Ռոպերթ Պախչաճեան
Ռոպերթ Պախչաճեան, հայ քիմիագէտ: Զբաղուած է գիտական մշակումներով: Հեղինակ «Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէն լեզուով ծաւալուն մենագրութեան:Պախչաճեան նախաձեռնողն ու գլխաւոր խմբագիրն է բնագիտական քիմիագիտութեան քանի մը գիտական մատենաշարերու, որոնք լոյս տեսած են համաշխարհային առաջնակարգ գիտական հրատարակչութիւններու կողմէ:
Ռոպերթ Պախչաճեան | |
---|---|
Ծնած է | 1957 |
Ազգութիւն | Հայ |
Կարողութիւն | կիրառական քիմիական արդիւնաբերութեան մշակում, Գլխաւոր խմբագիր՝ բնագիտական քիմիագիտութեան գիտական մատենաշարերու |
Մասնագիտութիւն | Քիմիա, հայ գիտնական |
Աշխատավայր | Հայ քիմիագէտ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՌոպերթ Պախչաճեան ծնած է 1957 Կիւմրի: Հայ քիմիագէտ: 1979թ. աւարտեր է Երեւանի պետական համալսարանի քիմիայի կաճառը: Գիտական աշխատանքով զբաղուեր է ՀՀ ԳԱԱ Քիմիական ֆիզիքայի հիմնարկին մէջ։ 1996թ. շարունակեր է գիտական գործունէութիւնը Ֆրանսայի Գիտական հետազոտութիւններու ազգային կեդրոնի եւ Էքս-Մարսէյլի համալսարանի մէջ։ Իր գիտական մշակումներու արդիւնքները կը կիրառուին քիմիական արդիւնաբերութեան ոլորտի առաջատար այլազգի ընկերութիւններու կողմէն:
Ռոպերթ Պախչաճեան գիտական համագործակցութեան սերտ կապեր ունի Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Ա. Բ. Նալպանտեանի անուան բնագիտական քիմիագիտութեան ուսումնարանին հետ, ուր աշխատած է մինչեւ Ֆրանսա հաստատուիլը:
Մարսէյլի մէջ «Հայ կենսագրական կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան կողմէն հրապարակուեր է «21-րդ դարու սկիզբի նշանաւոր հայերը. ներդրում ժամանակակից քաղաքակրթութեան մէջ» գիրքը, որ կազմեր է հայ գիտնական Ռոպերթ Պախչաճեանը:
Այդ մասին ասվում է Հայաստանի Սփյուռքի նախարարության հաղորդագրության մեջ: Գիրքը հրատարակվել է երկու լեզվով` հայերեն եւ անգլերեն` 400 տպաքանակով:
Ռոպերթ Պախչաճեանի Աշխատութիւնը իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագիրներուն մէջ
ԽմբագրելՔիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէն լեզուով ծաւալուն մենագրութիւնը, Պելճիքայի Կանտի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆէսըր Ժ. Դիպոյի առաջարկով, իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագիրներուն մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան ցանկով:
Գիրքը վերջին տասնամեակներու միակ հիմնարար աշխատութիւնն է այս բնագաւառէն ներս: Անիկա հասցէագրուած է յատկապէս բնագիտական քիմիագիտութեան բնագաւառի գիտնականներուն, ճարտարագէտներուն, ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս բնագաւառի հիմնախնդիրներով:
Գիրքը կրնայ ծառայել նաեւ իբրեւ դասագիրք համալսարաններու բնագիտական մասնագիտութիւններու ուսանողներու համար:
Գիրքը 2019-ին տպագրած է բնագիտական եւ ճարտարագիտական գրականութեան ամերիկեան մեծագոյն հրատարակչութիւններէն մէկը՝ «Սիարսի փրէս-Թէյլըր ընդ Ֆրանսիս կրուփ»-ը, Պոգա Ռադոնի (Ֆլորիտա), Լոնտոնի եւ Նիւ Եորքի մէջ։ Անիկա լայն տարածում գտած է նաեւ համացանցով:
Գլխաւոր խմբագիր՝ բնագիտական քիմիագիտութեան քանի մը գիտական մատենաշարերու
ԽմբագրելՔիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեան նախաձեռնողն ու գլխաւոր խմբագիրն է բնագիտական քիմիագիտութեան քանի մը գիտական մատենաշարերու, որոնք լոյս տեսած են համաշխարհային առաջնակարգ գիտական հրատարակչութիւններու կողմէ:
Աղբիւրներ
Խմբագրել- Գիտնականի Աշխատութիւնը Ընդգրկուած է Պելճիքայի Համալսարանի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ[permanent dead link]
- Հայ Գիտնականին Գիրքը Կ՛ընդգրկուի Պելճիքայի Համալսարանի Ուսումնական Ծրագիրին ՄէջՀայ Գիտնականին Գիրքը Կ՛ընդգրկուի Պելճիքայի Համալսարանի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ Archived 2020-11-28 at the Wayback Machine.
- 21-րդ դարու սկիզբը նշանաւոր հայեր : Ներդրում ժամանակակից քաղաքակրթութեան մէջ = Famous armenians at the beginning of the XXI century /