Իրան[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Իրան
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, բանաստեղծ, թարգմանիչ
Աշխատավայր «Պատանի»

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Իրանի Թաւրիզի քաղաքին մօտ գտնուող Մուժումպար գիւղին մէջ: Նախնական կրթութիւնը սկսած է առնել ծննդավայրին մէջ, ապա փոքր տարիքէն ընտանիքին հետ միասին տեղափոխուած է Թիֆլիս:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Գրական գործունէութիւնը սկիզբ առած է 1912 թուականին, Մ. Էփրիկեանի խմբագրած «Պատանի» հանդէսին մէջ:

Երիտասարդ տարիքին վերադարձած է Թաւրիզ, ուր շարունակած է զբաղիլ գրական գործունէութեամբ։

Բանաստեղծութիւններ

Խմբագրել

Բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ հրատարակած է զանազան մամուլներու մէջ. անոր առաջին բանաստեղծութիւններու ժողովածուն՝ «Զուլալ երգեր» խորագրով առաջին անգամ լոյս տեսած է 1946 թուականին:

Ան իր բանաստեղծութիւններէն շատերը ստորագրած է Յովհաննէս Մարդ գրչանունով:

Թարգմանութիւններ

Խմբագրել

Գրական գործունէութեան կողքին Յովհաննէս Մարդ զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքով. «Հարազատ Էջեր» խորագրով հրատարակած է աշխարհի շատ մը բանաստեղծներու գործերը ընդգրկող թարգմանական աշխատութիւն մը, որուն յաջորդած է «Ճշմարտարան» խորագրեալ ժողովածուն, ուր բանաստեղծը թարգմանած է շատ մը յայտնի պարսիկ բանաստեղծներու գործերը[3]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել