Նշան Ա. Քհնյ. Մարգարեան
Նշան Ա. Քհնյ. Մարգարեան (1869, Բալու-1953, Հալէպ), ծխատէր քահանայ, հոգեւոր հովիւ:
Նշան Ա. Քահանայ Մարգարեան | |
---|---|
Ծնած է | 1869 |
Ծննդավայր | Բալուի Արմուճեան |
Մահացած է | 13 Դեկտեմբեր 1953 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Աշխատավայր | ուսուցիչ |
Երեխաներ | Մարգար |
Կեանքը
ԽմբագրելԱւազանի անունով՝ Աստուածատուր, որդի Մարգարի եւ Եղիսաբէթի, ծնած է բալուցի ծնողքէ, Բալուի Արմուճեան գիւղը, 1869-ին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին ծխական վարժարանին մէջ։ Այնուհետեւ ինքնաշխատութեամբ սորված է կրօնական, եկեղեցական ու պատմական նոր գիտելիքներ։ Իբրեւ արթուն եւ ընդունակ երիտասարդ, ան նետուած է կրթական ասպարէզ եւ երկար տաս տարիներ ուսուցչական պաշտօն վարած է ծննդավայրին ու Խարբերդի գիւղերուն հայկական զանազան վարժարաններուն մէջ։
Ան կը պսակուի Բալուի մէջ եւ կ'ունենայ երեք զաւակ, որոնցմէ երկուքը տարագրութեան ընթացքին կը մահանան եւ կ'ապրի միայն Մարգար զաւակը։
Բալուի եւ շրջակայ հայկական տասներեք գիւղերու ժողովուրդին փափաքին ընթացք տալով, Աստուածատուր կ'որոշէ քահանայ ձեռնադրուիլ, եւ Առաջնորդին յանձնարարագիրով կը մեկնի Ատանա, ձեռնադրուելու համար։
Ատանայի Հայոց Առաջնորդ՝ Տ. Մուշեղ Եպս. Սերոբեանի ձեռամբ տեղի կ'ունենայ իր քահանայական ձեռնադրութիւնը, Ատանայի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, 13 Յունուար 1908-ին, վերակոչուելով Տէր Նշան։
Քահանայութեան քառասնօրեայ շրջանը անցընելէ ետք, Առաջնորդին տնօրինութեամբ կարճ ժամանակուան մը համար կը ծառայէ Ատանայի շրջակայքը գտնուող Այաս եւ Նաճարլու կոչուած գիւղաքաղաքներուն մէջ։ Իրեն վստահուած ժամանակաւոր կրօնական առաքելութիւնը կատարելէ ետք, ճամբայ կ'ելլէ դէպի իր ծննդավայրը: Ճամբու ընթացքին թուրք ոստիկանները զինք կը ձերբակալեն անձնաթուղթ չունենալուն պատճառով եւ իրրեւ կասկածելի մարդ, երկու ամիս կր բանտարկեն Մարաշի մէջ։ Բարեբախտաբար, տեղւոյն Առաջնորդական տեղապահ՝ Տ. Գարեգին Վրդ. խաչատուրեան կը միջամտէ եւ անոր ջանքերով Տէր Հայրը ազատ կ'արձակուի ու կը մեկնի Բալու։ Ան իր ծխական ժողովուրդին կը միանայ 1908-ին, Սահմանադրութեան նախօրեակին։
Ան հազիւ մէկուկէս տարուան քահանայ էր, երբ կը կորսնցնէ իր կեանքի ընկերը՝ երէցկինը։
Զաւակներուն կորուստն ու երէցկնոջ անակնկալ մահը թէեւ զինք կը ցնցեն ու իր կեանքին մէջ պարապութիւն մը կը ստեղծեն, բայց ան կը տոկայ ու կը հաշտուի ճակատագիրին հետ, կր վերագտնէ ինքզինք ու նախկին եռանդով կը շարունակէ իր կրօնական առաքելութիւնը։
1915-ի Մեծ Եղեռնին, կը կորսնցնէ իր բոլոր մօտիկ ազգականներն ու հարազատները։ Բայց երեք տարի ետք, կը վերագտնէ իր կորսուած Մարգար զաւակը։ Այդ բոլոր դժբախտութիւններուն մէջ, իրեն համար ասիկա կ'ըլլայ մեծագոյն մխիթարութիւնը։
Տէր Նշան կը հետապնդուի թուրք ոստիկաններուն կողմէ։ Երբ կ'իմանայ, թէ թուրքերուն ոճիրին թիրախն է ինք, ամէն միջոցի կը դիմէ որ իր հետքը կորսնցնել տայ։ Իր եղբօր կնոջ՝ Մարգրիտի օգնութեամբ կը պահուըտի ապահով ու աննշան բնակարանի մը անկիւնը։
