Սարգիս Ալթունեան

Սարգիս Ալթունեան (13 Ապրիլ 1900(1900-04-13), Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - անհայտ), ուսուցիչ եւ խմբագիր։

Սարգիս Ալթունեան
Ծնած է 13 Ապրիլ 1900(1900-04-13)
Ծննդավայր Հաճըն, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է անհայտ
Մասնագիտութիւն ուսուցիչ, Խմբագիր

Ուսում

Խմբագրել

Նախնական ուսումը ստացած է Հաճնոյ Միացեալ ընկերութեան վարժարանին մէջ: Հազիւ շրջանաւարտ, տարագրուած է 1915-ին. յետոյ 1918-ին ֆրանսական բանակին մէջ կամաւոր արձանագրուած է, երկուք ու կէս տարի ետք Կիպրոս անցած, ուր անգլիական հայ որբանոցին (լորտ Մէյրի) մէջ տարի մը ուսուցչութիւն ըրած, ապա անցած՝ Ֆրանսա ու հաստատուած Մարսէյլ (1924): Ինքն է որ Հաճընի Հայրենակցական Միութեան կազմութեան նախաձեռնողը կ'ըլլայ։

Գործեր

Խմբագրել

1928-ին Մայր Մուրատ Պօյաճեանի հետ կը հիմնէ «Հաճըն» ամսագիրը, կէտ նպատակ ունենալով նոր Հաճինի կառուցումը Խ. Հայաստանի մէջ, զոր Ալթունեան Սարգիս ի գին աներեւակայելի զոհողութեանց, ճիգին եւ աշխատանքին 9 տարի կը շարունակէ լոյս ընծայել։

Ալթունեան աշխատակցած է ծածկանուններով Պոլսոյ «Արեւելք»ին, Նիւ Եորքի «Բանուոր»ին, Պէյրութի «Լիբանան»ին, Հար. ամերիկայի «Շիրակ»ին. Գալիֆորնիոյ «Նոր Ուղի»ին։ Մարսէյլի մէջ խմբագրած է «Շեփոր» պարբերաթերթը։ Իր լաւագոյն գործն է «Հաճին»ի բացառիկը։

Աղբիւրներ

Խմբագրել