Ոչ մէկ լուր արեւմտեան ճակատէն (ժապաւէն)

«Ոչ մէկ լուր արեւմտեան ճակատէն» (գերմ․՝ Im Westen nichts Neues‎), դիւցազներգական հակապատերազմական գերմանական ժապաւէն, նկարահանուած 2022-ին: Ժապաւէնը կ'անդրադառնայ Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին վերջին օրերուն գերմանացի տեսլապաշտ երիտասարդ`Փոլ Պաումըր զինուորին կեանքին։ Ան յանկարծակի կու գայ երբ դէմ հանդիման կը գտնուի պատերազմի իրականութեան հետ․ հերոս դառնալը մէկդի նետած, ամէն ճիգ կը թափէ որպէսզի վերապրի։ Յենուած է գերմանացի Էրիհ Մարիա Ռեմարքի Erich Maria Remarque վիպագիրին համանուն վէպին (1929) վրայ։

Ոչ մէկ լուր արեւմտեան ճակատէն (Im Westen nichts Neues‎)
Պատկեր:All quiet on the western front (2022 film).jpg
ժապաւէնի ազդ
Որեւէ նորութիւն արեւմտեան ճակատէն
Արտադրիչ Մալթէ Կրիւներթ, Տանիէլ Տրէյֆուս, Էտուարտ Պըրկըր
Գրագէտ Սվեն Պատլման
Հիմնուած Էրիհ Մարիա Ռեմարքի համանուն «Որեւէ նորութիւն արեւմտեան ճակատէն» (Im Westen nichts Neues‎) վէպին
Երաժշտութիւն Վոլքըր Պերթըլման
Արտադրող
ընկերութիւններ
Amusement Park
Լեզու Գերմաներէն եւ Ֆրանսերէն

Բեմադրիչն է՝ Էտուարտ Պըրկըր (Edward Berger), իսկ գլխաւոր դերակատարներն են Ֆելիքս Քամերըր (Felix Kammerer), Ալպերթ Շուչ (Albrecht Schuch), Տանիէլ Պրիւհըլ (Daniel Brühl), Սեպասթեան Հիւլք (Sebastian Hülk), Ահարոն Հիլմըր (Aaron Hilmer), Էտին Հասանովիչ (Edin Hasanovic) եւ Տաւիթ Սթրեսու (Devid Striesow)։

Առաջին անգամ լոյս կը տեսնէ 12 Սեպտմեբեր, 2022-ին Թորոնթոյի Շարժարուեսի 47-րդ Միջազգային Փառատօնին ընթացքին։ Համաշխարհային սփռումը տեղի կ՛ունենայ 28 Հոկտեմբեր, 2022-ին։

Էրիհ Մարիա Ռեմարք․«Ոչ մէկ լուր արեւմտեան ճակատէն» վէպը

Մրցանակիր է Օսքար մրցանակին (Ամերիկայի Ակատեմկիոյ Կաճառի 95-րդ մրցանակներ)՝ Մարտ 2023 եւ Բրիտանական Շարժարուեստի Ակադեմիոյ 76-րդ Մրցանակներուն՝ Փետրուար 2023։

Նիւթը Խմբագրել

1917-ին, Ա․ Համաշխարհային Պատերազմի ծագումէն 3 տարի ետք, 17 տարեկան Փոլ Պաումըր իր ընկերներուն հետ՝ Ալպերթ Քրոփ, Ֆրանց Միլըր եւ Լուտվիհ Պեմ, կրթական մշակի մը հայրենասիրական ճառը լսելու ժամանակ, անգիտակից՝ կը ստանան գերմանացի զոհուած զինուորներու տարազներ եւ կ՛արձանագրուին Գերմանիոյ Կայսերական Բանակին մէջ։

Կը մեկնին հիւսիսային Ֆրանսա, Լա Մալմեզոն մօտակայ ճակատը եւ կը բարեկամանան իրենցմէ տարիքով քիչ մը աւելի մեծ Սթանիսլաւ Քածինսքի Քաթ զինուորին հետ։ Պատերազմին մասին իրենց ունեցած ռոմանթիք տեսակետը կը փլի Արեւմտեան ճակատի խրամներուն առջեւ եւ Լուտվիհ առաջին իրիկունն իսկ հրետանիի հարուածէ մը կը սպաննուի։

7 Նոյեմբեր 1918-ին, Մաթիաս Էրզպըրկըր գերմանացի սպան, հոգնած շարունակական կորուստներէն, կը փորձէ համոզել գերմանական բանակին Գերագոյն Հրամանատարութիւնը, որպէսզի սկսի զինադադարի խօսակցութիւնները։ Անդին, Փոլ եւ Քաթ ագարակէ մը սագ մը կը գողնան ու կը բաժնեկցեն Ալպերթին, Ֆրանցին եւ Ճատեն Սթաքֆլիթ վեթերան զինուորի մը հետ։

