Սերովբէ Տէրվիշեան

Հայ լեզուաբան եւ հնդեւրոպաբան։

Հ. Սերովբէ վրդ. Տէրվիշեան (10 Յունուար 1846(1846-01-10), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1 Յունուար 1892(1892-01-01), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ լեզուաբան, հնդեւրոպաբան։ Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան անդամ (1864-էն), վարդապետ (1866-էն)։

Սերովբէ Տէրվիշեան
Ծնած է 10 Յունուար 1846(1846-01-10)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1 Յունուար 1892(1892-01-01) (45 տարեկանին)
Մահուան վայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն լեզուաբան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է Կ. Պոլիս։ Ղրկուած է Վիեննայի Մխիթարեան վանքը, ուր իր կրթութիւնը ստացած է։

1864-ին կուսակրօն աբեղայ դարձած է, անդամակցելով միաբանութեան, իսկ երկու տարի ետք՝ վարդապետ ձեռնադրուած։


Սկզբնապէս հրատարակած է կրօնա-բարոյական հարցերու մասին գիրքեր, ինչպէս «Սուրբերու վարքը» (հայատառ թրքերէն, 1870) եւ Ս. Յուստինոսի գործերուն ու վկայութեան գրաբար թարգմանութիւնը՝ «Պատասխանատուութիւնք առաջին եւ երկրորդ եւ պատմութիւն նորին վկայութեան» (1872), աշխարհաբար կարճ ողբերգութիւն մը՝ «Այրի մայրն ու միամօր որդեակը» (1871)։

Տէրվիշեան շուտով ձգած է իր գրական աշխատանքները ու վերադարձած է իր բուն սէրերուն՝ լեզուներուն։ Վանքին մէջ հայերէն (գրաբար), դասական (յունարէն եւ լատիներէն) ու արդի (գերմաներէն եւ ֆրանսերէն) լեզուներու ուսանող մը եղած է։ Այնուհետեւ, շարունակած է իր կրթութիւնը Վիեննայի համալսարանը, ուր սորված է պահլաւերէն (Իրանի հին լեզուն) եւ սանսկրիտերէն (Հնդկաստանի հին լեզուն)։ Անոնցմէ զատ՝ ծանօթ էր օսմաներէնի եւ հին պարսկերէնի։

1877-ին հրատարակած է իր առաջին լեզուաբանական գործը՝ «Հին հայերէն ք-ն», գերմաներէն։ Այս գիրքը առաջինը եղած է լեզուաբանական հետազօտութիւններու շարքի մը, որ երբեք չէ ամբողջացած։ Ան կը պարունակէր այդ տառի քննութիւն մը, այդ տառը ունեցող բոլոր բառերուն ստուգաբանութիւնը եւ «ք» տառի ունեցած վերափոխումները այդ բառերուն մէջ՝ այլ լեզուներու բաղդատութեամբ։

1880ական թուականներուն Հ. Սերովբէ Տէրվիշեան Պոլիս վերադարձած է, ուր 1883-ին հրատարակած է հայկական թուանուններու մասին յօդուածաշարք մը, Եղիա Տէմիրճիպաշեանի «Երկրագունդ» հանդէսին մէջ։

1885-ին լոյս ընծայած է իր հայերէն գլխաւոր գործը՝ «Հնդեւրոպական նախալեզուն»։ Այստեղ ամփոփուած են հնդեւրոպագիտութեան գլխաւոր իրագործումները ու բացատրուած են հնդեւրոպական նախալեզուի հիմնական խնդիրները։ Հեղինակը նաեւ անդրադարձած է հնդեւրոպական հին քաղաքակրթութեան եւ նախնական հայրենիքի խնդրին, ինչպէս եւ հնդեւրոպական լեզուաբանութեան պատմութեան։

Երկու տարի ետք, ան հրատարակած է առաջին հայերէն լեզուաբանական հանդէսը՝ «Լեզու» (1887-1888), զոր ինք լեցուցած է իր յօդուածներով։ Աշխատակցած է Վիեննայի Մխիթարեաններու նորաստեղծ «Հանդէս ամսօրեայ»ին եւ կարգ մը պոլսահայ թերթերու, ուր շարունակած է հրատարակել լեզուաբանական յօդուածներ։

Հռչակաւոր լեզուաբան Հրաչեայ Աճառեան գնահատած է Տէրվիշեանի վաստակը, յատկապէս կարգ մը ստուգաբանութիւններ եւ այն փաստը, որ «Հնդեւրոպական նախալեզու»ի պէս ամփոփ, մատչելի ու պարզ կերպով ներկայացուած գործ մը չէ եղած է ամբողջ եւրոպական գրականութեան մէջ՝ մինչեւ 1885։ Այդ գործը, գրած է Աճառեան, լեզուաբանութեան իր առաջին աղբիւրը եղած է, որուն համար չէ վարանած «իմ առաջին ուսուցիչս» կոչել Մխիթարեան գիտնականը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. «Հ. Սերովբէ ՏԷՐՎԻՇԵԱՆ»։ www.dictionnaires-machtotz.org։ արտագրուած է՝ 2022-08-06 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։