Ջերմոց (կամ ջերմանոց), արուեստական կառոյց մըն է, ուր՝ անկախ տարուան եղանակէն, տարբեր  բոյսեր, պտուղներ, բանջարեղէններ կ'աճին։ 

Լոլիկի աճեցման ջերմոց, Հայստան, Ապրիլ 2015

Հակիրճ տեղեկութիւններ Խմբագրել

Ջերմոցը կը կառուցուի բացօթեայ տարածութեան մը վրայ։ Անոր կառուցումը կախեալ է տեղական կլիմայական պայմաններէն՝ մանաւանդ ձմեռուան ամիսներուն եւ նաեւ մշակուած բոյսին տեսակէն։ Ան կը ծածկուի լուսաթափանց նիւթերով՝ մանրաթելերով, ապակիով եւ կամ կերպնկալով։

Կառուցման ձեւը երկրէ երկիր կը տարբերի։ Հիւսիսային երկիրներուն ջերմոցները ապակեայ են եւ նոյնիսկ կրկնապակեայ եւ անոնցմէ շատեր երկյարկանի են․ ջեռուցիչ կը գործածուի, որպէսզի օդը տաքցուի։ Իսկ հարաւային շրջաններու մէջ, ինչպէս օրինակ Յունաստանի Մեսինիա (Պելոպոնես) կամ Կրետէ,  ջերմոցներուն կառուցումը թեթեւ է՝ փայտեայ եւ կամ բարակ երկաթաթելերու վրայ կերպնկալով ծածկուած, եւ ջեռուցիչ չի գործածուիր։

Արտադրութեան նպատակներով ջերմոցներու կողքին, կան նաեւ զբօսնելու ջերմոց-պարտէզներ, իւրաքանչիւրը ուրոյն ճարտարապետական ոճով։

Հակիրճ Պատմական Խմբագրել

 
Տաքցուող ջերմոց, Մաքոն, Ճորճիա, Ա․Մ․Ն․ 1877

Հին տարիներէն մարդիկ փորձած են բոյսեր աճեցնել տարբեր եղանակներու ընթացքին ալ։ Հռոմէացի Թիպերիուս կայսրը ամէն օր վարունգ կ'ուտէր․ պարտիզպանները արուեստական միջոցներ որոնած էին, հար ու նմար ջերմոցներու, որպէսզի տարուան բոլոր եղանակներուն գոհացնեն իրենց կայսրին ախորժակը։

Տաքցուած ջերմոցներու առաջին նկարագրութիւնը մեզի հասած է Սանկա Եորոքիէն՝ Քորէայի Չոսոն կամ Ճոսոն հարստութեան արքունիքի բժիշկ, 1450-ական թուականներուն։ Չոսոն Հարստութեան Տարեգիրքը կը հաստատէ թէ ջերմոցանման կառոյցները «օնտոլ»ի (ondol) միջոցով կը տաքցնէին, որպէսզի մանտարին մշակեն, 1438-ի ձմեռը։

 
Վարունգներու աճման ջերմոց, Ռիկֆիրթ, Մինեսոդա, Ա․Մ․Ն․, 1910

Եւրոպայի մէջ առաջին ջեռմոցը Կեդրոնական Եւրոպայի Պոհեմիոյ պատմական տարածքներուն վրայ (Չեխիա) կը յայտնուի մօտաւորապէս 1680-ին։ Հոն խոլորձիայ կը մշակեն։ 1750-ական թուականներուն, Լիխթընշթայնի Իշխանը հարաւային Չեխիոյ Լետնիչէ (Lednice) քաղաքին մէջ կառուցել կու տայ Եւրոպայի առաջին մեծ ջերմոցները որոնց օդը կը տաքցնէին։

1980-ական թուականներուն, հարաւային Ամերիկայի լեռնային շրջաններուն մէջ կը տարածուին ընդյատակեայ բանջարեղէնի արտադրութեան ջերմոցները։

Ի․ դարավերջերուն, կը ստեղծուին նաեւ լուսաելեկտրական ջերմոցները, որոնք կը բանին շնորհիւ առաստաղի դեր կատարող արեւային ցանցերու արտադրած ելեկտրականութեամբ։

Ի․ եւ ԻԱ․ դարուն ջերմոցներու գործածութիւնը տարածուած է աշխարհի չորս կողմերը։ Մեծ դեր կը խաղան բոյսերու արագ արտադրութեան։ Սպանիոյ Անտալուս շրջանի Ալմերիա քաղաքը, աշխարհի մէջ առաջինն է ջերմոցներու հսկայ տարածութիւններով՝ 200 ք․քլ․։

Պատկերասրահ Խմբագրել

Նկարագրութիւն Խմբագրել

Ջերմոցին մէջ, մարդը կարելիութիւնը ունի եղանակային պայմանները հսկել եւ կամ կարգաւորել։ Կը գործածէ զանազան գործիքներ, որպէսզի կարգաւորէ ջերմոցի օդին պայմանները․ ինչպէս օրինակ օդափոխիչը, որուն օգնութեամբ ջերմոցին ներքին կլիման կը կարգաւորուի խոնաւութիւն, չորութիւն, ջերմութեան աստիճան, եւայլն․․․։ Ինքնազօր ցնցուղները բոյսերը ճշդորոշուած ժամուն կը ջրեն։ Իսկ մանրեներու դէմ բոյսերը մասնաւոր գործիքներով կը դեղուին։ Այս ձեւով տարուան բոլոր եղանակներուն, կարելի է ունենալ ամէն տեսակի բոյս, պտուղ կամ բանջարեղէն, որ բնական պայմաններու տակ, տարուան ընթացքին միայն 2 – 3 ամիս՝ ամառ կամ ձմեռ, գարուն կամ աշուն (ձմերուկ, խնձոր, ելակ, լոլիկ, վարունգ, լուբիա, սմբուկ, դդում, զանազան ծաղիկներ՝ խոլորձիայ, եւայլն) կարելի պիտի ըլլար քաղել։

Ի․ եւ ԻԱ․ դարերուն տարածուած են նաեւ զբօսայգի ջերմոցները, ուր մարդիկ իրենց ազատ ժամերուն կը զբօսնեն։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել

  1. Սանկա Եորոք․ Քորէայի հողագործութեան եւ ջերմոցներուն մասին(անգլերէն)
  2. Օնտոլ(անգլերէն)
  3. Տերնպուրկ, Գերմանիա