«Ուրբաթագիրք», հայերէն առաջին տպագիր գիրքը[1]: Տպագրուած է Վենետիկի մէջ 1512-ին Յակոբ Մեղապարտին[2] կողմէ։ Ունի 124 թղթեայ էջ, 24 վերնախորհագրային զարդանախշ.[3] տպագրուած է սեւ եւ կարմիր գոյներով։

Ուրբաթագիրք

Անուանումը

Խմբագրել

«Ուրբաթագիրք» կը կոչուի պարզապէս այն իրողութեան համար, որ նախ` այս մատեանին մէջ ընդգրկուած նիւթերուն առաջինը ունի այս վերտառութիւնը. «Ուրբաթ աւր (օր) կամ Չորեքշաբթի տանին զհիւանդն ի դուռն եկեղեցոյն…»: Երկրորդ` տպագրիչ-հրատարակիչը այսպէս խորագրած է իր աշխատութիւնը. «Անուն գրոցս է սուրբ ուրբաթագիրք»[4]:

Գիրքին Մասին

Խմբագրել

«Ուրբաթագիրք» վերտառեալ ձեռագիր հաւաքածոները սկսած են ընդօրինակուիլ ԺԵ. դարուն: Գիտաշխարհին ծանօթ հնագոյն «Ուրբաթագիրք»ը ընդօրինակուած է 1476-ին, որ 3248 համարով կը պահուի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին մէջ, Երեւան:

Իբրեւ գրքային ամբողջութիւն` «Ուրբաթագիրք»ը մէկ հեղինակ չունի, քանի ժողովածու միաւոր է ծանօթ մատենագիրներէ ու գրութիւններէ, որոնց հեղինակներն անծանօթ են:

«Ուրբաթագիրք»ը պատրաստուած, տպուած եւ լոյս ընծայուած է Վենետիկ քաղաքին մէջ, 1512-ին, գերմանացի Յովհան Կիւթենպերկի (1400-1468) տպագրական գիւտէն միայն 60-65 տարի ետք` այսպիսով հայ ազգը դարձնելով տասներորդը համաշխարհային տպագրութեան պատմութեան եւ երկրորդը արեւելցի ժողովուրդներուն մէջ, որոնք մուտք գործեցին տպագրական աշխարհէն ներս:

«Ուրբաթագիրք»ի մէկ օրինակ պահպանուած է Ազգային գրադարանին մէջ, որ գրադարանին ամէնէն հին գիրքը կը հանդիսանայ։

«Ուրբաթագիրք»ը կը բովանդակէ աղօթքներ, սաղմոսներ, պատմուածքներ, մաղթանքներ ու աստուածաշնչական հատուածներ Ս. Մատթէոս, Ս. Մարկոս, Ս. Ղուկաս եւ Ս. Յովհաննէս աւետարանիչներէն: Ամէնէն ժողովրդական աղօթքը կը վերագրուի «Սրբոյն Կիպրիանոս»ին, իսկ նշանաւորագոյնն է «Աղօթք սրբոյն Գրիգորի Նարեկացոյն», որ կը սկսի այսպէս. «Որդի Աստուծոյ կենդանւոյ աւրհնեալդ ամենայնի…»:

Գիրքին առաջին մասին մաղթանքային ձեւակերպումներ են ընդդէմ չարի, դեւերու, «գազանի» ու կախարդութիւններու, անկէ ապահովութիւն ստանալու համար։ Ապա կայ՝ «Աղաւթ սրբոյ սրբոյն Կպրիանոսի. Զոր ըսուած է վասն դիւաց եւ կախարդաց եւ աղանդաւց», որուն շարունակութիւնն է «Պատմութիւն Յուստիանէ կուսին»: Կ'առաջադրեն նոյնպէս միջոցներ կախարդանքներու եւ չար ուժերու դէմ։ Ապա կան մաղթանքներ, աղօթքներ, դրուած են նաեւ բժշկութեան Աւետարանները։

«Ուրբաթագիրքը» միջնադարեան բժշկարանի մը այլ տեսակ է, որ գիրքին տէրը պէտք էր զերծ պահէր չար ոգիներէն, կախարդանքներէն եւ չար աչքերէն. ընդ որուն, մաղթանքներուն տողերուն մէջ (Դ. եւ Ե. մամուլներուն) քանի մը ազատ տեղեր ձգուած են աւելցնելու համար գիրքին տիրոջ անունը, որպէսզի դեւերը զինք չվնասեն։

Գիրքը  մասամբ հոգեւոր եւ մասամբ աշխարհիկ է[5]:  

«Ուրբաթագիրքին» մէջ կան պատկերներ. առաջինին մէջ հոգեւորականը հայկական վեղարը գլխուն, ձեռքին գիրք մը, կանգնած է հիւանդի մը մահճակալին մօտ։ Վեղարաւոր հոգեւորականին ուղեկիցներն են երկու աբեղաներ, անմօրուս, գլուխներուն կենդրոնական մասը սափրած, որ նշան է կաթոլիկութեան։ Լուսաւորչական հոգեւորականի պատկերը յաւելում ունի: Անոր հայաստանեան եկեղեցիներու հոգեւորականի կերպարանք տուող սեւ վեղարը յետոյ աւելցուած է պատկերին արդէն եղած փորագիր տախտակի մը վրայ, որ կը նշանակէ, թէ նախապէս պատկերին հոգեւորականը կաթոլիկ աբեղայի արտաքին ունեցած է։

