Շեփոր (հանդէս)

Գրական-պատմագիտական պատկերազարդ հանդէս։

«Շեփոր», գրական-պատմագիտական պատկերազարդ հանդէս։ Լոյս տեսած է 1912—1913 թուականներուն, Պուխարեսթ։ Հայերէն առաջին պարբերականը Ռումինիայում։ Խմբագիր-հրատարակիչ՝ Լեւոն Շահազիզեան։ Փորձած է նպասետել հայապահպանութեան, կրթական գործի կազմակերպման։

Շեփոր
Տեսակ հանդէս
Խմբագիր Լեւոն Շահազիզեան
Հիմնադրուած է 1912
Հրատարակման վայր Պուխարեսթ

Ունեցած է գրականութեան, պատմութեան, ազգային, թարգմանական եւ տեղեկատու բաժիններ։ Հանդէսին մէջ տեղ գտած են Շահան Նաթալիի, Հ․ Իոսնլարեանի, Ա․ Տիրոյեանի, Վահրամ Փափազեանի, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի եւ այլոց գրական ստեղծագործութիւնները․ Կարապետ Պասմաճեանի, Մկրտիչ Պոտուրեանի, Վահրամ Թորգոմեանի հայագիտական ուսումնասիրութիւնները։

Թարգմանաբար տպագրուած են ռումանացի գրողներու գործերը, ինչպէս նաեւ նմուշներ Ճորճ Պայրընէն, Ալեքսանդր Պուշկինէն եւ այլն։

Աղբիւրներ

Խմբագրել
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։