Այնուհետեւ, մինչեւ զինադադար, իր ինքնութիւնը կը պահէ ուսուցիչի անուան տակ մեծահարուստի մը տան մէջ ծառայելով ու պատսպարուելով։ Ան լաւ գիտէր թրքերէն ու քրտերէն լեզուները։
Զինադադարէն ետք, կ'անցնի Խարբերդ եւ վերապրող պատասխանատուներուն կը պատմէ իր գլուխէն անցածը։ Ապա, կը սկսի իբրեւ քահանայ գործել վերապրող ընտանիքներուն մէջ։ Հովիւի պաշտօն կը կատարէ նաեւ Խարբերդի շրջակայ հայկական բոլոր գիւղերուն մէջ, որովհետեւ Խարբերդի Առաջնորդական Աթոռը թափուր էր։
Կ. Պոլսոյ Պատրիարքարանի որոշումով եւ կրօնի տեսչութեան տնօրինութեամբ Տէր Նշան կր նշանակուի Խարբերդի Առաջնորդական Աթոռին տեղապահ։ Այս վարչական պատասխանատու պաշտօնը կը վարէ չորս ամիս, մինչեւ Խարբերդի նոր Առաջնորդի մը նշանակումը։
Տէր Գիւտ եպս. Մխիթարեան Խարբերդի Առաջնորդ կը նշանակուի եւ Տէր Նշան ծխական աշխատանքներուն կը լծուի։ Ան հոգեւոր հովիւ կը նշանակուի Խարբերդի եւ շրջակայ հայկական բոլոր գաւառներու ու գիւղերու վերապրողներուն։ Ինք եղած է այդ շրջանի միակ վերապրող քահանան։ Անոնց հոգեւոր կարիքները մատակարարած եւ օգնութեան հասած է վերապրող դժբախտ ընտանիքներուն՝ հինգ երկար տարիներ։
Կարճ ժամանակ մը ետք, կեանքի անապահովութիւնն ու քաղաքական աննպաստ պայմանները պատճառ կ'ըլլան, որ ան վերջնականապէս հեռանայ իր երկրէն ու շատ սիրելի Խարբերդէն։
1922-ին, իր միակ զաւակին՝ Մարգարին հետ կը գաղթէ Սուրիա եւ կը հաստատուի Հալէպ։ Կը ներկայանայ Առաջնորդին ու կը պատմէ իր տառապանքը։ Առաջնորդին տնօրինութեամբ կր նշանակուի հոգեւոր հովիւ Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Խարբերդի եւ Բալուի հայրենակիցներուն։ Հոս կը ծառայէ մինչեւ Նոր Գիւղի Ս. Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ կառուցումը, որ սկսած էր 1930-ին եւ աւարտած՝ 1933-ին։
Այս եկեղեցւոյ կառուցման համար մեծ աշխատանք կը տանի։ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Տ. Արտաւազդ Արք. Սիւրմէլեանի նախաձեռնութեամբ ու ջանքերով եւ հաւատացեալներու նուիրատուութեամբ, բայց մանաւանդ խարբերդցի ու բալուցի հայրենակիցներուն նիւթական ու բարոյական զոհողութեամբ, կը կառուցուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցին։
Տէր Նշան կը դառնայ նորակառոյց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ առաջին քահանան։ Այս եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուին սպասներ, որոնք խարբերդցի եւ բալուցի հայրենակիցներ Մեծ Եղեռնին իրենց հետ բերած են երկրէն։
Մահ
ԽմբագրելԱն վերջին տարիներուն կը հիւանդանայ եւ աչքերը կը տկարանան։ Աչքի վիրաբուժութեան կ'ենթարկուի։ Կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք կը մահանայ 13 Դեկտեմբեր 1953-ին, երբ ութսունչորս տարեկան էր։
Թաղման կարգն ու վերջին օծումը կը կատարուի ձեռամբ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Զարեհ եպս. Փայասլեանի (հետագային կաթողիկոս), եւ քահանայ հայրերու մասնակցութեամբ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, 14 Դեկտեմբեր 1953-ին։ Իսկ մարմինը կ'ամփոփուի Ազգային Գերեզմանատան մէջ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Յուսիկ Ա. քնյ. Սեդրակեան, Վարք Քահանայից Բերիոյ թեմի, հ. Ա, Հալէպ, էջ 80։