Շուշանիկ Կուրղինեան

Շուշանիկ Կուրղինեան (Փոփոլճեան, 18 Օգոստոս 1876, Կումայրի, Ռուսիոյ Կայսրութիւն - 24 Նոյեմբեր 1927, Երեւան[4]), արեւելահայ առաջին կին բանաստեղծուհին։


Ծննդեան անուն հայ.՝ Շուշանիկ Հարությունի Փոպոլճյան
Ծնած է 18 Օգոստոս 1876
Ծննդավայր Կումայրի
Մահացած է 24 Նոյեմբեր 1927 (51 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1][2][3]
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան Հայաստան
Ազգութիւն Հայ
Ուսումնավայր Արղության օրիորդաց դպրոց?[2]
Մասնագիտութիւն Բանաստեղծ եի ինքնակենսագիր
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն[2]

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Ալեքսանդրապոլ, 30 Օգոստոս 1876-ին։ Գրել սկսած է 1889-ին՝ աշխատակցելով օրաթերթերու եւ պարբերականներու։

Իր երգերուն մէջ ան ցնցող մանրամասնութիւններով կը ներկայացնէ կեանքի մէջ իշխող հակադրութիւնները։ Կուրղինեանի բանաստեղծական խօսքը երբեմն կը թանձրանայ տեսանելիութեան չափ եւ ապա կը վերածուի բուռն զայրոյթի անոնց դէմ, որոնց յանցանքով «տնքում է հողը շնչով մահահոտ, վիշտն է գալարւում երկրի երեսին»։ Ան թշուառին եւ զրկուածին երգիչն է։ Սակայն անոնց կեանքը երգելով, ան միշտ յուսադրած, բողոքի եւ ըմբոստութեան մղած է զանոնք։

Գրագիտուհիին զբաղեցնող գլխաւոր հարցերէն է ազգային ազատագրութեան խնդիրը, որուն ան նուիրած է քանի մը գողտրիկ քերթուածներ։

Հետաքրքրական եռանդ ունին Կուրղինեանի սիրային բանաստեղծութիւնները, որոնց մէջ ան կ'անդրադառնայ նաեւ կնոջ ստրկական վիճակին։ Այդ առումով ալ ուշագրաւ է անոր «Արծուի սէրը» քերթուածը։

 
Շուշանիկ Կուրղինեանի գերեզմանաքրը

1907 թուականին Կուրղինեան հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններու առաջին գրքոյկը «Արշալոյսի ղօղանջներ» խորագիրով, որ համբաւ բերած է իրեն։ Այնուհետեւ երկար տարիներ հանդէս չէ եկած առանձին գիրքով։ Անոր բազմաթիւ բանաստեղծութիւններէ ընտրովի ստուար հատոր մը հրատարակած է Հայաստանի պետական հրատարակչութիւնը։

Կուրղինեան մեռած է Երեւան Նոյեմբեր 24, 1927-ին։

Յիշատակ

Խմբագրել

1939-ին՝ Երեւանի Շէնգաւիթ վարչական շրջանին մէջ հիմնուած թիւ 17 գրադարանը, կը կոչուի Շուշանիկ Կուրղինեանի անունով[5]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել