Սիպիլ Պէկթորոսօղլու

Սիպիլ Պէկթորոսօղլու (թրք.՝ Sibil Pektorosoğlu, թրքահայ երգչուհի[1][2]։ Թուրքիոյ պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով պետական եւ անձնական ժողովրդական պատկերասփիւռի ու ձայնասփիւռի կայաններէն սկսան հաղորդուիլ Սիպիլի հայերէն երգերը, ինչպէս նաեւ` «Նամակ»-ի տեսահոլովակը [3]: 2019 Դեկտեմբերէն Սիպիլ կը ներկայացնէ «Sibil la Reine» հայկական զարդերու եւ հագուստի պարագաներու ապրանքանիշը[3]։

Սիպիլ Պէկթորոսօղլու
Անուն Սիպիլ Պէկթորոսօղլու
Կայքէջ http://www.sibilmusic.com/

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Ծնած է եւ կ'ապրի Սթամպուլ: Մայրական կողմէ նախնիները Սվազէն եւ Թոքատէն են, հօրը ընտանիքը պոլսահայ է: Մեծ մայրը՝ Արսէնուհին եւ մեծ հայրը՝ Թորոսը, բազմաթիւ հարազատներ կորսնցուցեր են, գրեթէ ամբողջ ընտանիքը: Արսէնուհիի մայրը, եղբայրները ու երեք տարեկան քոյրը զոհուեր են, 14-ամեայ Արսէնուհին ու իրմէ մէկ տարիով մեծ քոյրը պարտադրաբար ապրեր են մահմետական ընտանիքներու մէջ եւ փրկուեր են: Առաջին իսկ պատեհ առիթին փախեր են Պոլիս: Արսէնուհին Պոլսոյ մէջ ծանօթացեր է մեծ հօրը՝ Թորոսին հետ: Հօրը Թորոսեան ազգանունը դարձեր է Պէկթորոսօղլու [4]:

Երգչուհի Սիպիլ մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, կ'աշխատի Սթամպուլի դրամատուներէն մէկուն մէջ: Սկսեր է երգել փոքր հասակէն եկեղեցական «Սուրբ Վարդանանց» երգչախումբին մէջ։ 2010 թ. Նոյեմբերին հրապարակած է հայալեզու «Սիպիլ» ալպոմը, ուր տեղ գտած են «Տէր Ողորմեա», «Կիլիկիա», «Տեսնեմ Անին եւ նոր մեռնիմ», «Նամակ» եւ այլ երգեր։ Վերջինս մեծ յաջողութիւն գտած է Թուրքիոյ մէջ։ «Նամակ»-ի հիման վրայ նկարահանուած տեսահոլովակը նկարահանուեր է Օզքան Աքսուլառի՝ Թուրքիոյ ամէնայայտնի արտադրողներէն մէկուն աջակցութեամբ եւ առաջին հայալեզու տեսահոլովակն էր, որ ցուցադրուեցաւ թրքական պետական հեռուստատեսութեամբ[5][6]։ 2012 թ. Ապրիլին մրցանակի արժանացեր է Մոսկուայի մէջ կայացած «Արմենիա» մրցանակաբաշխութեան, մէկ ամիս անց, Երեւանի մէջ երգչուհիին շնորհուած Ազգային երաժշտական մրցանակ։

Սիպիլի կատարած «Նամակ»-ը, Յովհաննէս Շիրազի բառերով, «Ծարաւ սէրի», «Տեսնեմ Անին ու նոր մեռնեմ», «Կեանքի մը համար», «Սիրոյ ձայնի» եւ «Յիսուս» երգերը Մաժակ Թոշիկեան (Ճենք Թաշքան, որ փոփ երաժշտութեան ամէնէն յայտնի յօրինողներէն մէկն է[3]) երաժիշտին ստեղծագործութիւններն են [7]:

