Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցի (Կակրա)

Կաղապար:Տեղեկաքարտ Կրոնական կառույց

Կակրայի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցի յաճախ կոչուած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցի, Հայ Առաքելական Եկեղեցի տաճար Աբխազիոյ Կակրա քաղաքի մէջ[1]։

Եկեղեցւոյ Օծումը

Խմբագրել

2013 թ. 5 Նոյեմբերին, ձեռամբ Հարաւային Ռուսաստանի Հայոց թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Մովսէս եպիսկոպոս Մովսէսեանի օծուեցաւ Կակրայի (Աբխազիոյ Հանրապետութիւն) Ամենափրկիչ եկեղեցին։ Օծման արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Հարաւային Ռուսաստանի թեմի 14 քահանայ հայրերը, մասնաւորապէս արժանապատիւ Տ. Մակար աւագ քահանայ Տէրտէրեանը, Տ. Յարութիւն աւագ քահանայ Պայադեանը, Տ. Գրիգորիս քհն. Պօղոսեանը, Տ. Խաչատուր քհն. Եղիազարովը, Տ. Դանիէլ քհն. Կուկույեանը, Տ. Գէորգ քհն. Միրզոյեանը եւ ուրիշներ։ Ներկայ էր նաեւ Ս. Գայիանէ վանքի միանձնուհի քոյր Եղիսաբէթը։

Սուրբ պատարագին մասնակցեցան պետական բարձրաստիճան այրեր՝ Աբխազիոյ Խորհրդարանի նախագահ պրն. Վալերի Բգամբայի գլխաւորութեամբ։ Ներկայ էին նաեւ Հայաստանի ԱԺ պատգամաւոր Արագած Ախույեանը, Աբխազիոյ ազգութեամբ հայ պատգամաւորներ, ներկայացուցիչ Սփիւռքի նախարարութենէն։ Իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Թեմական Խորհուրդի անդամներ՝ Ազատ Ասատուրովը, Նիկոլայ եւ Իլյա Քոչեանները, Գէորգի Պօղոսովը։ Օծման սրբազան արարողութեան ներկայ էին 4-5000 հաւատացեալ հայորդիներ, ո՛չ միայն Աբխազիայէն, այլ նաեւ Ռուսաստանի տարբեր քաղաքներէն (Մոսկուա, Կրասնոտար, Սոչի, Դոնի Ռոստով եւ այլն), ինչպէս նաեւ Հայաստանէն եւ Արցախէն։ Եկեղեցին կառուցուած է ժողովրդական հանգանակութեան շնորհիւ։ Եկեղեցւոյ խաչը 2.1 մեթր բարձրութեամբ տեղադրուած է 2011 թուականին եւ 12 դեկտեմբերին՝ օծուած է ձեռամբ թեմակալ բարեխնամ առաջնորդ Մովսէս եպիսկոպոս Մովսէսեանի Յաւարտ սուրբ պատարագի, Մովսէս Սրբազանն օրհնելով բազմահազար հաւատացեալները, մասնաւորապէս անդրադարձած է անոնցմէ երկուքին՝ տիար Գալուստ Տրապիզոնեանին (որն ի դէպ, Աբխազիոյ ազգային հերոս է) եւ տիար Արկադի Սարգէեանին՝ նշելով անոնց անմնացորդ նուիրումը եկեղեցւոյ կառուցման սրբազան գործին։ Սրբազան հայրը բարձր գնահատած է նաեւ Աբխազիոյ հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տ. Սեդրակ քահանայ Ազնաւուրեանի ազնիւ ծառայութիւնը։ Առանձնապէս կարեւորած է եւ գնահատած թեմական բարերարներ՝ Անդրեյ Ամոսովի եւ Կարէն Գրիգորեանի ներդրումը եկեղեցւոյ կառուցման սրբազան գործին։ Օծումէն եւ Սուրբ պատարագէն յետոյ սկսած է ազգային երգն ու պարը, բաժնուած է աւանդական մատաղը եւ այդ պատմական եւ յիշարժան օրուայ տօնակատարութիւնը շարունակուած է մինչեւ ուշ երեկոյեան։ Այսօր Աբխազիոյ մէջ կ'ապրի 50.000 հայ, հոն կը գործէ 32 հայկական դպրոց։ Աբխազիոյ հայերու մեծ մասը համշէնցի է, գաղթած են Սեւ ծովի հարաւ-արեւելեան ափերէն՝ Տրապիզոնի, Օրտուի եւ Սամսոնի շրջաններէն։ Հայերու հոսքը դէպի Աբխազիա աճած է յատկապէս 1895-96 թ.., 1915-ի հայկական կոտորածներու ժամանակ։ Հայերը Աբխազիոյ մէջ տարածուած են տարբեր գիւղերու մէջ՝ Լաբրա, Ախալշէնի, Աթարա, Պսիրցխա, Մծարա եւայլն։ Մաս մըն ալ կ'ապրի քաղաքներու մէջ՝ Սուխում, Օչամչիրա, Գուդաութա, Կակրա։

Տե՛ս նաեւ

Խմբագրել

Արտաքին Յղումներ

Խմբագրել

Ծանօթագրութիւններ

Խմբագրել
  1. ։ Համաձայն Վրաստանի սահմանադրութեան, Աբխազիան մաս կը կազմէ Վրաստանի։ Սակայն իրականութեան մէջ Աբխազիան չի կառավարուիր Վրաստանի կողմէ։