Նաժտաթ Իսմա'իլ Անզուր

Պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու եւ մեծ պաստառի բեմադրիչ։

Նաժտաթ Իսմա'իլ Անզուր (արաբերէն՝ نجدة إسماعيل أنزور‎, 26 Նոյեմբեր 1954(1954-11-26), Հալէպ, Սուրիա), պատկերասփիւռային ֆիլմաշարերու եւ մեծ պաստառի բեմադրիչ։

Նաժտաթ Իսմա'իլ Անզուր
Ծնած է 26 Նոյեմբեր 1954(1954-11-26) (69 տարեկան)
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
Մասնագիտութիւն հեռուստառեժիսոր, ժապաւէնի բեմադրիչ

Կեանք եւ գործունէութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Հալէպի Միտան (Նոր Գիւղ) շրջանին մէջ, սուրիական շարժանկարի հիմնադիրներէն հանդիսացող իր հօր Իսմա՛իլ Անզուրի յարկին տակ:

Ֆիլմաշխարհի հանդէպ իր սէրն ու դաստիարակութիւնը ստացած է իր հօրմէն, 1931-ին սուրիական առաջին մունջ լիամեթրաժ ժապաւէնը («Դամասկոսի երկինքին տակ») պատրաստած Իսմա՛իլ Անզուրէն:

1973-ին, երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք, յաճախած է համալսարան՝ իբրեւ գիւղատնտեսութեան ուսանող: Սակայն երրորդ տարին լքած է համալսարանը եւ նետուած է ֆիլմաշխարհ:

Լիբանանի եւ Յորդանանի մէջ ծանուցումներու բազմաթիւ ժապաւէններ եւ փաստագրական ֆիլմեր պատրաստելէ ետք, 1988-ին հրապարակ կ'իջեցնէ արաբական առաջին վիտէօ-քլիփը, ապա՝ «Պտոյտ մը աւազներուն վրայ» պատկերասփիւռային ժապաւէնը, որ հակառակ 42 երկիրներ ներկայացնող մրցակից գործերու՝ իրեն կ'ապահովէ Պաղտատի պատկերասփիւռի միջազգային փառատօնին «Պրոնզեայ Արմաւենի» մրցանակը:

Այնուհետեւ, իբրեւ ինքզինք պարտադրած բեմադրիչ Յորդանանի եւ Տուպայի մէջ իրականացուցած է շարք մը ֆիլմաշարեր, որոնցմէ կ'արժէ նշել «Արեան գիծը», «Ադամանդներ», «Դատաստաններ առանց բանտի», «Գիշատիչները» անուն գործերն ու «Արեւելեան հեքիաթ մը» շարժապատկերի ժապաւէնը:

«Ալ-Շամ» ընկերութեան հրաւէրով արաբական ու միջազգային բազմաթիւ փառատօներու դատակազմերուն կողմէ բարձր գնահատուած բեմադրիչը կը վերադառնայ Դամասկոս ու յաջորդաբար կը բեմադրէ «Քաջ մարդու մը վախճանը» եւ «Հողին եղբայրները» անուն ուշագրաւ ֆիլմաշարերը[1]:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «نجدة إسماعيل أنزور - ﺇﺧﺮاﺝ فيلموجرافيا، صور، فيديو»։ elCinema.com (արաբերէն)։ արտագրուած է՝ 2024-09-18 

Աղբիւրներ

Խմբագրել