9 Նոյեմբերին Էրզպըրկըր գերմանական պատուիրակութեան հետ շոգեկառքով ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Քոմփիէնի անտառը, որպէսզի սկսին զինադադարի խօսկցութիւնները։ Փոլ եւ ընկերները ղրկուած են 60 անհետացած նորագիր զինուորներ փնտռելու առաքելութեամբ եւ կը յայտնաբերեն թէ անոնք արտասուաբեր կազի զոհ գացած են։ Ֆրիտրիհս զօրավարը կ՛ընդիմանայ խօսակցութիւններուն եւ ֆրանսական օգնութիւնը չհասած՝ յարձակում կը հրահանգէ։ Այդ իրիկուն Էրզպըրկըրի պատուիրակութիւնը Քոմփիէնի անտառը կը հասնի եւ Փոլին զօրագունդը ճակատ կը ղրկուի, պատրաստուելու համար յարձակիլ ֆրանսական ուժերուն վրայ։

10 Նոյեմբերին, Դաշնակիցներուն Գերագոյն Հրամանատար՝ Ֆերտինան Ֆոշ գերմանացիներուն 72 ժամուայ պայմանաժամ կու տայ, որպէսզի ընդունին դաշնակիցներուն պայմանները։ Մինչ այդ, գերմանական յառաջխաղացքը (գերմանացիները կը տիրանան ֆրանսական առաջին գիծին), կը տապալի դաշնակից ուժերու յաջող հակայարձակումէ մը։ Ֆրանց իր խումբէն կը բաժնուի եւ Ալպերթ կը ջանայ յանձնուիլ։ Իսկ Փոլ, սուրէ կ՛անցընէ ֆրանսացի զինուոր մը որուն հետ ակամայ, ականի պայթումէ բացուած ծակի մը մէջ գտնուած էր։ Ան կը զղջայ ըրածին վրայ եւ զինուորին դիակէն թողութիւն կը խնդրէ։

Էրզպըրկըր կ՛իմանայ Վիլհըմ Բ․ կայսրին հրաժարումը եւ հրամանատար Փաուլ Ֆոն Հինտըրպըրկէն ուղղութիւն կը ստանայ Դաշնակիցներուն պայմանները ընդունիլ։ Փոլ կը վերադառնայ իր զօրագունդին եւ կը տեսնէ իր զինակիցներուն ուրախութիւնը պատերազմի մօտալուտ վախճանին համար։ Կը հանդիպի վիրաւոր Ճատենին։ Ան իրեն կը յանձնէ Ֆրանցին վիզլաթը։ Փոլ եւ Քատ ճաշ կը բերեն, սակայն անդամալոյծ Ճատեն կեանքին վերջ կը դնէ․ պատառաքաղով մը մահացու հարուած մը կու տայ իր վիզին։

11 Նոյեմբերին Էրզպըրկըրի պատուիրակութիւնը զինադադարի համաձայնագիրը կը ստորագրէ։ Փոլ եւ Քաթ երբ ուրախ լուրը կ՛իմանան, վերջին անգամ ըլլալով ագարակէն սագ մը կը գողնան։ Սակայն ագարակապանին տղան անոնց վրայ կը կրակէ եւ Քաթ կը սպաննուի։ Ֆրիտրիհս կ՛ուզէ պատերազմը վերջանայ գերմանական յաղթականով մը եւ յարձակում կը հրամայէ առտուան ժամը 10։45՛-ին։ Կռիւին ընթացքին Փոլ կը սպաննէ բազմաթիւ ֆրանսացի զինուորներ, սակայն ժամը 11։00-ին կը սպաննուի։

Աւելի ետք, նորահաս գերմանացի զինուոր մը, որուն կեանքը Փոլ փրկած էր, կը գտնէ Փոլին ցեխոտ դիակը եւ կ՛առնէ Ֆրանցին վիզլաթը։

Ժապաւէնին արտադրումը Խմբագրել

Ժապաւէնը կը յայտարարուի Փետրուար 2020-ին։ Համաշխարհային սփռումը տեղի կ՛ունենայ 28 Հոկտեմբեր, 2022-ին։

Բուն նկարահանումը սկսած է 9 Մարտ 2021-ին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակի մէջ եւ տեւած է 55 օր։ Ժապաւէնի արտադրումը արժած է 20 միլիոն տոլար։

Մրցանակներ Խմբագրել

Մարտ 2023-ին Օսքար Մրցանակի (Ամերիկայի Ակատեմկիոյ Կաճառի 95-րդ մրցանակներ) բաշխման «Ոչ մէկ լուր արեւմտեան ճակատէն» ժապաւէնը կը ներկայանայ 9 թեկնածութեամբ եւ կ'արժանանայ անոնցմէ չորսին՝ Լաւագոյն ժապաւէնին, Լաւագոյն նորարար երաժշտութեան, Լաւագոյն գեղարուեստական կարգաւորման եւ Լաւագոյն նկարահանման։

Փետրուար 2023-ին Բրիտանական Շարժարուեստի Ակադեմիոյ 76-րդ Մրցանակներուն «Ոչ մէկ լուր արեւմտեան ճակատէն» ժապաւէնը կը ներկայանայ 14 թեկնածութեամբ եւ կ՛արժանանայ 7 մրցանակներու։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել