Շահան Արծրունի (8 Յունիս 1943(1943-06-08), Պոլիս, Թուրքիա), հայ դաշնակահար։ Երեք ու կէս տարեկանէն Պոլսոյ մէջ երգահան-երաժիշտ մօրաքրոջ՝ Սիրվարդ Գալբագեան- Գարամանուկին շունչին տակ Շահանին փոքրիկ մատները մտերմութիւն մը կը ստեղծեն դաշնամուրին ստեղներուն հետ եւ զինք կը հասցնեն Նիւ Եորքի համաբաւաւոր Ճուլիարտ երաժշտանոցը:

Շահան Արծրունի
Ծնած է 8 Յունիս 1943(1943-06-08) (80 տարեկան)
Ծննդավայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Էսայեան Վարժարան
Ազգային Կեդրոնական Վարժարան
Ստամբուլի համալսարանի պետական կոնսերվատորիա?
Ճուլիարտ Վարժարան
Տեսակ դասական երաժշտութիւն
Մասնագիտութիւն դաշնակահար, երաժիշտ, գրագէտ
Կայքէջ sahanarzruni.com
Sahan Arzruni Audio

Կենսագրութիւն Խմբագրել

Շահան Արծրունի ծնած է Ստամբուլ` 1943 թուականին, կ'ապրի ԱՄՆ: Ան Երգահան-երաժիշտ Սիրվարդ Գարամանուկի քրոջ որդին է:

Շահան Արծրունին Ստամպուլի երաժշտանոցը աւարտելէն յետոյ 1964 թուականին Կիւլպէնկեան կրթաթոշակով յաճախած է Նիւ Եորքի «Juilliard» երաժշտանոցը։ Համերգային գործունէութենէն բացի, Շահան Արծրունին յայտնի է նաեւ՝ իբրեւ ազգային ազգագրական երաժշտութեան մեկնաբան, մանկավարժ, գրող եւ արտադրող։ Իր ձայնագրութիուններով ու կատարումներով դաշնակահարը մասնակցած է ամերիկեան հեռուստատեսութեան PBS կայանի «Around the World in 82», «Gala of Stars» եւ «A Place of Dreams: Carnegie Hall at 100» նշանաւոր հաղորդումներուն, ձայնագրուած է եւրոպական ձայնասփիւռ կայաններով, անոր կատարումները ընդգրկուած են BBC-ի երաժշտական ֆոնտին մէջ։ Ան համերգներով ելոյթ ունեցեր է նշանաւոր բեմերուն վրայ, նուագած է Սպիտակ տունը, Անգլիայի, Դանիայի, Շուէտի եւ Իսլանտայի թագաւորական պալատներուն մէջ։

Դասախօսած է Հարվըրտի, Գոլոմպիայի եւ Միչիկընի համալսարաններուն մէջ, իսկ հայկական շարականներու մասին դասախօսութեամբ հանդէս եկած է Քոնգրեսի գրադարանին մէջ։

  Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդ Հոգշ. Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըգեան իր ուղերձին մէջ կը գրէ. «Արծրունի անզուգական է հայկական երաժշտութեան ժառանգը տարածելու իր առաքելութեան մէջ։ Ան ոչ միայն կը տարածէ մեծն Խաչատուրեանի, Յովհաննէսի եւ անմահ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները, այլ նաեւ՝ Միրզոյեանի, Պապաճանեանի, Մանսուրեանի եւ Զաքարեանի նման յօրինողներու գործերը»։ Հայկական երաժշտութիւնը ծանօթացնելու իր առաքելութեան բերմամբ՝ Արծրունի իբրեւ բազմակողմանի արուեստագէտ եւ մշակոյթի անխոնջ դեսպան, մեծապէս գնահատուեցաւ ամբողջ համերգի ընթացքին։
- Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդ Հոգշ. Տ. Դանիէլ Վրդ. Ֆընտըգեան
 


  New York Concert Review-ի գրախօսականը կ՚ըսէ. «Ծրագիրը լի էր նրբութիւններով եւ նորութիւններով, զորս՝ հիանալի մթնոլորտի մը մէջ՝ Արծրունի վառ գոյներով ի յայտ բերաւ։  


Տարեցներու տան հիմնական հովանաւոր Խմբագրել

Դաշնակահարը կ'աջակցի Հայաստանի մէջ իրականացուող տարբեր ծրագիրներու։ Ան Արամ Խաչատրեանի տուն-թանգարանի ու Վանաձորի Տարեցներու տան հիմնական հովանաւորներէն է։

