Պետրոս Ղափանցի

Հայ վերանորոգուող հայ դասական բանաստեղծութեան ներկայացուցիչ։ Բանաստեղծ, երգահան։

Պետրոս Ղափանցի (անհայտ[1] - 20 Մարտ 1784(1784-03-20)[1], Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա[1]), վերանորոգուող հայ դասական բանաստեղծութեան ներկայացուցիչ։ Բանաստեղծ, երգահան։

Պետրոս Ղափանցի
Ծնած է անհայտ[1]
Մահացած է 20 Մարտ 1784(1784-03-20)[1]
Մահուան վայր Նիքոմետիա, Եալովա, Թուրքիա[1]
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, երգահան, հոգեւորական

Կենսագրական գիծեր

Խմբագրել

Պետրոս Ղափանցիի կենսագրութեան մասին պահպանուած են միայն կցկտուր տեղեկութիւններ, այն ալ Ղափանցիի կեանքի վերջին տարիներուն մասին: Հաստատ է, որ ան սիւնեցի է եւ մեծ հաւանականութեամբ ծնած է Ղափան, ուրկէ եւ վերցուած է իր մականունը։

Ծննդեան տարեթիւ կը տրուի 1700ը, որ ճշգրիտ նկատուելու համար այնքան ալ ստոյգ տուեալներու վրայ հիմնուած չէ։

Կենսագրական առաջին ստոյգ տուեալները կը վերաբերին 1753-1756 տարիներուն, երբ Պետրոս Ղափանցիի անունը կը յիշատակուի իբրեւ Ս. Էջմիածնի միաբան։ Նոյն յիշատակութեանց համաձայն՝ իբրեւ Կաթողիկոսական Նուիրակ, Պետրոս Ղափանցի յատուկ առաքելութիւններով ուղարկուած եւ պաշտօնավարած է Ռումէլի ու Ղրիմի, ապա՝ նաեւ Կոստանդնուպոլսոյ, Ադրիանապոլիսի եւ Արմաշի մէջ:

Կարեւորութեամբ կը նշուի 1772 թուին անոր վերատեսուչ նշանակումը Ադրիանապոլսոյ մէջ, ուր ծաւալած է հոգեւորական եւ գրական-ստեղծագործական բեղուն գործունէութիւն։ Այդ շրջանին է, որ իր ստեղծած տաղերն ու բանաստեղծութիւնները ի մի բերուած են եւ առանձին հատորով տպագրուած են Պոլիս՝ «Գրքոյկ կոչեցեալ երգարան» անունով։

1780-ին, երբ արդէն խոր ծերութեան հասած էր՝ կենսագիրներու վկայութեամբ, Պետրոս Ղափանցի նշանակուած է Նիկոմեդիայի վիճակի (թեմի) առաջնորդ: Իր այդ պաշտօնին վրայ չորս տարի գործելէ ետք, ան վախճանած է 20 Մարտ 1784ին, Նիկոմեդիա քաղաքին մէջ։

Արձանագրութիւնները նաեւ կը հաստատեն, որ Պետրոս Ղափանցի ապրած եւ գործախ է Սիմէոն Ա. Երեւանցի ու Ղուկաս Կարնեցի Կաթողիկոսներու օրօք[2][3]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 1,6 1,7 1,8 Հայկական սովետական հանրագիտարան, հատոր 9 — հատոր 9. — է. 258–259.
  2. «ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ – ՅՈՒՇԱՏԵՏՐ – Պետրոս Ղափանցի (1700? – 1784) Հայ ազատագրական շարժման նախակարապետ տաղերգակն ու աշուղը – ԼՈՒՍԱՒՈՐ ԱՒԵՏԻՍ‏» (en-US)։ արտագրուած է՝ 2023-08-05 
  3. Պետրոս Ղափանցի (1990)։ Բանաստեղծութիւններ։ Երեւան: «Խորհրդային գրող»։ էջ 5-6։