Համերգներ եւ ելոյթներ

Խմբագրել
  • 15 Մարտ 2011-ին մասնակցած է «Իսթանպուլ Սազենտելերի» համերգին, իբրեւ հիւր արուեստագէտ:
  • 2011-ի ամռան Սիպիլ Հայաստան հրաւիրուած է երգելու համար Համահայկական խաղերու բացման եւ փակման հանդիսութիւններուն, ուր ժողովրդային մեծ ընդունելութեան արժանացած է «Տեսնեմ Անին» երգը:
  • Մարտ 2012-ին դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի ընկերակցութեամբ եւ Մաժակ Թօշիկեանի ղեկավարութեամբ, առաջին անգամ համերգներ տուած է Նիւ Եորքի եւ Լոս Անճելըսի մէջ:
  • 20 Հոկտեմբեր 2012-ին, դարձեալ դաշնակահար Պուրակ Պետիկեանի ընկերակցութեամբ եւ Մաժակ Թոշիկեանի ղեկավարութեամբ, սիմֆոնիք նուագախումբին ընկերակցութեամբ առաջին անգամ համերգ մը տուած է Մոնրէալի մէջ:
  • 21 Յունուար 2013-ին, Պոլսոյ շքեղագոյն սրահներէն՝ «Մասլաք թիմ շով սենթըր»-ին մէջ, Մաժակ Թոշիկեանի ղեկավարած սիմֆոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ, հայաստանցի արուեստագէտ Անտրէի հետ հանդէս եկած է համերգով մը:
  • Օգոստոս 2015-ին, երկրորդ անգամ ելոյթ ունեցած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Համահայկական խաղերուն բացման հանդիսութեան ընթացքին: Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ «Երախտագիտական մետալ»-ով պարգեւատրուած է Համահայկական Խաղերու բերած իր նպաստին համար:
  • 21 Սեպտեմբեր 2014-ին, Հայաստանի անկախութեան 23-րդ տարեդարձին առիթով կազմակերպուած համերգին ընթացքին երգած է Արմէն Տիւանեանի «Արեւներ» մանկապատանեկան համոյթին հետ:
  • 2015-ի Հոկտեմբերին, Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Նիւ Ճըրզիի «Պերկեն» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցած համերգին ելոյթ ունեցած է Նունէ Եսայեանին հետ:
  • Իր մասնակցութիւնը բերած է Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ երաժշտութեան միջոցով արուեստի կամուրջ մը հաստատելու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկին, ի մի բերելով թուրք եւ հայ երաժիշտներ: Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպանատան հովանաւորութեամբ իրականացած այս ձեռնարկին առաջինը տեղի ունեցած է 14 Դեկտեմբեր 2015-ին, Երեւանի, իսկ երկրորդը 22 Դեկտեմբեր 2015-ին, Պոլսոյ մէջ[3]։
  • 1 Հոկտեմբեր 2016-ին, երգչուհի Սիպիլ, Հայաստանի «Տը Պիյութիֆայտ Փրոճէքթ» խումբին հետ Հոլանտայի Ռապոթիթըր Հանկէլօ քաղաքին մէջ համերգ մը ունեգած է: Համերգը կազմակերպուած էր Հոլանտայի Ալմէլօ քաղաքի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Մշակութային կոմիտէին կողմէ[8]:
  • 22 Հոկտեմբեր 2017-ին, կազմակերպութեամբ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի Հայ Կրթական Մշակութային Միութեան եւ Պոլսահայ միութեան միացեալ ճիգերով երգչուհի Սիպիլ եւ հայազգի երգիչ Անտրէ ելոյթ ունեցած են Լոս Անճելըսի «Ուիլշըր Իպէլ» ընդարձակ թատերասրահին մէջ:
  • 2019-ի Պրազիլի Փառատօն:

Սիպիլ համերգներով շրջագայած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ, Եւրոպայի շարք մը երկիրներ, Ռուսիա, Իրան, Լիբանան եւ այլն:

Սիպիլի Առաջին Անզուգական Ելոյթը` Լիբանանի Մէջ

Խմբագրել

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, 4 նոյեմբեր 2016-ին, Տըպպայէի «Էմիլ Լահուտ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի երգահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբը եւ «Գայեանէ» պարի դպրոցի սաները[9]: Դժբախտաբար «Էմիլ Լահուտ» սրահին ձայնային անյարմարութիւնը եւ սարքաւորումներուն խանգարումները չտպաւորեցին ներկաները, որոնք վայելք չապրեցան Սիպիլի կատարումներով: Դրականը այն եղաւ, որ սրահի մուտքին վաճառուած խտասալիկները փրկեցին իրավիճակը բոլոր անոնց համար, որոնք կրցան օրինակ մը ձեռք ձգել Սիպիլի խտասալիկէն [7]:

