Ղուկաս Կարնեցի
Ղուկաս Ա․ Կարնեցի (1722[1] - 1799[1]), Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, յաջորդած՝ Սիմէոն Ա. Երեւանցիի[2]։
Ղուկաս Կարնեցի | |
---|---|
Ծնած է | 1722[1] |
Մահացած է | 1799[1] |
Մասնագիտութիւն | հոգեւորական |
Վարած պաշտօններ | Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս[1] |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելԾնած է Վաղարշապատ։ Կրթութիւնն ստացած՝ Էջմիածինի Հոգեւոր դպրոցին մէջ, ուր այն տարիներուն կը դասաւանդէր ապագայ կաթողիկոս Սիմէոն Ա. Երեւանցին։ Կը նկատուի՝ Սիմէոնի «շնորհածին եւ անդրանիկ որդի»։ 1751-ին Էջմիածինի վանքէն ներս կը ձեռնադրուի քահանայ[2]։ Սիմէոն Երեւանցին, իր մահէն երկու օր առաջ, կը կանչէ բոլոր եպիսկոպոսները ու կը յայտնէ, որ ինք կը նախատեսէ Ղուկասը, որպէս իրեն յաջորդող։ Սիմէոն Երեւանցիի թաղումէն 7 օր անց՝ Օգոստոս 2-ին, կիրակի օր, տեղի կ՛ունենայ Ղուկաս Ա. Կարնեցիի կաթողիկոսական օծումը։
1786-ին Հովնաթան Հովնաթանեանին նկարազարդել կու տայ՝ Էջմիածինի Մայր տաճարը, անոր յորդորանքով է, որ Յարութիւն Շմաւոնեանը 1784-ին Մատրասի մէջ կը հրապարակէ հայկական առաջին պարբերական «Ազդարար»ը։
Կաթողիկոսական գահին Ղուկաս Ա. Կարնեցիին կը յաջորդէ Դաւիթ Ե. Էնեգեթցին։
Այն միջոցին Կարնոյ առաջնորդն էր Քիւթիւր Մականուանեալ Պետրոս եպիսկոպոսը, որ յետոյ 1748-ին կաթողիկոս ընտրուելով մէկ տարի պաշտօնավարեց, բանտարկուեցաւ ու աքսորուեցաւ։ Բոլորովին անծանօթ մնացած է իր պատանեկան ու վարդապետական կեանքը։ 1763 Յունիս 17-ին Սիմէօն կաթողիկոսէն եպիսկոպոս ձեռնադրուած ու անուանուած է «Անդրանիկ եւ շնորհածին զաւակ Սիմէօն կաթոցիկոսի»։ 14 տարի իբր եպիսկոպոս վարած է Զմիւռնիոյ առաջնորդութիւնը, այնուհետեւ Էջմիածին կանչուելով՝ Սիմէօն կաթողիկոսի խորհրդականը եղած է 3 տարիի չափ։
Սիմէօն կաթողիկոս իր մահուան անկողնոյն մէջ իր մօտ կանչելով Ս.Էջմիածնի աւագ լուսարար ծերունազարդ Մարկոս Արքեպիսկոպոսը յայտնեց, թէ իր վերջին կամքը ու կտակն է որ շուտով եւ առանց յետաձգելու իրեն յաջորդ ընտրեն Կարնեցի Ղուկաս եպիսկոպոսը, որ Զմիւռնիոյ առաջնորդութենէն կանչելով իր մօտ կը պահէր, ըսելով միշտ թէ իրեն պէտք է նա ու թէ «Եթէ մահ պատահի իրան աթոռը անայցելու չմնայ այս վնասաշատ ժամանակին մէջ»։
20 Յուլիս 1780 -ին, երբ Սիմէոն կաթողիկոս վախճանեցաւ, Մարկոս Ա. եպս. Միաբանութեան արտասուագին յայտնեց հանգուցեալ հայրապետին կտակը։ 1780 Յուլիս 22-ին ժողով կազմեցին «Աթոռի Միաբանութիւն»ն ու Երեւանի հայ երեւլիները, կաթողիկոս ընտրելու համար. ժողովակններու մեծ մասը նկատի ունենալով Սիմէօնի կտակը եւ մօտակայ վտանգները, որ կրնար յառաջ գալ, ան անգլուխ միաբաններուն ծանօթ էր որպէս խոհական, հանճարեղ եւ վարչական ընդունակութեամբ օժտուած անձ, բայց անձնական խնդիրներ եւ քաղաքական կնճռոտութիւններ պահ մը խանգարեցին զիրենք։ Վերջապէս հաշտութիւն գոյանալով միաբանական ժողովին մէջ համբուրեցին Տ. Ղուկասու աջը եւ «Կեցցէ Տէր մեր Ղուկաս Սրբազան» գոչելով իրենց հաւանութիւնը տուին, այդպէսով Ղուկաս համարուեցաւ ընտրուած կաթողիկոս ամենայն հայոց եւ Օգոստոս 2-ին մեծ հանդէսով օծեցին զինքը։
