Արմաշի Դպրեվանքի Մատենադարան
Արմաշի դպրեվանքի մատենադարան, Արմաշի Չարխափան վանքին մէջ գրչագրեր ժողոված են դեռեւս 17-րդ դարէն։
Պատմութիւն
Խմբագրել1786-ին կառուցուած է մատենադարանի յատուկ շէնք։ 18-րդ դարու վերջը, Չակր Հասանի արշաւանքի ժամանակ, ոչնչացուեցան վանքի բոլոր գրչագրերը։ Նոր հաւաքածոյ սկսաւ գոյանալ 19-րդ դարու սկիզբէն։ Նուիրատուութիւններու եւ տեղի ընդօրինակուած ձեռագրերու հիման վրայ 1889-ին հիմնուեցաւ դպրեվանքի մատենադարանը։ 1904-ին Արմաշի դպրեվանքի մատենադարանի գրչագրերու թիւը հասած է 223-ի (գիտականօրէն ցուցակագրած է Յակոբ Թոփճեանը)։ Մինչեւ Առաջին համաշխարհային պատերազմը անոնց թիւը կրկնապատկուած է։ 1915-ին Մեծ Եղեռնի ժամանակ այդ ամէնը ոչնչացաւ։ Արմաշի դպրեվանքի մատենադարանի ձեռագրերը ընդօրինակուած են 14-19-րդ դարերուն։ Հնագոյնը 1351-էն էր, սակայն եղած են նաեւ ձեռագրեր, որոնց կողերուն կարուած էին մեսրոպեան երկաթագրով գրուած պահպանակներ։ 14-րդ դարուն կար 4, 15-րդ դարուն 7, 16-րդ դարուն 8, 17-րդ դարուն 30, 18-րդ դարուն 58, 19-րդ դարուն 116 ձեռագիր։ Մեծ մասը գրուած է Արմաշի մէջ, ինչպէս նաեւ Կ․ Պոլիսի, Սեբաստիոյ, Կեսարիոյ, Ամասիայի, Եկեղեաց գաւառին, Կարինի, Էջմիածինի, Հռոմի, Ղրիմի, Լեհաստանի, Երուսաղէմի եւ հայաբնակ այլ վայրերու մէջ։ Այդտեղ պահուած է Թովմա Մեծոփեցիի «Պատմութեան» 1597-ին ընդօրինակուած գրչագիր մը, Յովհան Ոսկեբերանի անտիպ գործերը, Սիմէոն Երեւանցիի ինքնագիր քարոզ-գիրքը, բժշկարաններ, բառարաններ, խազագրուած ձեռագրեր, Միքայէլ Չամչեանի նամականին, որ Կիլիկիոյ Հայկական թագաւորութեան անտիպ դատաստանագիրք մըն է։ Սակաւաթիւ մանրանկարչական ձեռագրերուն մէջ կային Գրիգոր Մագիստրոսի, Ներսէս Շնորհալիի, Գրիգոր Նարեկացիի, Գրիգոր Տաթեւացիի եւ այլոց դիմանկարները։
Գրականութիւն
Խմբագրել- Թոփճեան Հ․, Ցուցակ ձեռագրաց Արմաշի վանքին, Վնտ․, 1962
- Քոլանջեան Ս․, Մեր ձեռագրական կորուստները, «Էջմիածին», 1967, № 5