Մրցանակներ

Խմբագրել

Երգարուեստի մէջ Սիպիլի ունեցած ձեռքբերումները բազմաթիւ են`

  • 7 Ապրիլ 2012-ին, Մոսկուայի մէջ ան արժանացած է «Հայկական երաժշտութեան մրցանք»-ի «Կախարդական ձայն» մրցանակին: Նոյն օրերուն Սիպիլ Հայաստանի մէջ արժանացած է «Հայ երաժշտութիւնը սփիւռքի մէջ պահպանելու առաքելութիւն» յատուկ մրցանակին: Յաջորդաբար, Հայաստանի ամէնէն համբաւաւոր արուեստագէտներէն Անտրէի հետ զուգերգներով Սիպիլ ութ շաբաթ տեւողութեամբ Հ1 պատկերասփիւռի կայանի «Մենք ու մենք» յայտագրին մասնակցած է ու վայելած` մեծ ժողովրդականութիւն:
  • «Հայ երգի դեսպան» (2012):
  • 11 Մայիս 2014-ին «Փալմ սփրինկզ»-ի մէջ առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցաւ «Ամերիկայի համաշխարհային երաժշտութեան մրցանակաբաշխութիւն»-ը: Երկու օր տեւող այս նախաձեռնութիւնը, որ կազմակերպուած էր «Կլոպըլ արթց ինթըրնեշընըլ»-ի եւ «ՈՒՍ Արմենիա»-ի համագործակցութեամբ, «Տը շով» համերգասրահին մէջ, ի մի բերաւ հայ արուեստագէտներ: Սիպիլ, որ տեղ կը գրաւէր այլ հանրածանօթ արուեստագէտներու կողքին, արժանացաւ «Սփիւռքի լաւագոյն երգչուհի» մրցանակին:
  • Օգոստոս 2015-ին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուած է Համահայկական խաղերու բերած իր նպաստին համար:
  • 18 Սեպտեմբեր 2Օ14 թուականին, Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ, տեղի ունեցած է «Սէր» ալպոմին շնորհահանդէսը, որուն վաճառքէն գոյացած հասոյթը Սիպիլի կողմէ յանձնուած է մանկապարտէզի մը: Առ ի գնահատանք իր բարեսիրական եւ հայ երգարուեստի բնագաւառին մէջ կատարած աշխատանքներուն, Սիպիլ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ «Կոմիտաս», իսկ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի կողմէ Երեւանի քաղաքապետարանի ոսկեայ զոյգ մետալներով պարգեւատրուեցաւ [3]:
  • «Ծիծեռնակ»` սփիւռքի պահպանութեան եւ հայ երգը լաւագոյնս տարածելու համար (2017):

Սիպիլ արժանացած է նաեւ շարք մը շքանշաններու եւ պատուոյ գիրերու:

Սկաւառակագրութիւն

Խմբագրել
  • 2010 «Սիպիլ»
  • 2014-ին Սիպիլի «Սէր» խորագրով երկրորդ ալպոմը «Օսսի միւզիք»-ի պիտակով լոյս տեսած է ծանօթ արուեստագէտներու զօրակցութեամբ: Համաշխարհային համբաւի տէր Ջիւան Գասպարեան, համբաւաւոր յօրինող Արա Գէորգեան, երգիչ Անտրէ, Արմէն Տիւանեանի «Արեւներ» համոյթը, Հայաստանի հռչակաւոր փոփ արուեստագէտներ եւ փոփ երաժշտութեան երիտասարդ տաղանդներէն Փեթրօ, Սիպիլի ալպոմին զօրակցութիւն բերած են իրենց ձայնով, յօրինումներով եւ կատարումներով:
  • 2014-ի նոյեմբերին, բեմադրիչ Էօզքան Աքսուլարի եւ տեսաբեմադրիչ Վարոլ Շահինի կողմէ, անուանի երգիչ Անտրէի մասնակցութեամբ, նկարահանումը կատարուած է «Սէր» երգի տեսահոլովակին: Սիպիլի «Սէր» խորագրեալ ալպոմը երաժշտական յայտնի քննադատ Նայիմ Տիլմեների կողմէ ընտրուած է 2014 տարուան լաւագոյն երրորդ ալպոմը:
  • Սիպիլի եւ աւստրալահայ դաշնակահար Արայի առաջին համատեղ տեսահոլովակը` հանրայայտ «Անաստասիա» գծանկարի ամէնասիրուած ստեղծագործութեան` «Once upon a December»-ի cover տարբերակը [10]:

Տեսահոլովակներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել

Աղբիւրներ

Խմբագրել