Յովսէփ վրդ. Գալայճեան

Գերպ. Յովսէփ վրդ. Գալայճեան (ծնած՝ 1908, Քէֆէրտէզ), Տիթրոյթի կաթողիկէ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ։

Յովսէփ Գալայճեան
Ծնած է 1908
Ծննդավայր Քէֆէրտէզ, Խարբերդի Հարաւային Կողմը, Եփրատ Գետին մօտ
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Քրիստոնեայ

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Տիթրոյթի կաթողիկէ հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ Գերապայծառ Յովսէփ Վրդ. Գալայճեան ծնած է Քէֆէրտէզ գիւղը, Խարբերդի հարաւային կողմը, Եփրատ գետին մօտ։ Հոն անցուցած է իր մանկութիւնը եւ յաճախած է գիւղին դպրոցը մինչեւ 1915-ի տեղահանութիւնը։

Իր մանկութեան երկրորդ շրջանը անցուցած է որբանոցներու մէջ. նախ Հալէպ, յետոյ Պալըքէսիր՝ Պարտիզակ եւ ապա 1918-ին Պոլիս: Նախ կը մնայ Շիշլիի որբանոցը, յետոյ կը յաճախէ Սէն ժորժ. աւելի վերջը՝ Գատըգիւղի Մխիթարեան վարժարանը մինչեւ 1921: Նոյն տարին Հռոմ կը մեկնի 11 այլ մանուկներու հետ եւ 10 տարի կ'աշակերտէ Լեւոնեան Ժառանգաւորացին։

Իբր համալսարանական ուսումը ստացած է լատիներէն լեզուով, նախ Հռոմի Ուրբանեան Համալսարանին մէջ, ուր հետեւած է փիլիսոփայութեան, յետոյ 1927-1931 յաճախած է Գրիգորեան (կրէկորիանոս) համալսարանը եւ աստուածաբանական ճիւղէն տիրացած է Դոկտորի տիտղոսին։

1931-ին Հռոմի Ս. Նիկողայոս եկեղեցիին մէջ քահանայ կը ձեռնադրուի։ Տարի մը Լեւոնեան Ժառանգաւորացի մէջ դասաւանդելէ ետք կը մեկնի Պէյրութ եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ կը ստանձնէ քարտուղար-դիւանապահի պաշտօնը։ Ազատ ժամերուն կը յաճախէ Լիբանանի երաժշտանոցը, 7 տարի յետոյ, երեք տարի երգեհոնի դասեր կ'առնէ Ամերիկեան երաժշտանոցի տեսուչէն. միեւնոյն ատեն կը հետեւի ձայնամարզութեան։ Պէյրութի մէջ կը կազմէ «Կիլիկիա» երգչախումբը եւ համերգներ կու տայ տասը տարի։ Դասաւանդած է Հայ Քոյրերու վարժարանին մէջ։

1946-ին ֆիլատելֆիա կը հրաւիրուի Կարտինալ Աղաճանեանին կողմէ, որպէս եկեղեցւոյ օգնական հովիւ։ Հոն կը կազմէ Կոմիտաս երգչախումբը եւ համերգներ կը կազմակերպէ։ 1948-ին Տիթրոյթ կու գայ, ուր կը կազմէ երգչախումբ մը. նաեւ կը կատարէ հրատարակչական աշխատանք։ Գերապայծառութեան տիտղոսին կ'արժանանայ 1973-ին, ձեռամբ Գերապայծառ Երուանդ Թ.Ծ.Վ. Գորտիկեանի։ Սոյն տիտղոսը իրեն նուիրուած էր Սրբազան Քահանայապետ Պօղոս Զ.ի կողմէ։

Գործերը

Խմբագրել

Իր հրատարակուած գործերն են.

  • «Փունջ Երգեր» (քերթուածներ, ի յիշատակ Մեծ Եղեռնի Հայ Նահատակներուն, Ս. Ղազար Վենետիկ, 1965)։
  • «Կոմիտաս Վրդ.ի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ (գրքոյկ, 1969)։
  • «In My Solitude» (քերթուածներ, անգլերէն, 1972)։
  • «Կենսագրութիւն Յ. Նազլեան Արքեպիսկոպոսի (Վենետիկ, 1973)։
  • «Գեր. Յովսէփ Վրդ. Գալայճեանի Կեանքն ու Գործը» (իր քահանայութեան 50-ամեայ յոբելեանին առթիւ. կը պարունակէ նաեւ իր յօրինած ու դաշնաւորուած քառաձայն խմբերգները, Տիթրոյթ, 1982)։
  • «Մեներգներ եւ Մշակումներ» (Տիթրոյթ, 1984)։
  • «Մտածումներ»։
  • «Դատումներ»։
  • «Գնահատումներ» (Տիթրոյթ, 1987)։
  • «Մտքի Կայծեր (Լոս Անճելըս, 1987, անգլերէնի թարգմանուած)։
  • «Յուշեր Հայ Որբի մը Մանկութեան օրերէն»։
  • «Ականատեսի Վկայութիւններ Եղեռնէն» (Լոս Անճելըս, 1989)։
  • «Քառաձայն Խմբերգներ»։
  • «Աստուածամօր Նուիրուած Շարականներ» (Տիթրոյթ, 1989):

Ութը տարի լոյս ընծայած է «Վարդենիք» պարբերաթերթը (1950-1958): Աշխատակցած է Լիբանանի «Ազդակ» եւ «Եփրատ» թերթերուն եւ «Աւետիք» ամսագրին։

Հայր Յովսէփ Գալայճեան իրգործերուն մէջ, մանկութենէն հարազատ պատկերներ կ'արտայայտէ[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։