Սամուէլ Տօքթօրեան
Սամուէլ Տօքթօրեան (լատինատառ՝ Samuel Doctorian, 11 Ապրիլ 1930, Պէյրութ, Լիբանան - 19 Դեկտեմբեր 2016, Փասատինա, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) հայ աւետարանական հովիւ մըն էր[1]։
Սամուէլ Տօքթօրեան | |
---|---|
Ծնած է | 11 Ապրիլ 1930 |
Ծննդավայր | Պէյրութ, Լիբանան |
Մահացած է | 19 Դեկտեմբեր 2016 (86 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փասատինա, Լոս Անճելըս շրջան, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կենսագրութիւն
ԽմբագրելՏօքթօրեան ծնած էր Պէյրութ 1930-ին՝ ջարդէն ազատած ծնողներու զաւակ է։ Երբ վեց տարեկան էր, ծնողները կը տեղափոխուին Երուսաղէմ, ուր կը կոչուի Գողգոթա՝ Երուսաղէմի մօտ այն վայրին մէջ, ուր մահացաւ Յիսուսը, կ'ապրին մինչեւ 1948 թուական։ Ինը տարեկան հասակին, Տօքթօրեան կը նուիրուի քրիստոնէութեան։ Գալով աղքատ ընտանիքէ մը, 14 տարեկան հասակին չկարողանալով շարունակել ուսումը, կը սկսի աշխատիլ կօշիկի արտադրութեամբ Հին Երուսաղէմի արհեստանոցի մը մէջ։ Բայց որոշելով իր կեանքը նուիրել քրիստոնէական քարոզչութեան, կը ձգէ աշխատանքը: 1948 թուականի Արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն ետք, կը կորսնցնէ ամէն ինչ եւ փախստական կը վերադառնայ Լիբանան:
Ան, 16 տարեկան հասակին կը ճամբորդէ Կլասկօ, Սքոթլանտա աստուածաբանութիւն ուսանելու՝ քաղաքի մերձակայքը գտնուող Հուրլեթ Նազարէն քոլէճի մէջ (Hurlet Nazarene College): Աստուածաբանութեան ճիւղը աւարտելէ ետք 1951-ին կը ձեռնադրուի վերապատուելի: Վերադառնալով Միջին Արեւելք, կը վարէ աւետարանչական ծառայութիւն Երուսաղէմի մէջ, այնուհետեւ տեղափոխուելով Յորդանանի Ամման մայրաքաղաքը: Կ'ամուսնանայ 1952 թուականի Ապրիլին՝ Նոյեմի Փաշկեանի հետ: Զոյգը կ'ունենան հինգ զաւակներ:
1952-ի Հոկտեմբերին Սամուէլ Տօքթօրեան աւետարանչական աշխատանք կը տանի ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ գլխաւորաբար Սուրիա (Հալէպ, Դամասկոս), Լիբանան (Պէյրութ, Պուրճ Համուտ), Կիպրոս, Եգիպտոս առանց պատկանելու ոչ մէկ դաւանանքի, այլ իբրեւ անկախ բողոքական-աւետարանական: Կը հիմնէ Կենաց վարժարանը, որբանոց ու Բեթել կեդրոնը Լիբանանի մէջ։ 1960-ական թուականներէն լոյս կ'ընծայէ Պէյրութի մէջ «Աւետարանիչ» պարբերականը։[2]
Տեսիլքի մը արդիւնքով կը հիմնէ 1959-ին «Աստուածաշունչի Հող Առաքելութիւնը» (Bible Land Mission): Կեդրոնը կը գտնուի Երուսաղէմի Գեթսեմանի Պարտէզի մօտ։ Երկարատեւ տարիներ, Վերապատուելի Տօքթօրեանը կ'ունենայ հսկայական աւետարանչական աշխատանք միջազգային գետնի վրայ։ Ան քրիստոնէական վերածնունդ կը քարոզէ աշխարհի աւելի քան 125 երկիրներու մէջ՝ վեց մայր ցամաքամասերու վրայ (Ասիա, Ափրիկէ, Եւրոպա, Աւստրալիա, Հիւսիսային Ամերիկա, Հարաւային Ամերիկա): Բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ հսկայական ծախսերով Աւետարանը կը քարոզէ ամենամեծ բողոքական դաւանանքի եկեղեցիներու մէջ, ինչպես նաեւ ատենէ ատեն կարգ մը կաթողիկէ եւ ուղղափառ եկեղեցիներու մէջ ալ:
Իր հաղորդագրութիւնները կը ներկայացնեն իր առաքելութիւնները եւ անձնական փորձառութիւնները մանրամասն տեղեկագրերով եւ պատկերազարդ նկարներով։ Սամուէլ Տօքթօրեան նաեւ կը կատարէ շարք մը բժշկութիւններ: Պէյրութի մէջ հրատարակած «Աւետարանիչ» պարբերականին մէջ իր քարոզներէ եւ եկեղեցական լուրերէ ու ծանուցումներէ զատ նաեւ կ'արձագանգէ իր միջազգային միսիոնարական գործունէութեան տարբեր երկիրներու մէջ։
1988-ին հրապարակած «The Angels of the Five Continents» գիրքին մէջ կ'ընէ շարք մը միջազգային տեսիլքներ իրեն փոխանցուած հինգ հրեշտակներու կողմէ։[3] Իր կենսագրական գիրքը՝ «The Life Story of Samuel Doctorian Begins at Calvary» կ'արժանանայ բազմաթիւ վերահրատարակումներու աւելի քան 10 լեզուներով։[4] Կ'ունենայ ձայնասփիւռի եւ հեռատեսիլի քրիստոնէական հաղորդումներ, կը հրատարակէ քրիստոնէական գիրքեր ու գրքոյկներ, քասէթ-երիզներ եւ վիտէօ-երիզներ, «The Evangelist» պաբերաթերթը տարբեր լեզուներով։ Կը ձեռնարկէ լայնածաւալ բարեսիրական աշխատանքներու աղքատ խաւերու օգնելով, տարբեր երկիրներու մէջ։
Կը փոխադրուի Քալիֆորնիա։ Իր զաւակը՝ Փօլ Տօքթօրեանը Քալիֆորնիոյ մէջ կը վարէ Փասատինայի Նազովրեցի Հայ Եկեղեցին (Pasadena Armenian Church of the Nazarene):
Վերապատուելի Սամուէլ Տօքթօրեանը կը մահանայ 19 Դեկտեմբեր 2016-ին Փասատինայի մէջ, 86 տարեկան հասակին:
Հրատարակութիւններ
Խմբագրել- My Life Story, 1957
- The Angels of the Five Continents, 1988
- And Then I Saw Him!: Heavenly Beings, Angels, are They Real?, 1990
- God Will Not Fail You: A Life of Miracles in the Middle East and Beyond, 2006 (jointly with Elizabeth Moll Stalcup)
- My Beloved Armenia
- Who Is Jesus