Ստեղծագործութիւններ Խմբագրել

Ունի 24 ձայնասկաւառակ[1][2]։

Շահան Արծրունի տարիներու երազը իրականացնող երկար ճամբորդութեան մը սկիզբին է: Երազն է ծիածանի գոյներով իրար ետեւէ լոյս ընծայել ութը խտասալիկներու շարք մը, Չուխաճեանէն սկսելով մինչեւ այս օրերը- որ պիտի ընդգրկէ հետեւեալները-

  1. Կոմիտասի դաշնամուրային գործերը
  2. Կոմիտասի ժամանակակիցները
  3. Ալան Յովհաննէսի անտիպ գործերը
  4. Սփիւռքահայ յօրինողներու գործերը
  5. Խաչատուրեանի ամբողջական գործերը
  6. Հայրենի յօրինողները
  7. Հայ կին յօրինողները
  8. Հայ երգահաններու մանուկներու համար գրած գործերը

Առաջին եօթը խտասալիկները պիտի ներկայանան ծիրանի գօտիի եօթը գոյներով, ամբողջացնելէ ետք, այդ գոյները իրար խառնելով կը ստանաս ութերորդը ճերմակ գոյնը՝ որ խորհրդանիշն է մեր ապագայ մանուկներու սպիտակ, պայծառ եւ յուսատու ապագային:

Ալան Յովհաննէսի ստեղծագործութիւններու ձայնագրումը Խմբագրել

Ամերիկահայ երգահան Ալան Յովհաննէսը կեանքի վերջին տարիներուն խնդրած է Շահան Արծրունիէն, որ ան ձայնագրէ իր ստեղծագործութիւնները։ Շահան Արծրունին ոչ միայն ձայնագրած է ստեղծագործութիւնները, այլ նաեւ իր համերգներու ժամանակ կը տարածէ Ալան Յովհաննէսի արուեստը[3]:

Բարեգործական համերգներ Խմբագրել

2017 թուականի Մայիս ամսուն Շահան Արծրունին բարեգործական համերգներով ելոյթ ունեցեր է Գյումրի, Վանաձոր, Բերդ, Աշտարակ, Գորիս եւ Ստեփանակերտ քաղաքներուն մէջ։ Համերգներէն բացի նաեւ վարպետաց դասեր անցկացուցած են, որոնց ընթացքին Շահան Արծրունին խորհուրդներ տուած ապագայ երաժիշտ-կատարողներուն[4][5]։

Պարգեւներ Խմբագրել

1996 թուականին Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Ա-ն Շահան Արծրունիին պարգեւատրած է «Ս. Սահակ» եւ «Ս. Մեսրոպ» բարձրագոյն շքանշանով։

Առ ի գնահատութիւն իր մշակութային անխոնջ ծառայութեան 2015 թ. 5 Սեպտեմբերին ՀՀ Նախագահի հրամանագիրով պարգեւատրուած է Մովսէս Խորենացիի մետալով[6]։

Հայաստանի մշակութային նախարարութեան ներկայացուցիչ Խմբագրել

2003 թուականին, Արամ Խաչատուրեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ, ան նշանակուած է Հայաստանի մշակութային նախարարութեան ներկայացուցիչը։

Ծննդեան 75-ամեակ Խմբագրել

Շահան Արծրունիին ծննդեան 75-ամեակին նուիրուած համերգը, որ Ապրիլ 5-ին տեղի ունեցաւ Նիւ Եորքի Alliance Francaise Florence Gould սրահին մէջ, ողջունուեցաւ ներկայ երաժշտասէր հոծ բազմութեան բուռն ծափահարութիւններով։ Նուագահանդէսը կազմակերպուած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի արեւելեան թեմի առաջնորդարաններու, Հայ օգնութեան ֆոնտի, Հայ ժողովուրդի անմիջական օգնութեան եւ Հայկական ռատիոժամի կողմէ։

Հայաստանի բարեգործական համերգներու ժամանակ Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել

  1. «ՇԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ` ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՐՈԶԻՉԸ»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-07-17-ին։ արտագրուած է՝ 2019-09-26 
  2. «Կոմիտասի հիվանդութեան մասին շատ բան կիմանանք 2017-ին»
  3. Աշխարհահռչակ դաշնակահարը կը ներկայացնէ Ալան Յովհաննէսի կեանքն ու ստեղծագործութիւնը. տեսանիւթ
  4. «Արցախի ժողովուրդը ուշադրութեան արժանի ժողովուրդ է». Շահան Արծրունի (Տեսանիւթ)
  5. ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ՍՏԵՂՆԱՇԱՐԻ ԱՌՋԵՒ
  6. Շ. ԱՐԾՐՈՒՆԻՆ ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ ՄԵՏԱԼՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵԼՈՒ ՄԱՍԻՆ

Աղբիւրներ Խմբագրել

Արտաքին յղումներ Խմբագրել