Ուղղանկիւն կրիայ
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Կրիաներ (լատիներէն՝ Testudines), սողուններու խումբին պատկանող զրահաւոր՝ ցամաքային եւ ջրային կենդանիներ։ Տարածուած են՝ գրեթէ, երկրագունդի բոլոր տարածաշրջաններու մէջ։ Յայտնի է, որ կրիաները գոյութիւն ունեցած են 220 միլիոն տարի առաջ[1] եւ կը հանդիսանան սողուններու դասի ամենահին խումբը, աւելի հին, քան մողէզներու, օձերու կամ կոկորդիլոսներու խումբերը։
Ուղղանկիւն կրիայ
ԽմբագրելՈւղանկիւն կրիան՝ անապատային է։ Այս տեսակի կրիաները կը բնակին հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ։ Այժմ ենթակուած են ոչնչացման վտանքին։
Նկարագրութիւն
ԽմբագրելԱյս տեսակի կրիաներուն զրահը ցած է, հասակի բարձրութեան 2 անգամը, գոյնը դեղին է՝ կանաչի զառնող, իսկ վրան կան սեւ կէտեր։ Կիրային պոչը կը վերջանայ փուշով, որ կը նմանի եղունգի։ Սովորական աճած կրիաներու հասակը 30 ս.մ. է, իսկ կշիռը՝ 3.5 ք.կ.։ Յաճախ իգակ կրիաներուն զրահը աւելի լայն ու աւելի կլոր է (նաեւ ոտքի եղունգները աւելի երկար), քան արականներունը։
Տարածումն ու միջավայրը
ԽմբագրելՈւղանկոյն կրիան կ'ապրի հարաւային եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ մէջ, հետեւեալ գաղաքներու մէջ.-Հնդկաստան, Նեփալ, Պանկլատեշ, Միանմար, Լաոս, Վիէթնամ, Թայլանտ եւ Չինաստանի հարաւը։