Ընտրական մահսարը ստորագրուելէ յետոյ մերձակայ հայ բնակիչներն ալ կնքեցին ու օծումէն քսան օր ետք ղրկեցին Պոլիս` մահսարտար Սէթ Պետրոս եպս. Խոզարածեանցի ձեռքով, որպէս զի Պոլսոյ հայերու հաճութիւնն ալ ստանայ ու հաստատութեան Ֆէրմանը հանել տայ Սուլթանէն։ Բայց լուրը արդէն Պոլիս հասած էր մահսարտարէն առաջ։ Զաքարիա Պատրիարք եւ հայ մեծամեծները չափազանց զայրացած էին Էջմիածնեցւոց առանց իրենց խորհուրդին ընտրութիւն կատարած ըլլալնուն համար, ի հարկէ առանց ծանօթ ըլլալու այն քաղաքական մեծ պայքարի պատճառներուն, որոնցմով ստիպուած էին կատարել այդ բացառութիւնը։ «Զաքարիա Պատրիարք» մանաւանդ գրգրուած էր, որովհետեւ ինք ալ կը փափաքէր կաթողիկոս ըլլալ։
Հակառակ մահսարտարին համոզիչ փաստերուն «Զաքարիա Պատրիարք», որոշեց չճանչնալ Ղուկասի ընտրութիւնը, տպել տալով հին տօնացոյցը ժողվել եւ այրել տուաւ Սիմէոն Կաթողիկոսի կազմածները, հրամայեց չյիշատակել Ղուկասի անունը եկեղեցիներու մէջ, ինչ որ երկու տարիի չափ տեւեց։ Պոլիս երկու կուսակցութիւններու բաժնուած էր այս պատճառով, մէկ մասը կ'ուզէր ճանչնալ զինքը եւ իրաւունք կու տար Էջմիածնայ միաբանութեան ընթացքին, մինչդեռ միւս մասը Զաքարիայի առաջնորդութեամբ կը մերժէր ճանչնալ։
Այս պարագաներուն մէջ Ղուկաս կաթողիկոս շատ խոհեմ եղաւ, երկար ատեն եպիսկոպոսական օծում չկատարեց ու լուր ղրկեց Զաքարիայի, թէ եթէ կ'ուզէ կաթողիկոս ըլլալ ինք պատրաստ է քաշուելու վանքին մէկ սենեակը։ Խոհեմութիւն համարեց նաեւ Մայր Տաճարին մէջ տեղապահներու յատկացուած տեղը կենալ։ Այդպէսով ուզեց, որ ազգին երկպառակութիւնը վերնայ. Ղուկասի կուսակիցները տեսնելով կաթողիկոսին խոհեմ ընթացքը հետզհետէ կ'աւելնային, որով «Զաքարիայ Պարիարք»ի կուսակիցները ստիպուեցան տեղի տալ ու որոշեցին ընդունիլ Ղուկասի կաթողիկոսութիւնը[3], բանակցութեան սկսան ու Տիգրանակերտի առաջնորդ Կարապետ Ա. եպս.ը ուղարկելով Էջմիածին, անոր պայմաններ ու միջոցներ առաջարկեցին։
Այդ պայմաններն էին․
- Սիմէոն կաթողիկոսին փոքրաւորները հեռացնել վեհարանէն, ինչ որ գործադրուեցաւ։
- Կաթողիկոսին ընտրութեան համար կաննոներ սահմանուին։
- Կաթողիկոսին խորհրդականներ տրուին։
- Կ. Պոլսոյ պատրիարքը տեղեակ ըլլայ Էջմիածնայ հաշիւներէն եւ իրաաւունք ունենայ պատուէրներ տալ Էջմիածնայ նուիրականերուն։ Այս միջոցներուն Զաքարիա ստիպուեցաւ քաշուիլ Պատրիարքական աթոռէն ու աքսորուեցաւ 1781 Մայիս 2-ին Պրուսա, եւ անոր յաջորդեց Պրուսայի առաջնորդ Յովհաննէս Համատանցի Արքեպիսկոպոս։ Այս դէպքէն ետք հայ մեծամեծներ սիրտ առած` «Բ. Դռնէն» հանել տուին Ղուկասի հաստատութեան Ֆէրմանը եւ ուղարկեցին Էջմիածին, որով ճանչցուեցաւ օրինական կաթողիկոս ամենայն հայոց։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 1,5 Հայկական սովետական հանրագիտարան / խմբ. Վ. Համբարձումյան, Կ. Խուդավերդյան — Հայկական հանրագիտարան հրատարակչություն, 1974.
- ↑ 2,0 2,1 «ՂՈՒԿԱՍ Ա․ ԿԱՐՆԵՑԻ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-03-18-ին։ արտագրուած է՝ 2019-05-20
- ↑ «ՂՈՒԿԱՍ Ա․ ԿԱՐՆԵՑԻ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-05-14-ին։ արտագրուած է՝ 2019-05-20