Պետիկ Հերկելեան
Պետիկ Հերկելեան (գրական ծածկանունով՝ Պետրոս Հերեան, 15 Փետրուար 1954, Այնճար, Զահլեի շրջան, Պեքաա, Լիբանան - 10 Մարտ 1987), բանաստեղծ, արձակագիր եւ խմբագիր։
Պետիկ Հերկելեան | |
---|---|
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Պետրոս Հերեան |
Ծնած է | 15 Փետրուար 1954 |
Ծննդավայր | Այնճար, Զահլեի շրջան, Պեքաա, Լիբանան |
Մահացած է | 10 Մարտ 1987 (33 տարեկանին) |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Ուսումնավայր | Ազգային «Յառաջ Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարան |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, արձակագիր, Խմբագիր |
Աշխատավայր |
Ազատ Օր Ազդակ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Լիբանանի Այնճար Գիւղը։ Նախնական եւ երկրորդական ուսումը ծննդավայրի ազգ. «Յառաջ-Գ.Կիւլպէնկեան» վարժարանին մէջ ստանալէ ետք, փոխադրուած է Պէյրութ եւ հետեւած Համազգայինի Հայագիտական Բարձրագոյն Հիմնարկի դասընթացքներուն։
Լիբանանեան պատերազմի հետեւանքով՝ ուսման ընթացքը ընդհատուած է, սակայն ան hետագային յաջողած է շարունակել իր մասնագիտական բարձրագոյն կրթութիւնը եւ վերոնշեալ հիմնարկէն շրջանաւարտ եղած է 1985-ին՝ իբրեւ աւարտաճառ ներկայացնելով Վազգէն Շուշանեանի «Սիրոյ Եւ արկածի տղաքը» վէպին նուիրուած իր աշխատասիրութիւնը։
1976-ին գործուղղուած է Յունաստան եւ երկու տարի վարած է «Ազատ Օր» օրաթերթին խմբագիրի պաշտօնը։ 1978-ին վերադրաձած է Լիբանան եւ միացած է «Ազդակ» օրաթերթի խմբագրութեան՝ իբրեւ սրբագրիչ։
Գրական վաստակ
ԽմբագրելԴպրոցական գրասեղաններուն վրայ իր բանաստեղծական նախափորձերը կատարած է Պետիկ Հերկելեան։ 1973-ին լոյս ընծայած է իր առաջին գրքոյկը՝ «Պատուհանէն Դուրս», որուն էջերուն մէջ ամփոփուած 23 բանաստեղծութիւնները կը բացայայտեն սկսնակ գրողին գրական շնորհները։
1983-ին, կը յաջորդէ «Բառը» խորագրեալ քերթողագիրքը, որ կ'արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։ Խոհափիլիսոփայական շիկացումներով եւ նուրբ քնարերգութեամբ յատկանշուող քերթութիւնը երիտասարդ բանաստեղծին կ'ապրի նոր զարգացում մը, երբ երկու տարի ետք՝ 1985-ին, ան մամուլին կը յանձնէ «Եւ Երկիր Պագանեմ» անուն իր երրորդ քերթողագիրքը։
1986-ին լոյս տեսած է իր կարապի երգը՝ «Եուհու» քաղաքական երգիծական վիպակը[1]։ Նոյն տարին խմբագրած է եւ մամուլին յանձնած է Ռազմիկ Դաւոյեանի «Հատընտիր» քերթողագիրքը եւ Մ. Լեռնցիի «Էջեր Կեանքիս Գիրքէն» ինքնակենսագրական հատորը։
Միաժամանակ իբրեւ ուսուցիչ սկսած է պաշտօնավարել Ճիպէյլի «Թռչնոց Բոյն» որբանոցին մէջ, սակայն մահացու հիւանդութիւնը վրայ հասած եւ քանի մը ամիս տեւած հիւանդանոցային մաքարումներէ ետք, մահացած է 10 Մարտ 1987-ին։
1992-ին, յետ մահու, տարաբախտ բանաստեղծին հարազատները հրատարակած են անոր «Գրական Վերլուծական Էջեր» անուն հատորեակը[2], որ կ'ամփոփէ Վազգէն Շուշանեանի ուսումնասիրութիւնը եւ մամուլին մէջ տպուած գրադատական յօդուածները։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ «Գրական-Երաժշտական Ձեռնարկ՝ Բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանի Յիշատակին»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2018-06-22։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-02-16-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-18
- ↑ «Գրական Արձակ Գիրքեր»։ mousaleranjar.org (hy-AM)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-23-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-18
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Մուսալեռցի - Այնճարցի Գրագէտներ Archived 2020-09-26 at the Wayback Machine.։