Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/09-2021
Սուր (արաբերէն՝ صور, փիւնիկերէն՝ Ṣūr, ասորերէն՝ ܣܘܪ, Tzór, հին յուն․՝ Τύρος Týros, լատ.՝ Tyrus մալակասի՝ Tyrus, Տիր, ֆրանսերէն՝ Tyr), Լիբանանի հարաւը գտնուող մեծ քաղաք: Ըստ 2003-ի տուեալներուն, անոր բնակչութեան թիւը 117,000 է: Բայց, Լիբանանի կառավարութիւնը 1932-էն ի վեր շատ յստակ հաշուարկներ չէ հրատարակած, ուստի յստակ վիճակագրութիւն մը կարելի չէ տալ։ Սուր կը գտնուի Միջերկրական ծովու ափին, Պէյրութէն 80 քիլոմեթր դէպի հարաւ: Տարածութեամբ՝ Լիբանանի չորրորդ մեծագոյն քաղաքն է Պէյրութէն, Թրիփոլիէն եւ Սայտայէն ետք: Քաղաքին անունը կը նշանակէ «ժայռ», որ կը վերագրուի քաղաքին շինութեան հիմնաքարերուն:
Սուր փիւնիկեան քաղաք մըն է, ուր ծնած են Եւրոպա եւ Տիտօ դիցաբանութեան հերոսները: Ունի Լիբանանի մեծագոյն նաւահանգիստները: Հոն զարգացած է նաեւ զբօսաշրջութիւնը: Քաղաքը ունի բազմաթիւ պատմական վայրեր, ինչպէս Սուրի հռոմէական բերդը, որ 1979-էն ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Կայքի ցանկին վրայ կը գտնուի:
Սուր կը բաղկանար երկու հեռաւոր բնակավայրերէ՝ Սուրը, որ ծովեզերքը գտնուող կղզի մըն էր եւ ցամաքին վրայ գտնուող Ուշու բնակավայրը: Մեծն Աղեքսանտր Սուրի պաշարման ընթացքին կղզին ցամաքին կը միացնէ ճամբայ մը շինելով ՝ քանդելով հին քաղաքը, անոր քարերը օգտագործելու համար․․․ Աւելին⇒