Միւս նկարին մէջ (Զ. մամուլ) Հռոմի պապը նստած է գահին։ Երկրորդ նկարին (Է. մամուլի ամէնէն վերջը) պատկերուած է հոգեւորական մը՝ օձը ձեռքին. անիկա նախորդած է «Գիր աւձահարի» բաժինին։

«Ուրբաթագիրք»ին մէջ կայ յաւելեալ մամուլ մը՝ «Վասն գանի» վերնագիրով», թուագրուած՝ ԳԳ։ Գիրքին տարբեր օրինակներուն մէջ հոն տեղադրուած է տարբեր մամուլներու մէջ։ Գիրքը ունի 8 մամուլ, վերջին մամուլը 6 թերթի մէջ, ութածալ։ Էջակալութիւն չունի, մամուլները թուագրուած են հետեւեալ ձեւով՝ ա, բ, գ, դ, ե, զ, է եւ իւրաքանչիւր մամուլի առաջին երեք թերթերը։ Ընդամէնը՝ 62 թերթ (124 էջ)։ Շարուածքին չափը՝ 11x6,5 սմ։

Էջերը ունին խորագիրներ, որոնք պարփակուած են զարդաշրջանակներով։ Օգտագործուած են 8 միեւնոյն ոճի, բայց անոնցմէ տարբեր շրջանակներ, որոնք կրկնուած են յաջորդաբար։ 4 փորագիր պատկեր՝ Առաջին մամուլի 2-րդ, Գ. մամուլի 16-րդ, Զ. մամուլի 7-րդ եւ Է. մամուլի 1-ին էջերուն։ Զարդ՝ «Վասն Գանի» կոչուող հատուածի՝ հետագային աւելցուած ԳԳ մամուլի Առաջին եւ 12-րդ էջերուն։ Զարդագիրեր՝ Ա. մամուլի 3-րդ, Դ. մամուլի Առաջին, 6-րդ 12-րդ, Ե. մամուլի 7-րդ, 10-րդ, 12-րդ, 14-րդ, Է. մամուլի 2-րդ եւ 9-րդ էջերուն։

Բնագիրի վերջերուն խաչաձեւ տպարանանիշ լատինական D.I.Z.A. տառերով, առանց յիշագիրերու։ Տպագրութիւնը կատարուած է շուրջ 14 կէտաչափի ձեռագրանման բոլորագիրերով, օգտագործուած են նաեւ գլխագիրեր։

Տիպը երկգոյն է, սեւ ու կարմիր[2]: Կարմիրով տպուած են բնագիրի սկիզբը եւ որոշ հատուածներ։

Գոյութիւն ունեցած են ձեռագիր «Ուրբաթագիրք» ժողովածուներ. պահպանուած է հնագոյն օրինակը գրուած է 1476-ին։

Առաջին անգամ բ.գ.թ. Լուսինէ Աւետիսեանի թարգմանութեամբ (դասական ուղղագրութեամբ արեւելահայերէն) եւ յարակից աշխատասիրութեամբ Ուրբաթագիրքը 2012-ին պետութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած է Գրատպութեան 500-ամեակին առիթով։

Գիրքին Աշխարհաբար Թարգմանութիւնը

Խմբագրել

2012-ին Երեւանի մէջ տպուած է «Ուրբաթագիրք»ին արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւնը` յարակից ուսումնասիրութեամբ, կատարուած` բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեանին կողմէ, խմբագրութեամբ` փրոֆ. Լեւոն Զէքեանին[6]: 400 էջէ բաղկացած այս հատորը պատրաստուած է եւ լոյս ընծայուած` մեսրոպեան-դասական ուղղագրութեամբ:

  «Գիրքը հրատարակուած է դասական ուղղագրութեամբ, որով 405 թուականից գծուել են սահմանները հոգեւոր մեր հայրենիքի, որի անսահմանութիւնն է այսօր ընդգծւում նոյն ուղղագրութեամբ. այն հարազատ ձայնագրութիւնն է Ազգի մտածողութեան, նրա ամենաանհրաժեշտ պայմանականութիւնը»:
- Լուսինէ Աւետիսեան
 
  Լուսինէ Աւետիսեանը «Ուրբաթագիրք»ին չափածոյ աղօթքները աշխարհաբարի վերածած է այնպէս, որ անոնք կը հնչեն նոյնքան գրաւիչ ու հրապուրիչ, որքան` գրաբարը, հաղորդելով թարգմանութեան հաճելի երաժշտականութիւնը…: Համոզուած ենք, որ սոյն թարգմանութիւնը եւ յարակից աշխատասիրութիւնը արժանի են բարձրագոյն գնահատանքի համազգային չափանիշներով…:
- Լեւոն Զէքեան
 

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. National Library of Armenia, Hagop Meghapart Project: http://nla.am/arm/meghapart/Arm/1512.htm (in Armenian)
  2. 2,0 2,1 «The Book of Fridays»։ World Digital Library։ 1512։ արտագրուած է՝ 2013-06-01 
  3. Agop Jack Hacikyan, Gabriel Basmajian, Edward S. Franchuk։ The Heritage of Armenian Literature: From the eighteenth century to modern times Volume 3։ Wayne State University Press, 2005։ արտագրուած է՝ 12 April 2010 
  4. Ուրբաթագիրք
  5. Յակոբ Մեղապարտի Ուրբաթագիրքը
  6. Ուրբաթագիրք»ին արեւելահայերէն աշխարհաբար թարգմանութիւնը

Արտաքին յղումներ

Խմբագրել