Արիս Հ. Պօղոս վրդ. (25 Յունուար 1889, Հալէպ), Լիբանանի Կաթողիկէ Հայոց կղերականութեան մէջ եզական դիրք գրաւողներէն մին է՝ իր մատուցած ծառայութիւններով՝ մեր ցաւատանջ ժողովուրդին:

Պօղոս Արիս
Ծնած է 25 Յունուար 1889(1889-01-25)
Ծննդավայր Հալէպ
Մահացած է անհայտ
Կրօնք Կաթոլիկութիւն
Մասնագիտութիւն հոգեւորական

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Հալէպ 25 Յունուար 1889-ին: Նախնական կրթութիւնը տեղւոյն Հայ Կաթողիկէ նախակրթարանին մէջ ստանալէ ետք 1902-ին Պոլիս կ’երթայ եւ կը մտնէ Սէն Լուիզ ֆրանսական դպրեվանքը, ուր կը ստանայ իր երկրորդական ուսումը, աւարտելով փիլիսոփայական դասընթացքը: Առողջական պատճառներով կը վերադառնայ իր ծննդավայրը: Տարի մը վերջ 1910-ին կ’երթայ Զմմառ, հոն հայերէնի դասընթացքի կը հետեւի եւ կ’աւարտէ եկեղեցական ուսումը:

1912-ին կը ստանձնէ Պէյրութի եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը: Պատերազմէն ետք կը նետուի ազգային կեանքի մէջ, իր մեղուաջան գործունէութեամբ բոլոր խաւերուն վստահութիւնն ու համակրութիւնը կը վայելէ:

Տարաբախտ որբերուն հաւաքման գործին կը նուիրուի: Ազգային Միութեան հիմնուելուն՝ ընդհ. Քարտուղար կ’ընտրուի, կառավարութեան մօտ վարելով ազգային գործերը: Ջարդէն ու աքսորէն վերադարձող հայ բեկորները կը հաւաքէ եւ կարավաններ կազմելով իրենց բնաշխարհը կը ղրկէ:

1919-1920-ին երկու անգամ կը շրջի Կիլիկիոյ զանազան կողմերը, ազգու դիմումներ կ’ընէ ֆրանսական կառավարութեան մօտ, 1920-ին կը տեսնուի Նուպար փաշայի հետ ի Փարիզ, կը շրջի Գերմանիա, Իտալիա եւ Աւստրիա: 1922-ին Կիլիկիոյ պարպումին Պէյրութ կը վերադառնայ կրկին եւ ազգանուէր գործունէութեան կը նուիրուի: Երկար ատեն վարած է հայկական հիւղաւանի վերին հսկողութիւնը մատակարարելով ֆրանսական կառավարութենէն, Ս. Պապէն, Հ.Բ.Ը Միութենէն եւ այլ աղբիւրներէ ստացուած նպաստները: Կը հիմնէ Հայ Կաթ. Որբանոցը, հոն 400 որբեր պատսպարելով:

1929-ին Պուրճ Համուտի շրջակայքը ագարակ մը գտնելով որբանոցը հոն կը փոխադրէ, որ կը տեւէ մինչեւ 1933-1934: 1929-ին Մարաշի Հողային Յանձնախումբին մէջ կը հրաւիրուի, կառավարութենէն վաւերացնել կու տայ Յանձնախումբը, աստով կը բացուի իրեն առջեւ ժողովուրդին ծառայելու ասպարէզ մը. 150000 քռ. Մեթր հող մը գտնելով առանց շահի կը վաճառուի: Այսօր այդ թաղամասը շրջանիս ամէնէն բազմամարդ թաղերէն մին է: Ժողովուրդը իր սեփական միջոցներով կը կերտէ իրենց տուները: Իբրեւ ուրոյն քաղաք մը՝ ունի իր դպրոցներն ու եկեղեցիները:

Աղբիււրներ

Խմբագրել