Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեան, հայ ուսուցիչ, գրող եւ հանրային գործիչ։

Սոնա Սիմոնեան
Ծնած է Եգիպտոս
Ծննդավայր Եգիպտոս
Քաղաքացիութիւն  Եգիպտոս
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն գրագէտ, ուսուցիչ
Աշխատավայր Ուսուցիչ
Ամուսին Սարգիս Զէյթլեան

Կենսագրութիւն

Խմբագրել

Սիմոնեան ծնած է Եգիպտոս, վկայուած Եգիպտոսի տեղական Ամերիկեան համալսարանէն եւ նուիրուած ուսուցչական ասպարէզին։ Ուսուցչական պաշտօն վարած է նախ՝ Գահիրէի, 1962-էն ետք ալ Պէյրութի ազգային վարժարաններուն մէջ:

Ամուսնացած է իր պաշտօնակից եւ «Յուսաբեր» օրաթերթի, յետագային՝ «Ազդակ Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»-ի խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի հետ, որ 1985-ին կ՛առեւանգուի Լիբանանի մէջ՝ իր ազգային-քաղաքական ուղեգիծին համար:

Մտաւորական աշխատանքին կողքին, Սոնա Սիմոնեան-Զէյթլեան նուիրուած է հանրային ծառայութեան:

Այժմ ան կը բնակի Լոս Անճելըս, իր չորս զաւակներուն հետ միասին:

Գործունէութիւն

Խմբագրել

Անոր առաջին ուսումնասիրութիւնը «Հայ կնոջ դերը հայ յեղափոխական շարժման մէջ», «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակին կ՛արժանանայ՝ 1968-ին: Իսկ 1973-ին լոյս կը տեսնէ իր «Մուսա լերան ժողովրդական հեքիաթները», որ իբրեւ բերանացի պատում, անձամբ հաւաքած է Լիբանանի Այնճար գիւղը բնակող մուսա տաղցիներէն:

80-ական թուականներուն, յաջորդաբար կը հրատարակուին աւանդական մեր պատմութեան հերոսներուն կեանքն ու գործը վիպակի ձեւով ներկայացնող իր չորս հատորները՝ «Արի առանց» ընդհանուր խորագրին տակ:

Գաղութներու պատմութեան հանդէպ իր հետաքրքրութեան արդիւնք է վաղ միջնադարեան եւ արդի Եգիպտոսի պատմութեան մէջ հայութեան ներդրումին համապարփակ ուսումնասիրութիւնը: Այդ աշխատանքին հայերէն (2004) եւ անգլերէն (2006) հատորները դրական անդրադարձ կ՛ունենան Գահիրէի պետական համալսարանի հայագիտական բաժնի աշխատանքին վրայ:

Վերջապէս, հայ կնոջ գործունէութիւնը լիովին արժեւորելու իր մնայուն հետաքրքրութեան արգասիքն է «Հայ կնոջ կեանքի ուղիին հետքերով» ուսումնասիրութիւնը, որ կ՛ընդգրկէ հայ կնոջ ներդրումը մեր ազգային կեանքի տարբեր հանգրուաններուն[1]:

Սոնա Զէյթլեան նաեւ գործած է իբր դաստիարակ իր պատկանած կազմակերպութեան՝ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) մէջ ուր երեք տասնամեակ շարունակ դաստիարակչական աշխատանք կատարած է դասախօսութիւններով եւ աշխատանիստերով։ Իր երեսնամեայ վաստակին համար 28 Յունուար, 1991-ին կը պատուուի յատուկ շքանշանով մը ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի մասնաճիւղէն։

Գրականութիւն

Խմբագրել
  • Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ, 1968
  • Մուսա Լերան Ժողովրդական Հեքիաթներ, 1973
  • Արի Առանց Հատորներ —
  1. Ա. Հատոր - Հայկ եւ Արամ Նահապետներ, 1983
  2. Բ. Հատոր - Արա Գեղեցիկ եւ Տիգրան Երուանդեան, 1983
  3. Գ. Հատոր - Արտաշէս Թագաւոր, 1983
  4. Դ. Հատոր - Մուշեղ Մամիկոնեան եւ Գայլ Վահան, 1989
  • Կար ու Չկար

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  • Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ, 1968