Յարութիւն Շմաւոնեան
Յարութիւն Շմաւոնեան (1750, Շիրազ, Պարսկաստան - 1824, 2 Փետրուար, Մատրաս), հայ հասարակական գործիչ, տպագրիչ, հայ առաջին պարբերականի՝ «Ազդարար»ի հիմնադիր[1]։
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՈսում ստացած է ծննդավայրին մէջ, քահանայ ձեռնադրուածլ Ամէնափրկիչ վանքին մէջ։ Մինչեւ 1777 թուական պաշտօնավարած է Շիրազի մէջ։ 1777-84 թթ. անցած է մենակեաց կեանքի, ինքնուրոյն ուսումնասիրել պարսկերէն եւ արաբերէն լեզուներ ու գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, աստուածաբանութիւն, սորվիլ արհեստներ։
1784-ին, որպէս աւագ քահանա, ուղարկուած է Մատրաս։ Տեղի հայութեան ծանօթացուցած է բրուտագործութեան, ձիթհանութեան եւ այլ արհեստներու։ 1789-ին հիմնադրած է Մադրասի երկրորդ հայկական տպարանը, իսկ 1794-ին` «Ազդարար»ը[2]։
1809-էն տպարանը յանձնած է իր աշակերտներուն, ամբողջապէս նուիրուած է գաղութի հասարակական-լուսաւորական կեանքին։ Ունեցած է ընդգծուած ռուսամետ կողմնորոշում, սերտ կապերու մէջ եղած է Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յառաջադէմ շրջաններու հետ, հանգանակութիւններ կազմակերպած ի նպաստ կրթական եւ մշակութային գործին։
Ծանօթագրութիւններ
Խմբագրել- ↑ Հայ մշակոյթի նշանաւոր գործիչները, 5-18-րդ դարեր։ Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն։ Երեւան, 1976, էջ 553:
- ↑ «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԱԶԴԱՐԱՐ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-06-25-ին։ արտագրուած է՝ 2022-12-13