Սահակդուխտ

Առաջին հոգեւոր երգի հեղինակ, երաժիշտ եւ հոգեւոր երաժշտութեան դասատու հայ կինը։

Սահակդուխտի (կամ՝ Սահակադուխտ, 7-րդ դար - 8-րդ դար), 8-րդ դարուն յայտնուած առաջին հոգեւոր երգի հեղինակ, երաժիշտ եւ հոգեւոր երաժշտութեան դասատու հայ կինը։ Դուին մայրաքաղաքի կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Սահակ Երեցի դուստրը եւ Ստեփանոս Սիւնեցիի կրտսեր քոյրը[1]:

Սահակդուխտ
Ծնած է 7-րդ դար
Մահացած է 8-րդ դար
Մասնագիտութիւն երաժիշտ, բանաստեղծուհի

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սահակդուխտի ծննդեան եւ մահուան ճշգրիտ թուականները անյայտ են: Ան սերած է գրասէր ընտանիքէ եւ ուսանած ու կրթուած է Դուինի կաթողիկոսարանի շրջապատէն ներս, ստացած է կանոնաւոր ու բազմակողմանի կրթութիւն:

Սահակդուխտ մեծապէս ազդուած է իր եղբօր հեղինակութենէն եւ անոր բանաստեղծական ու երաժշտական պատրաստութենէն: Ստեփանոս գործնապէս օգտակար դարձած է քրոջը, որուն սորվեցուցած է բանաստեղծութիւն, երաժշտութիւն ու զարկ տուած անոր ընդունակութեան զարգացման:

Սահակդուխտ ինքզինք նուիրած է կուսութեան, մենութեան եւ առանձնութեան: Ան ձգած է աշխարհիկ կեանքը, դիմած է ճգնութեան եւ ապաստան գտած՝ պատմական  Գառնիի մօտակայ ձորի մը քարայրներուն մէջ, հետը տանելով միայն իր սեփական տան քնարը:

Ապաստանած է այն վայրը, ուր իրմէ 400 տարի առաջ Տրդատ թագաւորի քոյրը՝ Խոսրովիդուխտ անցուցած էր իր կեանքը:[2]

Ան հմուտ եղած է ոչ միայն երաժշտական արուեստին մէջ, այլեւ շատ լաւ իմացած է շարականները, յատկապէս «Մեծացուսցէ»ներու տեսակը, ուր կը փառաբանուի Մարիամ Աստուածածինը:

Գործերը

Խմբագրել

Սահակդուխտի գրչին կը վերագրուի Մեծի պահոց շրջանի Խաղաղական ժամուն երգուող «Սրբուհի Մարիամ, սափոր ոսկի…» սկսող շարականը։

Սահակդուխտի միւս ստեղծագործութիւնները յայտնի չեն: Կ'ենթադրուի որ մեզի հասած շարականներու յատկապէս «Մեծացուսցէ»ներու մէկ մասը անոր գրչին արգասիքն է[1]: Որոշ բանասէրներու ենթադրութեամբ անոր կը պատկանի նաեւ Վահան Գողթնացիին նուիրուած յայտնի շարականը, որ աւանդաբար կը վերագրուի Վահան Գողթնացիի քրոջ՝ Խոսրովիդուխտին:

Երաժշտութիւնը որպէս դարմանամիջոց

Խմբագրել

Սահակդուխտ եղած է նաեւ առաջին կինը, որ հայ իրականութեան մէջ աղօթքով եւ երաժշտութեամբ դարմանած է հոգեպէս խանգարուած եւ ջղային վիճակի մատնուած անհատները: Ան հիւանդները դարմանած է երաժշտութեամբ, հաւատալով, որ երաժշտութիւնը կը ներշնչէ, կը հանդարտեցնէ եւ կ'աշխուժացնէ հիւանդը, ինչպէս նաեւ կը սնանէ անոր գիտակցութիւնը, պահելով անոր ամբողջութիւնը արթուն եւ լաւ վիճակի մէջ:

Սահակդուխտ նկատուած է առաջին հայ կին բանաստեղծը, երաժիշտը, երաժշտութեան ուսուցչուհին եւ հոգեբուժը․ հետաքրքրական է անոր կողմէ երաժշտութեան օգտագործումը բժշկութեան մէջ[2]: Սահակդուխտէն ետք, Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ դարեր շարունակ եւ մինչեւ այսօր երաժշտութեան գործածութիւնը կիրարկուած է տարբեր ձեւերով շատ մը հիւանդներու դարմանումի գործընթացին մէջ:

Սահակդուխտի մահէն ետք, անոր գերեզմանը դարձած է ուխտատեղի։ Անոր մասին տեղեկութիւնները մեզի հասած են պատմիչ Ստեփանոս Օրբելեանէն։ Արդի ժամանակներուն, անոր մասին գրած են Ղեւոնդ Ալիշան, Մանուկ Աբեղեան, բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան, Նորայր եպիսկոպոս Պողարեան, Գրիգոր Յակոբեան, Յակոբ Քէօսէեան, Շահան Արծրունի եւ ուրիշներ:

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. 1,0 1,1 «AV Production - Սահակդուխտ»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-07-28-ին։ արտագրուած է՝ 2021-07-28 
  2. 2,0 2,1 «Սահակդուխտ՝ Առաջին Հայ Կին Բանաստեղծը, Երաժիշտը Եւ Հոգեբուժը»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2021-07-07։ արտագրուած է՝ 2021-07-28